Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Պիւտճէն Եւ «Ծայրագաւառային Հայրենասիրութիւն»-ը

Նոյեմբեր 17, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի վարչապետը Ազգային ժողովին մէջ հայրենասիրութիւն յղացքին նոր սահմանում կատարեց: Կեդրոնացաւ հայրենիք-պետութիւն նոյնացումի տեսութեան վրայ: Մանրամասնեց` ըսելով. «Հայրենիքը պետութիւնն է, կը սիրես հայրենիքդ` հզօրացո՛ւր պետութիւնը, եղի՛ր օրինապահ եւ վճարէ` հարկերդ»:

Պետութիւնը  պարզ է, որ ազգի մը կազմակերպուածութեան բարձրագոյն մակարդակն է. համակարգ է, որուն կը ձգտի ամէն ազգ  գերիշխան եւ ազատ ապրելու համար իր հայրենիքին մէջ: Հայրենիքը սակայն, մեր նման ժողովուրդներուն համար, այն սահմանափակ հասկացողութիւնը չէ, ուր պետութիւնը կը գործէ: Հայրենազրկուած ժողովուրդներուն համար հայրենիք հասկացողութեան մաս կը կազմեն նաեւ բռնագրաւեալ տարածքները: Այսօր Հայկական բարձրաւանդակին վրայ չունինք հայկական պետութիւն, Արեւմտահայաստանը հայրենիք է սակայն: Ըստ էութեան 20 սեպտեմբերէն ի վեր չունինք նաեւ պետութիւն Արցախի մէջ, սակայն Արցախը չի դադրիր հայրենիք դաւանուելէ:

Պարզ է, որ այո՛, հայրենասիրութիւն է պետութեան հզօրացման նպաստելը, օրէնքը յարգելն ու հարկեր վճարելը: Բայց միայն այս օրինակներով սահմանելը հայրենասիրութիւնը որոշ վարքագիծ մը կը նախանշէ: Այստեղ կը շրջանցուին ազգային ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող կարեւորագոյն հրատապ խնդիրներ, եւ հայրենասիրութեան յղացքը կը սահմանափակուի հարկ վճարելով կամ օրէնք յարգելով:

Այս շրջանցումը շատ արագ կը հասնի այն կէտին, ուր փորձ կը կատարուի հակադրելու Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի շահերը: «Առնուազն 1996-էն ի վեր Ղարաբաղի հարց այլեւս գոյութիւն չէ  ունեցած, գոյութիւն ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան հարց»: Այս հաստատումին միտք բանին այն է, որ նախորդ իշխանութիւններու արցախեան քաղաքականութիւնը վտանգած է Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնը: Հիմա, Արցախի հարցէն ձերբազատումով հիմը կը դրուի Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխանութեան պահպանման եւ զարգացման:

Այսպէս կը բացատրուի պետական հայրենասիրութիւնը, որ կը հակադրուի իր եզրաբանութեամբ` ծայրագաւառային հայրենասիրութեան: Ծայրագաւառային հայրենասիրութիւնն է, այս տրամաբանութեամբ, որ վտանգած է հայոց պետականութեան կայացումը եւ խնդրոյ առարկայ դարձուցած անոր ինքնիշխանութիւնը:

Ինքնահարցադրումով պետական պիւտճէի ցուցանիշերը արցախեան այսօրուան իրավիճակին հակադրելով, Փաշինեան շատ բացայայտ ըսել կ՛ուզէ, որ  Հայաստանի Հանրապետութեան պիւտճէի ցուցանիշեր ապահովելը աւելի առաջնային խնդիր է, քան Արցախը հայկական պահելը:

Ըստ էութեան տէրպետրոսեանական վարքագիծի վերադարձն է արձանագրուածը: Զարգանալ զիջելով: Ամբողջ խնդիրը այն է, որ այս վարքագիծը օրին կանգնեցուցին հասարակութիւնն ու ուժայինները պահանջելով նախագահի հրաժարականը: Խոր ճգնաժամը այն է, որ այժմ ոչ միայն ուժային համակարգը անհանգստութիւն ցոյց չի տար պետական մակարդակի զիջողականութեան, այլ չի խմորուիր նաեւ հասարակութիւնը:

Ընդհակառակը. կը թուի, որ վարչապետը յենած է ամբոխային տրամաբանութեան վրայ եւ կը շարունակէ համոզել, որ Հայաստանի զարգացման համար արցախեան բեռնաթափումը պայման էր:

Պատահական չէ, որ պիւտճէի օրակարգը օգտագործուած է հայրենասիրութեան նոր յղացքը առաջ քշելու համար: Անիկա շարունակութիւնն է պատմական եւ նոր Հայաստանի, Արագած-Արարատի եւ Զինանշանի խորհուրդներ-ներկայ իրականութիւն կեղծ հակասութիւններու ընդգծման վարքագիծի առարկայացման: Հայ դատի ժամանակավրէպութեան մասին կամ պետութիւն-չպետութիւն արուեստական հակադրութեան օրինակները կը համալրեն այս քաղաքականութեան տարբեր օղակները` 29.800-ի սահմաններուն մէջ ամփոփելու համար երբեմնի ՀՀՇ-ական եւ այժմ նոր փաթեթաւորուած ապագաղափարախօսութիւնը:

Այս բոլորը փուլ առ փուլ կ՛առաջնորդեն սահմանադրական փոփոխութիւններու: Նպատակը` Անկախութեան հռչակագիրին յղում կատարող սահմանադրական բաժինը դուրս բերելն է, որպէսզի 29.800-ը չկաշկանդուի «պատմական իրաւունքներու վերականգնման» կամ «համայն հայութեան իղձերուն կենսագործման» հռչակագրային-սահմանադրական իրաւադրոյթներով: Որպէսզի պետական հայրենասիրութեան տարազին տակ շարունակուի զիջումնային զարգացումը:

«Ա.»

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը Ընդունած Է «Հայաստանի Պաշտպանութեան 2023 Թուականի Օրէնքը»

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (17 Նոյեմբեր 2023)

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?