Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Թրքական Թափանցումներ Եւ Կտրուկ Անցումներ

Փետրուար 1, 2021
| Newsletter, Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թրիփոլի քաղաքը իւրայատուկ է յատկապէս ընկերային խնդիրներու դէմ բողոքի գործողութիւններ սանձազերծելու, արագօրէն քաղաքամէջի կեանքը անդամալուծելու, իրաւապահ մարմիններու հետ բախումներ ունենալու եւ վաճառատուներու ու հաստատութիւններու ուղղութեամբ խափանարարական աքթեր հրամցնելու առումներով:

Ժողովրդային ցասումի ամէնէն թէժ օրերուն Թրիփոլիի մէջ բողոքի գործողութիւններու ոճի կտրուկ փոփոխութիւնը նախանշեց ամբողջ երկրի տարածքին Թրիփոլիի հրամցուցած ոճի որդեգրումը` յատկապէս պետութեան պատկան կեդրոններու վրայ յարձակումներ իրականացնելու առումով: Թրիփոլիի  հրապարակը շարժումի սկիզբը դիպաշարներուն հետեւողներուն ներկայացաւ համերգային-փառատօնային դիմագիծով: Ա՛յս ոճն էր, որ տեղի տուաւ զանգուածային անկարգապահութեան, քաղաքացիական անհնազանդութեան եւ խափանարարութեան` ազդարարելով երկրի տարածքին նոյն ոճի որդեգրման մեկնարկը:

Ընկերայինէն քաղաքացիական եւ ապա քաղաքական, եւ համերգային-փառատօնայինէն խափանարարական` թէ՛ բովանդակութեան եւ թէ՛ ոճի անցումները յայտնապէս Թրիփոլիի մէջ ձեւաւորուեցան, տարբեր փուլերու  համոզելով համակարգումի կամ  ներշնչման աղբիւրի գոյութիւնը:

Թրիփոլիի քաղաքացիական բաղադրութիւնը մանրադիտակի տակ պէտք է առնել` կարելիի սահմաններուն մէջ առարկայական եզրայանգումներ կատարելու համար: Սիւննի համայնքի գերակայութեամբ ապրող Լիբանանի երկրորդ քաղաքը երկար ատենէ ի վեր յայտնուած էր Անգարայի ուշադրութեան կիզակէտին: Լիբանանի հիւսիսային այս շրջանին եւ իր արուարձաններուն մէջ կ՛ապրին նախ իրենք զիրենք Օսմանեան կայսրութեան շառաւիղ նկատողները եւ ապա ուղղակի թուրքմեն ծագում ունեցող ազգաբնակչութիւնը: Այս պարարտ ենթահողի գոյութիւնը նախ պէտք է նկատի ունենալ` հասկնալու համար Թրիփոլիի իբրեւ թիրախային միջավայրի ընտրութիւնը Անգարայի կողմէ: Այնուհետեւ, քաղաքացիութեան շնորհում,  ուսանողներու հաւաքագրում եւ ուսանողական գործուղում դէպի Թուրքիա, օսմանեան վարիչներու արձաններու կանգնման ծրագիրներ, թուրք դեսպանի յաճախակի այցելութիւն, թրքամէտ եւ պաշտօնապէս Անգարայի վարիչներու շահերուն սպասարկող անձնաւորութիւններու ընտրութիւն քաղաքապետական խորհուրդի կազմերուն մէջ, դպրոցներու վերանորոգման, բացման իրականացումներ` կը  կազմեն պետական ծրագիրի մը տեսանելի բաժինին մէկ մասը միայն:

Չափազանցուած պէտք չէ նկատել այն, որ Թուրքիոյ տարածաշրջան մուտքի մէկ կարեւոր դուռն է այս շրջանը, որ Լիբանանի պետական կեանքին առնչուած զանազան գործընթացներուն վրայ նկատառելի ազդեցութիւն կ՛աշխատի ունենալ: Թրքական բացայայտ թափանցման եւ ազդեցութեան գօտիի ձեւաւորման այս վարքագիծի օրինակներն ուծալքերը բազմաթիւ են: Կը թուի այլեւս, որ երկրորդ կարծիք չկայ առ այն, որ այս շրջանը ամէնէն շատ Թուրքիոյ ազդեցութիւնը կը կրէ: Այս տեսութիւնը կ՛ենթադրէ նաեւ, որ տուեալ քաղաքը կը շարժի, կը զսպուի, կը գրոհէ կամ կը նահանջէ ազդեցութեան կեդրոնի ներշնչումներէն թելադրուած:

