Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաւիթ Իշխանեան. «Մեր Պայմանաւորուածութիւնները Խախտուեցան Արայիկ Յարութիւնեանի Կողմէ»

Փետրուար 1, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութիւնը չկրցաւ Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորի իրական դերը ստանձնել, եւ այսօր շատ լուրջ հարցականի տակ են անվտանգութեան երաշխիքները, զանոնք միայն ռուս խաղաղապահներուն ձգելը բաւարար չէ: Այս մասին «Փաստինֆօ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանը:

Վերջինս վստահեցուց, որ մեր ժողովուրդը պէտք է զգայ Հայաստանի Հանրապետութեան` իբրեւ համայն հայութեան իղձերու իրականացման կեդրոնի, այդ երաշխաւորի դերն ու դերակատարութիւնը: Մինչդեռ, այսօր ունինք լուրջ մտահոգութիւն, որ Արցախին նոր վտանգ կը սպառնայ:

Պատասխանելով «Փաստինֆօ»-ի հարցումին, թէ արդեօք Արցախի նախագահը քաղաքական ուժերուն կը ներկայացնէ՞ Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի նիստի քննարկումներու մասին տեղեկատուութիւն եւ ընդհանրապէս ինչպէ՞ս կը վերաբերին, որ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստերուն կը հրաւիրուի  միայն Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը, բայց ոչ` Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Վիթալի Բալասանեանը: Եւ ասիկա այն պարագային, երբ Արայիկ Յարութիւնեան 16 դեկտեմբեր 2020-ին ուղերձ հրապարակեց, որուն մէջ նաեւ նշեց, որ բոլոր կարեւոր հարցերը պէտք է արժանանան Անվտանգութեան խորհուրդի համաձայնութեան, Դաւիթ Իշխանեան ըսաւ. «Իմ կարծիքով, այստեղ այլ գործընթաց տեղի կ՛ունենայ: Անվտանգութեան խորհուրդի նիստերուն Արայիկ Յարութիւնեանի մասնակցութիւնը` առանց Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Վիթալի Բալասանեանի, կը նշանակէ, որ հարցեր կան, փակ քննարկումներ տեղի կ’ունենան, որոնք Արցախի գլխուն նոր վտանգ փաթթելու միտում ունին, 9 նոյեմբերի յայտարարութեան շարունակութեան նման ինչ որ բան: Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան պէտք է զգուշ ըլլայ, հերթական անգամ չիյնայ այդ թակարդը, եթէ ինք թակարդ իյնալու տրամադրութիւն չունի, բայց այն, որ նոր թակարդ կը լարուի, ատիկա ակնյայտ է, այլապէս Վիթալի Բալասանեան կը մասնակցէր Անվտանգութեան խորհուրդի միացեալ նիստերուն եւ մտահոգութիւններուն», ըսաւ Դաւիթ Իշխանեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ յատկապէս որո՞ւ կողմէ այդ թակարդը կը լարուի, Իշխանեան արձագանգեց` «շատ պարզ է` Նիկոլ Փաշինեանի եւ իր խումբին»:

Ինչ կը վերաբերի Արցախի ներքաղաքական վիճակին, քաղաքական ուժեր-Արայիկ Յարութիւնեան համագործակցութեան` Իշխանեան պատասխանեց. «Մենք մեր դիրքորոշումը արտայայտած ենք Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականի պահանջով, չենք կրցած համագործակցութեան առաջարկներու եզրեր գտնել անոր հետ, որովհետեւ իրական սկզբունքներու շուրջ չենք կրցած համաձայնութեան գալ, կը կարծեմ, կարեւորը այդ սկզբունքներն են»:

Իսկ «Առաւօտ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին, պատասխանելով այն հարցումին, թէ ո՞րն է պատճառը, որ ՀՅԴ-ի եւ Արայիկ Յարութիւնեանի միջեւ համաձայնութիւնը չյաջողեցաւ, կամ ընդհանրապէս Արցախի նախագահին կողմէ Արցախի քաղաքական ուժերը համախմբելու փորձերը ձախողած են, Դաւիթ Իշխանեան ըսաւ. «Պատճառը այն է, որ մեր պայմանաւորուածութիւնները քննարկումներու ընթացքին խախտած են Արայիկ Յարութիւնեանի  կողմէ եւ այն սկզբունքները, որոնց շուրջ կառուցուած էր մեր համաձայնութիւնը, ցաւօք, չպահպանուեցան: ՀՅԴ-ն եւ «Արդարութիւն»-ը հանդէս եկան յայտարարութեամբ եւ այդ մասին ըսին»:

 

 

Նախորդը

Մոսկուայի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հայաստանի, Ռուսիոյ Եւ Ազրպէյճանի Փոխվարչապետներու Ժողովը

Յաջորդը

Իշխան Սաղաթէլեան. «Նիկոլ Փաշինեանի Նպատակն Էր Պատերազմի Պատրանքով Յանձնել Շուշին, Ու Ինքը Ատիկա Կատարած Է»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?