Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համատ Հասանի Հետ Հանդիպելով` Վ. Օհանեան-Գէորգեան Արծարծեց Հայահոծ Շրջաններու Եւ Հայկական Կառոյցներու Հետ Առնչուող Խնդիրներ

Փետրուար 2, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասանի հետ եւ արծարծեց հայահոծ շրջաններու, հայկական ընկերային-առողջապահական կեդրոններու, ինչպէս նաեւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան հետ կապուած խնդիրներ:

Նախ եւ առաջ Վ. Օհանեան-Գէորգեան ներկայացուց որոշ պահանջներ` հայկական կառոյցներու հետ առողջապահութեան նախարարութեան գործակցութեան եւ անհրաժեշտ օժանդակութեան վերաբերող:

Ապա նկատի ունենալով Մեթնի շրջանի բնակիչներու մեծ թիւի գոյութիւնը` ան պահանջեց աւելցնել «Քորոնա»-ի դէմ պատուաստումի կեդրոններուն թիւը, ինչպէս նաեւ հաշուի առնել պատուաստ ստանալու աւելի հասանելի միջոցներ, յատկապէս տարիքային որոշ սերունդի մը համար:

Համատ Հասան խոստացաւ շուտափոյթ քայլերու դիմել` համապատասխան լուծումներ ապահովելու համար:

Վ. Օհանեան-Գէորգեան. «Արտերկրի Մէջ Լիբանանը Ներկայացնող
Մարզական Խումբերը Իբրեւ Առաջնահերթութիւն
Ներառուած Պիտի Ըլլան «Քորոնա»-ի Դէմ Պատուաստումին Մէջ»

Հանդիպումէն ետք Վ. Օհանեան-Գէորգեան յայտնեց, որ Համատ Հասանի հետ քննարկած է նաեւ զոյգ նախարարութիւններուն վերաբերող շարք մը միացեալ հարցեր:

Ան հաստատեց, որ Համատ Հասանի հետ համաձայնութիւն գոյացուցած է շարք մը դասաւորումներու շուրջ, որոնք կը վերաբերին արտերկրի մէջ Լիբանանը ներկայացնող մարզական խումբերուն:

«Այդ դասաւորումները կը ներառեն ճամբորդող մարզիկներուն «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութիւնները կատարել առողջապահութեան նախարարութեան հաշուոյն` ճամբորդութենէն 48 ժամ առաջ, ինչպէս նաեւ այդ խումբերուն մարզիկները իբրեւ առաջնահերթութիւն նկատի ունենալ «Քորոնա»-ի դէմ պատուաստումին մէջ, պայմանով որ այդ պահանջները քննուին նաեւ «Քորոնա»-ի դէմ պայքարող լիբանանեան ազգային շտապին կողմէ», ըսաւ ան:

Վ. Օհանեան-Գէորգեան յայտնեց նաեւ, որ նախարարութիւնը պիտի սկսի երկրի ամբողջական փակումին ընթացքին բացառութիւն նկատուելու մասին պահանջներ ընդունիլ մարզական ակումբներէ, որոնք պէտք է համապատասխան հարթակը  օգտագործեն` արձանագրելու համար իրենց պահանջները:

«Նախարարութիւնը պիտի ուսումնասիրէ անոնց պահանջները եւ հաւանութիւն պիտի ընծայէ միայն անմիջական եւ անհրաժեշտ պարագաներուն, յատկապէս Լիբանանը միջազգային մրցաշարքերու ներկայացնելու պարագաներուն: Նախարարութիւնը պիտի սերտէ նաեւ այն իրողութիւնը, որ բացառութիւն նկատուելու արտօնութիւն պահանջող կողմերը կարենան ապահովել խումբին ապահովութիւնը` ճշդելով վայրն ու ժամկէտը եւ ամբողջ ընթացքին խումբը մէկ վայրի մէջ պահելու անոր կարողութիւնը», շեշտեց ան:

Վ. Օհանեան-Գէորգեան նշեց, որ նախարարութեան հաւանութեան պարագային այդ պահանջը պիտի ուղարկուի նախարարաց խորհուրդին` վերջնական որոշում ստանալու համար: Ան աւելցուց, որ այդ հարցադրումը սովորական տնօրինումի հոլովոյթը պիտի չունենայ, եւ այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց հրաժարեալ վարչապետ Հասսան Տիապին, որ համաձայն գտնուած էր ընդառաջելու այս գործիքակազմին:

Միւս կողմէ, ընդառաջելով Վ. Օհանեան-Գէորգեանի այն պահանջին, որ Մեթնի մէջ երկրորդ կամ յաւելեալ պատուաստումի կեդրոններ պէտք է հիմնել, որովհետեւ «Տահըր Պաշեք» հիւանդանոցը բաւարար չէ, Համատ Հասան խոստացաւ նկատի ունենալ այդ պահանջը:

Հանդիպումին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ նաեւ առողջապահական եւ ընկերային կազմակերպութիւններու կողմէ յառաջացնել խմբակներ, որոնք պիտի օժանդակեն նախարարութեան մեկնարկած պատուաստումի յատուկ հարթակին վրայ արձանագրելու այն քաղաքացիները, որոնք 65 տարիքը ամբողջացուցած են եւ արձանագրուելու դժուարութիւն ունին:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Երեսփոխան Միշել Մըրի Մահուան Սուգին Առիթով Ցաւակցութիւն Յայտնեց Էլիաս Մըրի

Յաջորդը

Կաթողիկոսարանը Կը Շարունակէ Իր Օժանդակութիւնը

RelatedPosts

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 15, 2025
Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»
Գլխաւոր լուրեր

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին.  Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին. Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?