Ուշագրաւ էր Թրիփոլիի դէպքերուն յաջորդ օրնիսկ Լիբանանի մէջ թուրք դեսպանին այցելութիւնը ընթացիկ աշխատանքներ վարող վարչապետին` յայտնելու համար իր երկրին պատրաստակամութիւնը Թրիփոլիի կրած վնասները վերացնելու եւ յատկապէս հրկիզուած քաղաքապետարանի շինարարական աշխատանքները ստանձնելու:

Խնդիրը անշուշտ միայն քաղաքական առաւել շահելու տրամաբանութեամբ չի մեկնաբանուիր: Եթէ կ՛ընդունինք այս քաղաքի շարժիչ եւ զսպիչ հիմնական գործօնի տեսակէտը, ապա բանաձեւը աւելի պարզացնելու համար պիտի համոզուինք, որ Թրիփոլիի մէջ խափանարարութիւն հրահրողը, քաղաքապետարան հրկիզողն ու հիմա վնասները դարմանելու պատրաստակամութիւն յայտնողը միեւնոյն կեդրոնն է:

Փառատօներով սկսած եւ պետութեան պատկան կեդրոններու հրկիզումով տակաւին չաւարտող այս վարքագիծի քաղաքական ծալքերուն պէտք է վերահասու դառնայ նախ լիբանանեան քաղաքական դաշտը, զուգահեռ` անվտանգութեան համակարգը եւ վերջապէս հանրութիւնը:

Կը թուի սակայն, որ վերահասու դառնալու եւ իրադրութիւնները ճիշդ գնահատելու մօտեցումներէն հեռու են տակաւին այս օղակները: Յայտնաբար թափանցման եւ ազդեցութեան գօտիի ձեւաւորման այս վարքագիծը նոր թափ հաւաքած ըլլալու նախադրեալները կը պարզէ: Եւ այս պարունակին մէջ ներքին ապահովութեան ուժերու սպայակազմին հրամցուող թրքերէնի ուսուցման դրոյթի հաստատումը այդ վարքագիծի շարունակման մէկ օրինակն է պարզապէս:

Շատ կտրուկ ու արագ էր համերգայինէն խափանարարութեան անցումը: Շատ կտրուկ եւ արագ կրնայ ըլլալ նաեւ ապահովական համակարգին մէջ լեզուական ուսուցումէն եւ դասընթացքէն դէպի ապահովական գործընթացներու վերահսկողութեան անցումը:

«Ա.»

Նախորդը

Իշխան Սաղաթէլեան. «Նիկոլ Փաշինեանի Նպատակն Էր Պատերազմի Պատրանքով Յանձնել Շուշին, Ու Ինքը Ատիկա Կատարած Է»

Յաջորդը

Ըստ Իսրայէլեան Պատկերասփիւռի 13-րդ Կայանին. Նեթանիահու Այս Ամսուան Կիսուն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ Եւ Պահրէյն Պիտի Այցելէ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ա՛յլ Պարզաբանումներու Պահանջներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ա՛յլ Պարզաբանումներու Պահանջներ

Յունուար 30, 2023
Եգիպտոս Չէզոք Միջնորդութիւն Կ՛առաջարկէ  Հայ-Ազրպէյճանական Տագնապի Լուծման Համար
Գլխաւոր լուրեր

Եգիպտոս Չէզոք Միջնորդութիւն Կ՛առաջարկէ Հայ-Ազրպէյճանական Տագնապի Լուծման Համար

Յունուար 30, 2023
Ֆրանչիսկոս Պապը Վերանորոգեց Բերձորի  Միջանցքի Մասին Իր Կոչը` Արցախահայերուն  Կացութիւնը Նկատելով Անմարդկային
Գլխաւոր լուրեր

Ֆրանչիսկոս Պապը Վերանորոգեց Բերձորի Միջանցքի Մասին Իր Կոչը` Արցախահայերուն Կացութիւնը Նկատելով Անմարդկային

Յունուար 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In