Թրիփոլիի հետ զօրակցութեան պիտակին տակ երէկ կէսօրին մեծ թիւով ցուցարարներ Պէյրութի Նահատակաց հրապարակէն ուղղուեցան Թրիփոլիի «Նուր» հրապարակ:
Լիբանանեան բանակը ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրեց «Նուր» հրապարակին վրայ եւ փակեց հրապարակ տանող բոլոր ճամբաները` կացութիւնը իր հակակշիռին տակ պահելու նպատակով:
Յետմիջօրէին արդէն իսկ Թրիփոլի հասած ցուցարարները, որոնք հրապարակին վրայ իրենց բողոքի ցոյցը սկսած էին, քանի մը ժամ ետք` երեկոյեան շուրջ ժամը 7:00-ին սկսան քարկոծել Թրիփոլիի սերայը եւ ապահովութեան ուժերը: Այս արարքին ապահովական ուժերը հակադարձեցին ցուցարարներուն վրայ արցունքաբեր կազեր արձակելով:
Նոյն ժամերուն ցուցարարներ փակեցին Ռայաք-Պաալպեք մայրուղին` բողոքելով տնտեսական տագնապին դէմ:
Անոր զուգահեռ ցուցարարներ փակեցին Ռինկի կամուրջը` պահանջելով ազատ արձակել ժողովրդային շարժումի գործիչներէն ճարտարապետ Ռապիհ Լապաքին:
Նշենք, որ լիբանանեան բանակը երէկ Թրիփոլիի մէջ ձերբակալեց 17 յանցագործներ, որոնք նախորդ օրերուն մասնակցած էին շրջանին մէջ գործուած խափանարարական արարքներուն:
Թրիփոլիի մէջ բանակին եւ ցուցարարներուն միջեւ բախումները շարունակուեցան սերայի շրջակայքին մէջ, ուր բանակը աւելի եւս ամրապնդեց իր դիրքերը, ուրկէ մուտք գործեց «Նուր» հրապարակ` հեռացնելով ցուցարարները:
Երէկուան բախումներուն ընթացքին արձանագրուեցան 12 վիրաւորներ, որոնք տեղւոյն վրայ շտապ օգնութեան ենթարկուեցան Լիբանանեան Կարմիր խաչին կողմէ:
Երեկոյեան ժամը 8:00-ին ցուցարարներ փակեցին նաեւ Պէյրութի Քասքաս շրջանի ճամբան:
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի երէկ առաւօտեան այցելեց Թրիփոլի` ընկերակցութեամբ ապահովական կառոյցներու պետերուն:
Ֆահմի այցելեց Թրիփոլիի քաղաքապետարան, ուր դիմաւորուեցաւ քաղաքապետ Ռիատ Եամաքի կողմէ:
Անոնք շրջեցան քաղաքապետարանին մէջ եւ ծանօթացան արձանագրուած վնասներուն ու քաղաքապետարանին մէջ բռնկած հրդեհին պատճառած աղէտին:
Ֆահմի մեկնեցաւ առանց մեկնաբանութիւն կատարելու:
Ապա ան այցելեց Թրիփոլիի սերայ եւ սիւննի համայնքի հոգեւոր դատական ատեան, ուր ան ծանօթացաւ գործուած խափանարարական արարքներուն պատճառած վնասներուն:
Ֆահմի Թրիփոլիի սերային մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ներքին ապահովութեան ուժերու հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու գնդապետ Եուսեֆ Տարուիշի, Թրիփոլիի պատասխանատու գնդապետ Ապտել Նասեր Ղամրաուիի, Տեղեկահաւաքի բաժանմունքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու գնդապետ Մոհամետ Արապի եւ գնդապետ Պութրոս Սայտէի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Ֆահմի ողջունեց Թրիփոլիի կայունութիւնը վերահաստատելու, զայն պաշտպանելու եւ սադրանքներէ հեռու պահելու համար ի գործ դրուած ջանքերն ու դերակատարութիւնը, ինչպէս նաեւ հայրենիքին ծառայութեան հանդէպ ապահովական ուժերուն հաւատքն ու պատրաստակամութիւնը, որ բնաւ խախտում չէ արձանագրուած` հակառակ երկրին եւ անոնց դիմագրաւած տնտեսական տագնապալի պայմաններուն:
Ֆահմի հաստատեց, որ լիբանանեան ապահովութեան ուժերը պիտի չզլանան Թրիփոլին եւ լիբանանեան բոլոր շրջանները պաշտպանել: Ան ընդգծեց, որ լիբանանեան ապահովութեան ուժերը ամէն իմաստով պիտի աշխատին արգիլել լիբանանեան պետութեան հեղինակութիւնը վտանգի ենթարկել եւ պետական ու սեփական կառոյցները քանդել:
Միւս կողմէ, վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ շաբաթավերջին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մոհամետ Իմամի հետ, որուն յայտնեց, թէ Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած խուլիկանութիւններն ու սերային, սիւննի համայնքի դատական ատեանին ու քաղաքապետարանին դէմ գործուած խափանարարական արարքները լիբանանեան պետութեան եւ անոր հեղինակութեան վրայ արձանագրուած յարձակումներ են` աւելցնելով, որ այդ դէպքերը պատճառող բոլոր յանցագործները պիտի ձերբակալուին ու դատավարութեան ներկայացուին` իրենց պատիժը ստանալու համար:
