Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանը

Փետրուար 3, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 2 փետրուար 2021-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանը, որ վեհափառ հայրապետին զեկուցեց նախարարութեան գործունէութեան մասին, յատկապէս ծանրանալով համաճարակին առնչուած աշխատանքներուն վրայ` նկատի ունենալով, որ ան այս ուղղութեամբ կազմուած պետական յանձնախումբին անդամ է:

Հանդիպումին ընթացքին վեհափառ հայրապետը ընդգծեց նաեւ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կառավարութիւն մը կազմելու կարեւորութիւնը:

Ան հաստատեց, որ քաղաքական տարբեր ուժերը պէտք է ստանձնեն իրենց ազգային պատասխանատուութիւնը` վերջ տալով ապարդիւն բանավէճերուն, կեդրոնանալով հայրենիքին ու քաղաքացիին շահերուն վրայ եւ հեռանալով անձնական նեղ շահերէն:

Վեհափառ հայրապետը Վ. Օհանեան-Գէորգեանի հետ քննարկեց նաեւ երկրին ընկերային իրավիճակը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ունեցած աշխուժ դերակատարութիւնը` տնտեսական տագնապի առաջին իսկ օրէն օժանդակութիւն հայթայթելով կարիքաւորներուն, հասնելով Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն տուժածներուն հատուցումին` մինչեւ առողջապահական տագնապին:

Քննարկուեցաւ նաեւ «Քորոնա»-ի դէմ պատուաստներ ստանալու կարեւորութիւնը` շեշտելով առանց խտրութեան բոլոր լիբանանցիները պատուաստելու կարեւորութիւնը` արդարութեան սկզբունքին վրայ հիմնուելով:

Վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց Վ. Օհանեան-Գէորգեանին` ընդհանրապէս Լիբանանին եւ յատկապէս հայ համայնքին իր մատուցած ծառայութեան համար:

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Իրան-Հայաստան Գործակցութեան Ամրապնդման Շեշտադրում

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ամերիկացի Քոնկրեսականները Բանաձեւով  Կոչ Կ՛ուղղեն Պայտընին Դադրեցնելու  Ռազմական Աջակցութիւնը Ազրպէյճանին
Գլխաւոր լուրեր

Ամերիկացի Քոնկրեսականները Բանաձեւով Կոչ Կ՛ուղղեն Պայտընին Դադրեցնելու Ռազմական Աջակցութիւնը Ազրպէյճանին

Յունուար 27, 2023
Արցախի Ներկայացուցիչները Քանատայի  Խորհրդարանին Մէջ Ազրպէյճանի Ցեղասպանական  Յարձակումի Հետեւանքներուն Վերաբերեալ  Փաստեր Ներկայացուցած Են
Գլխաւոր լուրեր

Արցախի Ներկայացուցիչները Քանատայի Խորհրդարանին Մէջ Ազրպէյճանի Ցեղասպանական Յարձակումի Հետեւանքներուն Վերաբերեալ Փաստեր Ներկայացուցած Են

Յունուար 27, 2023
Այսպէս Է Լիբանանի Հայութիւնը
Անդրադարձ

Այսպէս Է Լիբանանի Հայութիւնը

Յունուար 27, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In