Խմբագրական Ընտանիքը Հիմք` Մարդկային Եւ Ազգային Հաւաքականութեան (Համատեղելով կանանց եւ ուսուցչաց տօները)
Արդէն սովորութիւն դարձաւ մեր թերթին համար Կիներու միջազգային օրուան եւ Ուսուցչաց տօնի նշումը համատեղելը: Ընդամէնը մէկ օրուան տարբերութեամբ կը յիշուին երկու տօները: Երկուքին պարագային ալ անոնք տօնակատարութենէ աւելի իրաւունքներու պաշտպանութեան սկզբունքին հետ կապուած են: Ատիկա կ՛ենթադրէ ինքնին, որ կայ իրաւազրկումի խնդիր, որ կը շարունակուի սուր կերպով: Երկրորդը աւելի հարուածուած է Լիբանանի մէջ տիրող ֆինանսական ճգնաժամին, տնտեսական քաղաքականութեան բացակայութեան, ընդհանրապէս պետական...




















