Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաքրոն Նախագահ Աունին Յայտնեց Ֆրանսայի Մնայուն Զօրակցութիւնը Լիբանանին

February 1, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շաբաթավերջին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան ընթացքին վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Մաքրոն յայտնեց, որ Ֆրանսա միշտ կը զօրակցի Լիբանանին, յատկապէս երկրին դիմագրաւած ներկայ պայմաններուն մէջ: Ան Ֆրանսայի պատրաստակամութիւնը յայտնեց Լիբանանին օժանդակելու գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ, ի մասնաւորի` կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին առումով:

Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Մաքրոնի` Լիբանանի հանդէպ անոր ցուցաբերած զօրակցական կեցուածքներուն, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ֆրանսական յարաբերութիւններուն եւ երկկողմանի գործակցութեան ամրապնդումին գծով Ֆրանսայի ցուցաբերած յանձնառութեան համար:

Նախագահ Աուն դրուատեց կառավարութեան կազմութեան վերաբերեալ ֆրանսական նախաձեռնութիւնը, ինչպէս նաեւ հաստատեց, որ Մաքրոնի Լիբանան այցելութիւնը միշտ ալ ողջունելի է եւ սպասուած:

 

Նախորդը

Զօր. Տել Քոլ Քոխաֆիի Հետ Քննարկեց Հարաւային Լիբանանի Ապահովական Կացութիւնը

Յաջորդը

Թրիփոլիի Մէջ Երէկ Գիշեր Ցուցարարներ Դարձեալ Քարկոծեցին Սերայն Ու Լիբանանեան Բանակը

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.