Տիապ հեռաձայնային այլ հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նաեւ Թրիփոլիի քաղաքապետ Ռիատ Եամաքի հետ: Ան հաստատեց, որ ոչ ոք կրնայ ծածկել Թրիփոլիի ներկայացուցած պատմութիւնն ու աւանդները` աւելցնելով, որ Թրիփոլիի քաղաքապետարանը հրկիզելու ոճիրին պատասխանատուները հաշուետուութեան պիտի ենթարկուին:
Ան շեշտեց, որ ինք պահանջած է թափանցիկ հետաքննութիւն բանալ հիւսիսային Լիբանանի դէպքերուն մասին` ընդգծելով, որ Թրիփոլի միշտ յանձնառու մնացած է լիբանանեան պետութեան ու անոր հաստատութիւններուն: «Հակառակ այն իրականութեան, որ Թրիփոլիի մէջ միշտ սադրանքներ նախապատրաստուած են, եւ շատեր փափաքած են հոն ներդրումներ կատարել` քաղաքական շահարկումներու նպատակով, սակայն Թրիփոլի գոյատեւած է այդ մարտահրաւէրներուն դէմ, բայց եւ այնպէս միշտ կերպով զրկուած է լիբանանեան պետութեան բարգաւաճման ծրագիրներէն», ըսաւ Տիապ:
Ան միւֆթի Իմամին եւ Եամաքին յայտնեց, թէ ինք յանձնարարած է Շտապ օգնութեան խորհուրդին անմիջապէս գնահատել արձանագրուած վնասները եւ փութալ այդ վնասներուն հետեւանքները մաքրելու, քաղաքապետարանը վերակառուցելու եւ տուժածներուն հատուցելու:
Տիապ շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ 50 հազար ընտանիքներ սննդեղէնի յատուկ եւ այլ տեսակի օժանդակութիւն պիտի ստանան` երկրին դիմագրաւած այս դժուար պայմանները դիմագրաւելու համար:
Թրիփոլիի քաղաքապետ Ռիատ Եամաք յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ խափանարարական արարքներ գործող խմբաւորումները սադրիչներ են եւ ոչ թէ շրջանի կարիքաւորները` աւելցնելով, որ ժողովրդային շրջաններուն մէջ կարելի չէ ամբողջական փակում իրագործել:
«Թրիփոլիի տրուած նիւթական օժանդակութիւնները անբաւարար էին, եւ պէտք է աւելի լաւ ձեւով աջակցիլ այս քաղաքին, նախքան այս վիճակին մատնուիլը: Թրիփոլիի նկատմամբ ցուցաբերուած ներկայ անփութութիւնը կրնայ յանգիլ պայթումի մը, եւ լիբանանեան պետութիւնը իր պատասխանատուութիւնները պէտք է ստանձնէ», ըսաւ ան:
Եամաք շեշտեց, որ սադրիչ ձեռքեր կը շահագործեն շրջանի բնակչութեան աղքատութիւնն ու ցաւը` աւելցնելով, որ իրենք բազմիցս զգուշացուցած են Թրիփոլիի մէջ ապահովական կայունութեան խախտումէն:
Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ողջունեց լիբանանեան բանակին ջանքերը` Թրիփոլիի կացութիւնը հակակշիռի տակ առնելու առումով: Ան բարձր գնահատեց բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հրահանգները` պահանջելով հետապնդել երկրին ապահովութիւնը խախտող կողմերը` պահպանելու համար ապահովական կայունութիւնը:
Միքաթի յայտնեց, որ այս դժուար պայմաններուն ընթացքին լիբանանեան պետութիւնը պէտք է հոգատարութիւն ցուցաբերէ Թրիփոլիի հանդէպ եւ արդարութիւն հաստատէ քաղաքին համար, յատկապէս նկատի ունենալով ընկերային օժանդակութիւնները, որոնք կը տրամադրուին այդ շրջաններուն:
Միքաթի շեշտեց, որ Թրիփոլի պիտի շրջանցէ իր վատ պայմանները, եւ արժանապատիւ կեանք մը ցանկացող անոր քաղաքացիները պատրաստակամութեամբ պիտի յառաջդիմեն` կառչած մնալով լիբանանեան պետութեան, որ առանց խտրութեան կը գործէ իր բոլոր զաւակներուն համար:
Ղովմի կուսակցութեան ընդհանուր գործավար Պութրոս Սաատէ կոչ ուղղեց ապահովական կառոյցներուն եւ դատական իշխանութիւններուն հետապնդելու տարաձայնութիւններ տարածողները, յատկապէս անոնք, որոնք Ղովմի կուսակցութիւնը կը դատապարտեն Թրիփոլիի դէպքերուն եւ Պէյրութի մէջ արձանագրուած դէպքերուն մեղսակցութեամբ:
Սաատէ ապահովական մարմիններէն պահանջեց հետապնդել յանցագործները եւ բացայայտել այն խմբաւորումները, որոնք ի նպաստ այդ յանցագործներուն կը գործեն: Ան կոչ ուղղեց վերահաստատելու լիբանանեան բոլոր շրջաններուն ապահովական կայունութիւնը:
Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունէն պահանջեց Թրիփոլիի դէպքերուն մասին լուրջ հետաքննութիւն բանալ` ընդգծելով, որ կան սպաներ, որոնք մեղսակցած են Թրիփոլիի դէպքերուն: «Մենք բանակայիններուն ամսական աշխատավարձ չենք վճարեր, որպէսզի անոնք «դիտեն» հրդեհները», ըսաւ ան:
Ուահապ հաստատեց, որ լիբանանեան բանակի հրամանատարն ու ապահովական կառոյցներու պետերը պէտք է պատասխանատուութիւն ստանձնեն, իսկ բանակը երկաթեայ բազուկով պէտք է հարուածէ` վերահաստատելու համար ապահովական կայունութիւնը: