Newsletter

Եւրոպական Խորհրդարանը Խիստ Կերպով  Կը Քննադատէ Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ  Թուրքիոյ Ապակայունացնող Դերը

Եւրոպական Խորհրդարանը Ազրպէյճանական Կողմին Կոչ Ուղղեց` Վերադարձնելու Հայ Ռազմագերիները

Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան, Հարաւային Կովկասի հետ կապերու գծով պատուիրակութեան ղեկավար Մարինա Քալիւրանտ, Հայաստանի հարցով Եւրոպական խորհրդարանի մնայուն զեկուցող, երեսփոխան Անտրէյ Քովաչեւ եւ Եւրոպական խորհրդարանի Ազրպէյճանի հարցերով մնայուն զեկուցող, երեսփոխան Զելեանա Զովքօ հանդէս եկան միացեալ յայտարարութեամբ` ընդգծելով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման բանակցութիւններու վերսկսման անհրաժեշտութիւնը: Անոնք անդրադարձան 9 նոյեմբերի յայտարարութեան` աւելցնելով, որ պէտք է աւելին ընել անհրաժեշտ հաշտեցման հասնելու համար: «Լեռնային...

Աշոտեան. «Եւրոպական Ժողովրդավարական  Կուսակցութիւնը Կոչ Ուղղած Է  Ազրպէյճանին  Անյապաղ Ազատ Արձակել Ռազմագերիները»

Աշոտեան. «Եւրոպական Ժողովրդավարական Կուսակցութիւնը Կոչ Ուղղած Է Ազրպէյճանին Անյապաղ Ազատ Արձակել Ռազմագերիները»

Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան փոխնախագահ Արմէն Աշոտեան նախանցեալ օր հետեւեալ գրառումը կատարեց. «Այսօր (1 փետրուար 2021 «Ա.») տեղի ունեցաւ Եւրոպական Ժողովրդական կուսակցութեան (ԵԺԿ) Քաղաքական համաժողովի հերթական նիստը, որուն մասնակցելով` ներկայացուցած եմ արցախեան պատերազմէն ետք ստեղծուած շրջանային իրավիճակը, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յանդուգն պահուածքը եւ բարձրաձայնած եմ մեր ռազմագերիներու եւ պատանդներու խնդիրը: Նիստի աւարտին Եւրոպական Ժողովրդական կուսակցութեան տարածած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ նշուած է....

Անցնող 24 Ժամուան Ընթացքին «Քորոնա»  Ժահրին Պատճառով  Արձանագրուած Են 81 Մահացածներ

Անցնող 24 Ժամուան Ընթացքին «Քորոնա» Ժահրին Պատճառով Արձանագրուած Են 81 Մահացածներ

Առողջապահութեան նախարարութեան համաձայն, Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւը անցնող 24 ժամուան ընթացքին հասաւ 2770-ի, իսկ մահացածներունը` 81-ի: Վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ վարչապետարանին մէջ ընդունեց առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասանը, որուն հետ քննարկեց «Քորոնա»-ի համաճարակին վերաբերող զարգացումները, յատկապէս նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստումի փուլին մօտալուտ ըլլալու իրողութիւնը: Նշենք, որ Հասան հաստատեց, որ նախարարութիւնը ամէն ջանք ի գործ...

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց  Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանը

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանը

Երեքշաբթի, 2 փետրուար 2021-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանը, որ վեհափառ հայրապետին զեկուցեց նախարարութեան գործունէութեան մասին, յատկապէս ծանրանալով համաճարակին առնչուած աշխատանքներուն վրայ` նկատի ունենալով, որ ան այս ուղղութեամբ կազմուած պետական յանձնախումբին անդամ է: Հանդիպումին ընթացքին վեհափառ հայրապետը ընդգծեց նաեւ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կառավարութիւն մը կազմելու կարեւորութիւնը: Ան հաստատեց, որ քաղաքական տարբեր ուժերը պէտք...

«Լեռնային Ղարաբաղի Պատերազմի Գերիները  Պէտք Է Անյապաղ Ազատ Արձակուին»  Կը Յայտարարեն ՄԱԿ-ի Փորձագէտները

«Լեռնային Ղարաբաղի Պատերազմի Գերիները Պէտք Է Անյապաղ Ազատ Արձակուին» Կը Յայտարարեն ՄԱԿ-ի Փորձագէտները

ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու հարցերով փորձագէտները կոչ ուղղած են` անյապաղ ազատ արձակելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի վերջին փուլի պատերազմական գերիներն ու միւս գերիները, ինչպէս նաեւ ընտանիքներուն յանձնելու մահացած անձերու աճիւնները, որպէսզի անոնք յուղարկաւորուին` համաձայն մշակութային աւանդութիւններու: «Արմէնփրես»-ի փոխանցումով, այս մասին կը յայտնէ ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակը: «Բոլորը, որոնք տագնապին հետեւանքով զրկուած են ազատութենէ, պէտք է վերադարձուին իրենց տունը, իսկ սպաննուածներու...

Վաղարշակ Յարութիւնեանն Ու Սերկէյ  Շոյկուն Քննարկած Են Հայ-Ռուսական  Հրամանատարական Բանակցութիւններու Արդիւնքները

Վաղարշակ Յարութիւնեանն Ու Սերկէյ Շոյկուն Քննարկած Են Հայ-Ռուսական Հրամանատարական Բանակցութիւններու Արդիւնքները

Ռուսական կողմին նախաձեռնութեամբ 1 փետրուարին տեղի ունեցած է  հեռաձայնային հաղորդակցութիւն Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեանի եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի միջեւ: Նախարարները քննարկած են նախորդ շաբաթ տեղի ունեցած հայ-ռուսական երկկողմանի ռազմական համագործակցութեան ուղղութիւններով հրամանատարական բանակցութիւններու արդիւնքները, ինչպէս նաեւ յետպատերազմեան շրջագիծին մէջ Հայաստանի անվտանգային խնդիրներու լուծման ընթացքը: Նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեան գոհունակութիւն յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի գործունէութեան...

Կաթողիկոսարանը Կը Շարունակէ  Իր Օժանդակութիւնը

Կաթողիկոսարանը Կը Շարունակէ Իր Օժանդակութիւնը

Երէկ Արամ Ա. կաթողիկոս հետեւեալ գրառումը կատարեց դիմատետրի վրայ. Այսօր կաթողիկոսարանը շարունակեց Լիբանանի հայ համայնքի կարիքներուն իր օժանդակութիւնը: Այս անգամ մեր օժանդակութիւնը կեդրոնացաւ կրթական, կրօնական, ընկերային եւ մշակութային կառոյցներուն վրայ: Համայնքի կեանքին առանցքը իր կառոյցներն են: Անհրաժեշտ է, որ մեր կառոյցները ըլլան կազմակերպ ու ինքնաբաւ, որպէսզի անոնց աշխուժ գործունէութեամբ համայնքը դառնայ կենսունակ: Արդ, անոնք, որոնք մասնակից կը դառնան մեր կառոյցներուն...

Համատ Հասանի Հետ Հանդիպելով`  Վ. Օհանեան-Գէորգեան Արծարծեց Հայահոծ  Շրջաններու Եւ Հայկական Կառոյցներու Հետ  Առնչուող Խնդիրներ

Համատ Հասանի Հետ Հանդիպելով` Վ. Օհանեան-Գէորգեան Արծարծեց Հայահոծ Շրջաններու Եւ Հայկական Կառոյցներու Հետ Առնչուող Խնդիրներ

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասանի հետ եւ արծարծեց հայահոծ շրջաններու, հայկական ընկերային-առողջապահական կեդրոններու, ինչպէս նաեւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան հետ կապուած խնդիրներ: Նախ եւ առաջ Վ. Օհանեան-Գէորգեան ներկայացուց որոշ պահանջներ` հայկական կառոյցներու հետ առողջապահութեան նախարարութեան գործակցութեան եւ անհրաժեշտ օժանդակութեան վերաբերող: Ապա նկատի ունենալով Մեթնի շրջանի բնակիչներու մեծ թիւի գոյութիւնը`...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

