Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Ցամաքային Ներխուժման Ձգձգումին Հետ Կապուած Հանգամանքներ

Հոկտեմբեր 26, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան խոստացուած ցամաքային ներխուժումը դէպի Կազա կը յետաձգուի կամ կ՛առկախուի: Քանի մը հանգամանք նկատի պէտք է ունենալ որոշումի գործադրութեան առկախման երեւոյթին դիմաց:

Նախ այն, որ Թել Աւիւը փորձ կը կատարէ  միջազգային  հանրութեան համոզելու, որ ինք կ՛ուզէ տարանջատել ժողովուրդը «ահաբեկչական միաւոր»-էն: Առիթ կու տայ, որ ժողովուրդը տեղաշարժուի դէպի հարաւ:

Այս տարանջատումի փորձը հեզասահ չ՛ընթանար անշուշտ: Նախ այնպէս չէ, որ ժողովուրդը զանգուածային ձեւով կ՛անսայ այս յորդորին եւ կ՛որոշէ հեռանալ իր բնակավայրէն: Երկրորդ, դէպի հարաւը կ՛ենթադրէ դէպի Եգիպտոս, որուն ուղղութեամբ ելքը բաց-փակ վիճակի մէջ է: «Մարդասիրական միջանցք»-ը ըստ էութեան չ՛աշխատիր: Փոխարէնը, ելքը բաց է օտարերկրացիներու համար: Ելքի այս վիճակը քաղաքական դրդապատճառ ունի անշուշտ. նախ կանխարգիլել Կազայի հատուածին ապապաղեստինացումը, ժողովրդագրական իմաստով կամ  ալ ձախողեցնել ժողովուրդ-Համաս իսրայէլեան տարանջատումի մարտավարութիւնը:

Ցամաքային ներխուժման առկախումի այլ հանգամանքներ կան անշուշտ: Իսրայէլը նման արմատական գործողութեան դիմելու պարագային ստացած է փոխսպառնալիք: Նոր ռազմաճակատներու բացում: Այլ խօսքով` Հըզպալլայի կամ Իրանի ներգրաւում պատերազմին: Փոխսպառնալիքներ արձանագրուած են նաեւ այլ հարթութիւններու վրայ: Ռուսիոյ նախագահը խոստացած է զօրակցիլ պաղեստինցիներուն, եթէ Միացեալ Նահանգները զինուորական միջամտութիւն կատարեն:

Փոխսպառնալիքները այս պարագային պէտք է ընկալել զսպիչ գործօններու տրամաբանութեամբ: Ուաշինկթընը յայտարարած է, որ իր ռազմանաւերն ու կործանիչները տարածաշրջան ուղարկուած են  ոչ թէ պատերազմը հրահրելու, այլ պատերազմի յաւելեալ բռնկումները կանխարգիլելու համար: Աւելի՛ն. Ուաշինկթընը պաշտօնապէս առաջարկած է Թել Աւիւին չդիմել ցամաքային յարձակումի, մինչեւ իր զինուժի նոր խմբաքանակներու հասնիլը տարածաշրջան: Այս դիմումը անպայման չի նշանակեր, որ նոր զինուժի հասնելէն ետք է, որ կանաչ լոյս կը տրուի Իսրայէլին յարձակելու: Այս կը նշանակէ, որ կացութեան վերահսկողութենէն դուրս գալու պարագային անկանխատեսելի կը դառնան հետագայ իրադարձութիւններու հետեւանքները:

Ամերիկացի պատանդներու ազատ արձակումը ազդակ է անշուշտ Համասի կողմէ: Անոնց ազատ արձակումը չէր գրանցուեր, եթէ Համասը ներշնչանք չստանար այս պարագային Իրանէն: Իրանն ալ իր հերթին յայտարարած է, որ չի ներգրաւուիր պատերազմին, այնքան ատեն որ Կազայի սահմաններէն դուրս չեն ելած զինուորական գործողութիւնները:

Այդ կեցուածքին համահունչ են հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուող դէպքերը: Սահմանափակ, ընդհատումներով, թէկուզ զոհերով, այնուամենայնիւ համընդգրկունի չվերածուելու կշռոյթներով եւ տարողութիւններով կ՛ընթանան բախումները հարաւային Լիբանանի մէջ:

