Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Պաշտօնավարման Ժամկէտներ Եւ Միջազգային Օրակարգեր

December 19, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բանակի հրամանատարին պաշտօնավարման ժամկէտի յետաձգումի օրակարգը հանգուցակէտի վերածուած էր լիբանանեան պետական դաշտին մէջ: Սահմանադրութեան համապատասխան իրաւադրոյթներու մեկնաբանութիւններ, անվտանգային հարցեր, կառավարութեան եւ խորհրդարանի իրաւասութեան դաշտի ճշդումի քննարկումներ եւ այդ ուղղութեամբ պարանաձգութիւններ: Բայց նաեւ` միջազգային ճնշումներ, ֆրանսացի պատուիրակի այցելութեան ընթացքին փոխանցուած պահանջներ եկան համոզելու, որ հարցը, ինչպէս լիբանանեան մակարդակի վրայ ճշդելի որեւէ բանալի խնդիր, ներգրաւած է տարածաշրջանային խաղ թելադրող պետութիւնները:

Առաջին մօտեցումով հրամանատարին պաշտօնավարման երկարաձգումը կապուեցաւ հանրապետութեան նախագահի թեկնածութեան հետ: Գաղտնիք չէ, որ Միացեալ Նահանգները կը զօրակցէին անոր թեկնածութեան` լիբանանեան որոշ կողմեր ուղղորդելով նոյն թեկնածուի անունին արծարծումին իբրեւ նախագահական թեկնածու:

Բանակին վայելած վստահութիւնը, դարձեալ Միացեալ Նահանգներու կողմէ, անոր տրուած աջակցութիւնը զինուորական եւ յատկապէս ֆինանսական առումներով նոյն ուղղուածութիւնը կ՛ընդգծէին: Կար նաեւ ուղղակի թէ անուղղակի այն քարոզարշաւը, որ բանակի հրամանատարին պաշտօնավարման աւարտը երկրին մէջ կը ստեղծէ անվտանգային առումով անորոշութիւն եւ թէ  այս առաջադրանքը ունեցող պետութիւնները կը դադրեցնեն իրենց տարբեր տեսակի աջակցութիւնները, եթէ լիբանանեան կողմը համամիտ չըլլայ երկարաձգելու հրամանատարին պաշտօնավարման ժամկէտը:

Իրադրութիւնները կը յուշեն, որ տակաւին պահը չէ հասունցած նախագահի ընտրութիւնը իրականացնելու: Մինչ այդ իրավիճակի վերահսկողութեան համար բանակը կարեւորագոյն յենասիւնային միաւոր է, որ ստանձնած է սահմաններու պաշտպանութիւնն ու երկրի անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը: Այս յենասիւնի պահպանումն ու կենսունակ գործունէութիւնը պայմանաւորուած են տարբեր տեսակի աջակցութիւններով: Ընդ որում նաեւ ոչ զինուորական գործառոյթներու ստանձնումով: Աջակցողներուն նպատակը բնականաբար երկրի անվտանգութեան եւ կայունութեան գերադասումը չէ: Ժամանակաւոր միջոց, ամենայն հաւանականութեամբ:

Բանակի հիմնական գործառոյթներէն մէկը կապուած է նաեւ սահմանապահութեան: Սահմանապահութիւնը` ապօրինի անցքերով Լիբանան ժամանող գաղթականական ալիքին եւ նոյն ձեւով, յաճախ արկածախնդրական  ուղեւորութիւններով ծովային ելքերուն:

Խնդիրը միջազգային օրակարգ է: Միջազգային ընտանիքին համար հսկայական տնտեսական բեռ, ժողովրդագրական սուր խնդիր, եւ առաջադրուած երկիր ժամանումներու պարագային յաւելեալ ծանրացում տեղական տնտեսութիւններու: Միջազգային ֆինանսաւորումի անհրաժեշտութիւն, կքող տնտեսութիւններու ճգնաժամի խորացման դիմաց:

Սուրիոյ մէջ պատերազմական գործողութիւնները դադրած են: Լիբանանը իր հարաւային հատուածով աւելի պատերազմական վիճակի մէջ է այսօր, քան Սուրիան: Այդուհանդերձ գաղթականական ալիքը կը շարունակէ իր մակընթացութիւնները դէպի Լիբանան, տնտեսապէս հարուած հասցնելով կաթուածահար Լիբանանին, դիմափոխելով անոր ժողովրդագրական պատկերը եւ ստեղծելով ներհասարակական-ընկերաբանական լարուածութիւններ:

Ապօրինի գաղթականութիւնը դէպի Լիբանան կը քաջալերուի միջազգային ընտանիքին կողմէ, որուն հաշուարկներուն մէջ, գէթ տնտեսական հատուածով, ձեռնտու կը թուի այդ զանգուածին Լիբանան տեղակայումն ու վարձատրութիւնը:

Յայտնաբար, բանակը աւելի վճռական գործողութիւններով լծուած է արգելակելու անոնց ապօրինի ելքը, քան ապօրինի հատումը լիբանանեան սահման: Մուտքերը աւելի անարգել են, քան ելքերը փաստօրէն: Իսկ տեղակայումը հետզհետէ կը դառնայ օրինաչափ:

Խորհրդարանի նիստին գրեթէ միաժամանակ տեղի կ՛ունենար այլ նիստ` հրամանատարին եւ Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ եւ Քանատայի դեսպաններուն մասնակցութեամբ: Դեսպանները  կը հաստատէին, որ իրենց ներկայացուցած երկիրները`  յանձնառու կը մնան լիբանանեան բանակին զօրակցութեան, անոր ստանձնած տարբեր պարտականութիւններուն, յատկապէս սահմաններու հսկողութեան առումով:

Եւրոպան ամէնէն ծանր կրողն է ապօրինի գաղթականական ալիքի բարձրացումներուն: Անգարան օրինակ լիարժէք օգտագործեց այս ալիքը Եւրոպային հետ քաղաքական առեւտուր կատարելու համար: Հիմա դեսպանները բանակի այս գործառոյթներու սլաքներուն ուղղութիւնները ճշդելով, Եւրոպային նաեւ ուղերձ կը յղեն, որ բանալին իրենց մօտ է գաղթականական ալիքի մակընթացութիւնն ու տեղատուութիւնը կառավարելու:

Խորհրդարանին մէջ կատարուածը կը յուշէ, որ միջազգային նման օրակարգերով պայմանաւորուած լիբանանեան տնօրինումներու համար աշխատած էր նաեւ տարբեր կողմեր ընդհանուր համաձայնութեան բերելու մեքենան: Որոշ կողմեր կրաւորականութեամբ, այլ կողմեր հանդիսատեսութեամբ, ուրիշներ ալ ուղղակի մասնակցութեամբ յանգեցան այս արդիւնքին` վերստին ընդգծելով, որ լիբանանեան  շրջադարձային հանգուցալուծումներ կը սպասեն միջազգային համաձայնութիւններու:

«Ա.»

Նախորդը

Միրզոյեան Եւ Էրօ Անդրադարձած Են Պաքուի Կողմէ Արցախի Ցեղային Զտման Հետեւանքով Ստեղծուած Իրավիճակին

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (19 Դեկտեմբեր 2023)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.