4 hոկտեմբեր 2020-ից, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան հաստատումով եւ հովանաւորութեամբ` սկսուեց Ազրպէյճանի կողմից սանձազերծած պատերազմի արդիւնքում տեղահանուած արցախցի ընտանիքների օժանդակութեան ծրագիրը, որը իրականացուեց եւ դեռ շարունակւում է մի քանի ուղղութիւններով եւ փուլերով: Ծրագիրը իրագործւում է ՀՄԸՄ-ի աշխարհասփիւռ կառոյցի եւ անհատ նուիրատուների նուիրատուութեամբ: Ստորեւ ներկայացուած է ծրագրի արդիւնքները ամփոփուած մինչեւ 2021 թուականի յունուարի 31-ը. - Հոկտեմբեր 4, 2020-ից...

Երեք Անուն, Երեք Գոյն

Հաղորդագրութիւն

2009 թուականին հիմնուեցաւ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը` հովանաւորութեամբ եւ բարերարութեամբ տէր եւ տիկին Կարպիս եւ Լիւսի Թիւթիւնճեաններուն: Անցնող 11 տարիներուն ցուցասրահը ծաւալեց մշակութային գործունէութիւն` դառնալով արուեստի հարազատ օճախ մը լիբանանահայ, հայրենի եւ արտասահմանի հայ արուեստագէտներուն համար: Ցուցասրահը հիւրընկալեց նաեւ արաբ եւ օտար մեծ թիւով արուեստագէտներ: Ցուցասրահը դարձաւ նաեւ երիտասարդ տաղանդներ քաջալերող կառոյց մը, ինչպէս նաեւ գրական ու մշակութային հանդիպումներու գեղեցիկ...

Ակնարկ.  Թրքական Թափանցումներ  Եւ Կտրուկ Անցումներ

Ակնարկ. Թրքական Թափանցումներ Եւ Կտրուկ Անցումներ

Թրիփոլի քաղաքը իւրայատուկ է յատկապէս ընկերային խնդիրներու դէմ բողոքի գործողութիւններ սանձազերծելու, արագօրէն քաղաքամէջի կեանքը անդամալուծելու, իրաւապահ մարմիններու հետ բախումներ ունենալու եւ վաճառատուներու ու հաստատութիւններու ուղղութեամբ խափանարարական աքթեր հրամցնելու առումներով: Ժողովրդային ցասումի ամէնէն թէժ օրերուն Թրիփոլիի մէջ բողոքի գործողութիւններու ոճի կտրուկ փոփոխութիւնը նախանշեց ամբողջ երկրի տարածքին Թրիփոլիի հրամցուցած ոճի որդեգրումը` յատկապէս պետութեան պատկան կեդրոններու վրայ յարձակումներ իրականացնելու առումով: Թրիփոլիի  հրապարակը շարժումի...

Նիկոլ Փաշինեան Յայտարարեց, Որ Այս Փուլին Ղարաբաղի Հարցը Դիւանագիտական Լուծում Չունի

Իշխան Սաղաթէլեան. «Նիկոլ Փաշինեանի Նպատակն Էր Պատերազմի Պատրանքով Յանձնել Շուշին, Ու Ինքը Ատիկա Կատարած Է»

«Մենք գործ ունինք անամօթ, դաւաճան մարդու մը հետ, որ ամէն անգամ կը փորձէ ամբոխահաճութեան միջոցով բան մը ըսել, յետոյ արդարացնել, յետոյ փորձել ժողովուրդը մոլորեցնել», Շուշիի մասին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի շաբաթ, 30 յունուարի ուղիղ եթերը այսպէս մեկնաբանեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան: «Ակնյայտ է, որ այդ մարդու գործունէութեան պատճառով մենք կորսնցուցինք Արցախի 75 առ հարիւրը, մասնաւորապէս, նաեւ Շուշի քաղաքը:...