Փեքինը իր դիրքորոշումը դէպի պաղեստինեան կողմը թեքեցնելէ ետք, ուղղակի առաջադրած էր երկու պետութեան գաղափարը: Փարիզը, դիրքորոշուելով յօգուտ Իսրայէլի, այդուհանդերձ անմիջական հրադադարի անհրաժեշտութեան մասին խօսած էր եւ հակահամաս միջազգային դաշինք կազմելու առաջարկը արծարծած:

Փեքինի վերջին յայտարարութիւնները ուշագրաւ են: Չինաստան խորապէս մտահոգ է տագնապին շարունակական սրումով: Այժմ ամէնէն հրատապ խնդիրն է կանխարգիլել կացութեան հետագայ սրումը եւ աւելի լուրջ մարդասիրական աղէտի յանգիլը:

Այժմ, առանց հիմնական լուծումի երթալու, զինադուլ յայտարարելը ըստ երեւոյթին չի բխիր Թել Աւիւի շահերէն, որ կ՛ուզէ արմատական գործողութիւն մը իրականացնել Համասի նկատմամբ:

Յայտնաբար չ՛աշխատիր«Իսրայէլի պաշտպանութեան իրաւունքը» կարգախօսը, որ ձեւական ըսելաձեւի տպաւորութիւն կը ձգէ պաշտօնական յայտարարութիւններուն մէջ: ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բաց նիստին արդիւնքները չեն գոհացներ Թել Աւիւը, որուն ներկայացուցիչը մարդկային իրաւանց փաստաթուղթերը միջազգային բարձրագոյն ատեաններու մէջ կը պատռէ, ըսել ուզելու համար, որ Իսրայէլի համար նշանակութիւն չունին միջազգային որոշումներն ու բանաձեւերը: Ըսել կ՛ուզէ այդ ձեւով նշանակութիւն չունին զինադուլի կոչերը, կամ աւելի խորքային ու հեռանկարային առումով` երկու պետութիւն ստեղծելու գաղափարը:

Այս բոլորին մէջ Ուաշինկթընը նոր բանաձեւի մը շուրջ կը փորձէ համոզել կողմերը` մարդասիրական դադար: Այս մօտեցումը կը համընկնի նաեւ ցամաքային ներխուժումը առկախելու ամերիկեան յորդորին:

Թել Աւիւ դժգոհ է նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի հիմնական այն միտքէն, թէ Իսրայէլի «ինքնապաշտպանական» յարձակումները չեն արդարացներ պաղեստինցի ժողովուրդի հաւաքական պատիժը: Անոր խօսքին մէջ կար մեղադրանք ուղղուած Իսրայէլին` միջազգային օրէնքի ոտնահարման իրականութեան շեշտումով: Կութիերեսի յայտարարութիւնը` պաղեստինցի ժողովուրդին 50-ամեայ տառապանքին մասին, հունէն դուրս բերած է պաշտօնական Թել Աւիւը, որ այժմ կը պահանջէ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին հրաժարականը:

Փաստ է, որ Իսրայէլը միայն իր ռազմագիտական հաշուարկներէ մղուած չէ, որ չի ձեռնարկեր ցամաքային ներխուժման: Կայ միջազգային արգելանք: Աւելի՛ն. կան Համասի գործողութիւնները դատապարտող, սակայն պաղեստինցի ժողովուրդին իրաւունքները ճանչցող միջազգային դիրքորոշումներ: Ընդ որում, երկու պետութիւն ստեղծելու որոշումը կեանքի կոչելու աշխարհաքաղաքական ուժերու կեցուածքներ:

«Ա.»  

Նախորդը

Հոկտեմբերի Վերջաւորութեան Միշել-Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպում Տեղի Պիտի Չունենայ

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (26 Հոկտեմբեր 2023)

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական  Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք,  Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Խրիմին Վերատիրացում Եւ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւն Տեղի Պիտի Չունենայ»

Օգոստոս 19, 2025
Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ  Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?