Դաւիթ Իշխանեան. «Մեր Պայմանաւորուածութիւնները  Խախտուեցան Արայիկ Յարութիւնեանի Կողմէ»

Դաւիթ Իշխանեան. «Մեր Պայմանաւորուածութիւնները Խախտուեցան Արայիկ Յարութիւնեանի Կողմէ»

Հայաստանի Հանրապետութիւնը չկրցաւ Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորի իրական դերը ստանձնել, եւ այսօր շատ լուրջ հարցականի տակ են անվտանգութեան երաշխիքները, զանոնք միայն ռուս խաղաղապահներուն ձգելը բաւարար չէ: Այս մասին «Փաստինֆօ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանը: Վերջինս վստահեցուց, որ մեր ժողովուրդը պէտք է զգայ Հայաստանի Հանրապետութեան` իբրեւ համայն հայութեան իղձերու իրականացման կեդրոնի, այդ երաշխաւորի դերն ու...

Մոսկուայի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հայաստանի,  Ռուսիոյ Եւ Ազրպէյճանի  Փոխվարչապետներու Ժողովը

Մոսկուայի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հայաստանի, Ռուսիոյ Եւ Ազրպէյճանի Փոխվարչապետներու Ժողովը

Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի փոխվարչապետներ Մհեր Գրիգորեան, Ալեքսէյ Օվերչուք եւ Շահին Մուսթաֆա շաբաթ, 30 յունուարին Մոսկուայի մէջ գումարած են եռակողմ աշխատանքային խումբի առաջին նիստը: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք Արմենիան»` յղում կատարելով Ռուսիոյ կառավարութեան մամլոյ ծառայութեան: Նիստի ընթացքին քննարկուած են Ազրպէյճանի նախագահի, Հայաստանի վարչապետի եւ Ռուսիոյ նախագահի 9 նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութեան 9-րդ կէտի գործադրումէն բխող միացեալ աշխատանքի հիմնական ուղղութիւնները, ինչպէս...

Երեսփոխան Բագրատունի Կը Գուժէ Միշել Մըրի Մահը

Երեսփոխան Բագրատունի Կը Գուժէ Միշել Մըրի Մահը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի գուժեց երեսփոխան Միշել Մըրի մահը` դիմատետրեան իր էջին ընդմէջէն կատարելով հետեւեալ գրառումը. «Երեսփոխան Միշել Մըրի կորուստով Լիբանան կը կորսնցնէ իր արդի պատմութեան հիմնասիւներէն մէկը եւ բառին իսկական իմաստով պետական անձնաւորութիւն մը: Ան Մարդ անձնաւորութիւնն է, բարեկամը, մտերիմն ու հաւատարիմը: Միշել Մըրի մահով ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը կորսնցնէ բարեկամ մը, որ շուրջ 55 տարի...

Երեսփոխան Միշել Մըր Մահացաւ

Երեսփոխան Միշել Մըր Մահացաւ

Երէկ իր մահկանացուն կնքեց երեսփոխան Միշել Մըր, որ նախապէս ստանձնած է փոխվարչապետի, ներքին գործոց նախարարի, պաշտպանութեան նախարարի, հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարի եւ բնակարանային հարցերու նախարարի պաշտօնները: Ան նախագահած է 14 խորհրդարանական յանձնախումբերու, որոնք ունէին ելեւմտական, տնտեսական եւ ապրուստի բնոյթ: Մասնակցած է նաեւ Ազգային երկխօսութեան նիստերու: 89 տարեկան Միշել Մըր իր կեանքին 60 տարիները անցուցած է լիբանանեան ազգային, քաղաքական եւ տնտեսական մարզերուն...

Թրիփոլիի Մէջ Երէկ Գիշեր Ցուցարարներ  Դարձեալ Քարկոծեցին Սերայն Ու Լիբանանեան Բանակը

Թրիփոլիի Մէջ Երէկ Գիշեր Ցուցարարներ Դարձեալ Քարկոծեցին Սերայն Ու Լիբանանեան Բանակը

Թրիփոլիի հետ զօրակցութեան պիտակին տակ երէկ կէսօրին մեծ թիւով ցուցարարներ Պէյրութի Նահատակաց հրապարակէն ուղղուեցան Թրիփոլիի «Նուր» հրապարակ: Լիբանանեան բանակը ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրեց «Նուր» հրապարակին վրայ եւ փակեց հրապարակ տանող բոլոր ճամբաները` կացութիւնը իր հակակշիռին տակ պահելու նպատակով: Յետմիջօրէին արդէն իսկ Թրիփոլի հասած ցուցարարները, որոնք հրապարակին վրայ իրենց բողոքի ցոյցը սկսած էին, քանի մը ժամ ետք` երեկոյեան շուրջ ժամը 7:00-ին...

Մաքրոն Նախագահ Աունին Յայտնեց  Ֆրանսայի Մնայուն  Զօրակցութիւնը Լիբանանին

Մաքրոն Նախագահ Աունին Յայտնեց Ֆրանսայի Մնայուն Զօրակցութիւնը Լիբանանին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շաբաթավերջին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան ընթացքին վերաբերող մանրամասնութիւններ: Մաքրոն յայտնեց, որ Ֆրանսա միշտ կը զօրակցի Լիբանանին, յատկապէս երկրին դիմագրաւած ներկայ պայմաններուն մէջ: Ան Ֆրանսայի պատրաստակամութիւնը յայտնեց Լիբանանին օժանդակելու գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ, ի մասնաւորի` կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին առումով: Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց...

«Պիտի Գայ Պահը Վերականգնելու Արցախի Իրաւունքներն Ու Ամբողջական Սահմանները».

«Պիտի Գայ Պահը Վերականգնելու Արցախի Իրաւունքներն Ու Ամբողջական Սահմանները».

Ստորեւ կը ներկայացնենք «Դրօշակ»-ի յունուար 2021-ի թիւին մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի հետ կատարուած հարցազրոյցը:  «ԴՐՕՇԱԿ».- Այս հարցազրոյցով պիտի ուզէինք կատարել անցնող տարուայ ընդհանուր ամփոփումը, սակայն մեր երկրին ու ժողովրդին պատուհասած ողբերգութիւնը, ցաւօք, թելադրում է կենտրոնանալու որոշակի իրադարձութիւնների վրայ: 2020 թուական մուտք գործեցինք, երբ միջին արեւելեան մեր համայնքները կ՛անցնէին բազում ցնցումներից, եւ հայութեան կողմից շարունակւում էր այդ բեռը...

Յարգանքի Տուրք` Արամ Մանուկեանի Յիշատակին.  Արսէն Համբարձումեան. «Եթէ Արամը Կրցաւ`  Այսօր Եւս Կարելի Է Հաւատալ  Մեր Ժողովուրդի Արարող Ուժին»

Յարգանքի Տուրք` Արամ Մանուկեանի Յիշատակին. Արսէն Համբարձումեան. «Եթէ Արամը Կրցաւ` Այսօր Եւս Կարելի Է Հաւատալ Մեր Ժողովուրդի Արարող Ուժին»

Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադիրներէն Արամ Մանուկեանի յիշատակի օրը, դաշնակցական եւ պետական մեծ գործիչի արձանին մօտ երէկ` ուրբաթ, 29 յունուարին յարգանքի տուրք մատուցած եւ ծաղիկներ խոնարհած են ՀՅԴ անդամները: ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Արսէն Համբարձումեան ըսաւ, որ հաւաքուած են իրենց խոնարհումը բերելու նորագոյն ժամանակաշրջանի հայոց պատմութեան ամէնէն կարկառուն, ամէնէն երեւելի, միաժամանակ նաեւ տակաւին քիչ գնահատուած մեծագոյն հայու` Արամ Մանուկեանի  յիշատակին: «20-րդ դարու...

Page 52 of 256 1 … 51 52 53 … 256