Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեսփոխան Միշել Մըր Մահացաւ

Փետրուար 1, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ իր մահկանացուն կնքեց երեսփոխան Միշել Մըր, որ նախապէս ստանձնած է փոխվարչապետի, ներքին գործոց նախարարի, պաշտպանութեան նախարարի, հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարի եւ բնակարանային հարցերու նախարարի պաշտօնները:

Ան նախագահած է 14 խորհրդարանական յանձնախումբերու, որոնք ունէին ելեւմտական, տնտեսական եւ ապրուստի բնոյթ:

Մասնակցած է նաեւ Ազգային երկխօսութեան նիստերու:

89 տարեկան Միշել Մըր իր կեանքին 60 տարիները անցուցած է լիբանանեան ազգային, քաղաքական եւ տնտեսական մարզերուն մէջ, ինչպէս նաեւ ժողովուրդի ծառայութեան ի խնդիր:

Մըր 1955-ին աւարտած է Սեն Ժոզեֆ համալսարանը իբրեւ քաղաքացիական ճարտարապետ եւ միջինարեւելեան ու ափրիկեան երկիրներու մէջ հիմնած է ընկերութիւններ, որոնք մեծ յաջողութիւններ արձանագրած են:

Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն Ա. անգամ ըլլալով իր թեկնածութիւնը առաջադրած է 1960-ին, ապա 1964-ին, իսկ 1968-ին ընտրուած է Մեթնի շրջանի երեսփոխան:

Թաէֆի համաձայնագիրի ստորագրութենէն ետք ան նշանակուած է Ալէյի յոյն ուղղափառ համայնքի երեսփոխան, ապա ան յաջողութիւններ արձանագրած է 1992-ի, 1996-ի, 2000-ի, 2005-ի, 2009-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն:

1992-ին ան նախագահեց 10 թեկնածուներէ բաղկացած ընտրացանկի մը, իսկ 1996-ին եւ 2000-ին նախագահեց 7 երեսփոխաններէ բաղկացած ընտրացանկի մը:

2004-ին ընտրուած է խորհրդարանի փոխնախագահ:

Տարբեր նախարարութիւններ ստանձնելու կողքին, Միշել Մըր 1992-ին նշանակուած է փոխվարչապետ` վարչապետ Ռաշիտ Սոլհի կառավարութեան մէջ` Էլիաս Հըրաուիի նախագահութեան ընթացքին, ապա 1995-ին, 1996-ին եւ 1998-ին դարձեալ փոխվարչապետի պաշտօն ստանձնած է վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի կառավարութեան մէջ` Հըրաուիի իշխանութեան ընթացքին, իսկ 1998-ին` դարձեալ փոխվարչապետի պաշտօն ստանձնած է վարչապետ Սելիմ Հըսի կառավարութեան մէջ` զօր. Էմիլ Լահուտի նախագահութեան ընթացքին:

Ան Մեթնի մէջ հսկայական ծառայութիւններ մատուցած է կառուցելով Մեթնի նոր սերայը, Արդարութեան պալատը, Ապահովութեան ուժերու կեդրոնը, Ժտէյտէի հեռաձայնային հաղորդակցութեան կեդրոնը, Պաուշրիէի մարզադաշտը, Մեթնի քաղաքապետարաններու խորհրդաժողովներու եւ մշակութային կեդրոնը, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի մարզադաշտը եւ այլ կառոյցներ:

Մըրի նուաճումներէն կը նկատուին նաեւ Հիւսիսային Մեթնի ճամբաներու շինութիւնը, ենթակառոյցի հաստատումը, ըմպելի ջուրի ապահովումը, կոյուղիներու ամբողջական ծրագիրը, ապականած ջուրերու զտարաններու ծրագիրը, ինչպէս նաեւ դպրոցներու եւ մարզադաշտերու կառուցումը:

Միշել Մըր բազմաթիւ ընկերութիւններ եւ հաստատութիւններ ունի նաեւ սեփական մարզին մէջ` Լիբանանի, Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի եւ Ափրիկէի մէջ: Պէյրութի մէջ իր կառուցած ամէնէն նշանաւոր շէնքերէն մէկը կը մնայ «Պըրժ Էլ Մըր»-ը (շէնքի շինարարութիւնը անաւարտ մնացած է քաղաքացիական պատերազմին պատճառով):

Ան ունի նաեւ ընկերային ծառայութիւններ, որոնց ծիրին մէջ հիմնած է Պէյթ Շապապի հաշմանդամներու յատուկ հիւանդանոցը եւ 1976-1982 ստանձնած անոր նախագահութիւնը:

Հիմնած է նաեւ ծերանոց մը` «Պէյթ աժուզ մարիտ», օժանդակած է ու զօրակցած Մեթնի մէջ գործող եւ անվճար բժշկական ծառայութիւն եւ դերորայք մատուցող դարմանատուներուն, ինչպէս նաեւ հիմնած է «Պալամանտ» համալսարանին Գիտութեան բաժանմունքը:

Ամուսնացած է 1957-ին, Սիլվի Ապու Ժաուտէի հետ, եւ ունի երեք զաւակ, որոնք են. Էլիաս Մըր` Ինթըրփոլի նախագահ, նախկին փոխվարչապետ, ներքին գործոց նախկին նախարար եւ պաշտպանութեան նախկին նախարար, Միրնա Մըր-Ապու Շարաֆ` Մեթնի քաղաքապետարաններու համադաշնակցութեան նախագահ եւ Լանա Մըր-Ղարիոս:

Միշել Մըրի ընտանիքը գուժեց իր հարազատին մահը ու անոր մտերիմներէն խնդրեց յարգել «Քորոնա»-ի համաճարակին պատճառով լիբանանեան պետութեան պարտադրած ամբողջական փակումի միջոցառումները եւ Մըրի հոգւոյն համար իրենց բնակարաններէն աղօթել:

Մըր ընտանիքը հաստատեց, որ երբ պայմանները ընձեռուին, ապա հոգեհանգստեան արարողութիւն պիտի կատարուի հանգուցեալին համար:

Միշել Մըրի մահը գուժեցին մեծ թիւով քաղաքական անձնաւորութիւններ, որոնց շարքին են խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ, Ղովմի կուսակցութեան Գերագոյն խորհուրդի նախագահ, երեսփոխան Ասաատ Հարտան, երեսփոխաններ Քասեմ Հաշեմ, Ֆարիտ Հայքալ Խազեն, Էտի Ապի Լամահ, Նազիհ Նաժըմ, Նաամէ Թոհմէ, նախկին երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ, նախկին նախարարներ Սելիմ Ժրայսաթի եւ Նիքոլա Թուէյնի, Յոյն ուղղափառ համայնքի լիբանանեան լիկան, «Լուպնան Շապապ» շարժումը եւ շարք մը այլ պատասխանատուներ:

 

Նախորդը

Թրիփոլիի Մէջ Երէկ Գիշեր Ցուցարարներ Դարձեալ Քարկոծեցին Սերայն Ու Լիբանանեան Բանակը

Յաջորդը

Երեսփոխան Բագրատունի Կը Գուժէ Միշել Մըրի Մահը

RelatedPosts

Վարչապետարանին Մէջ.   Լիբանանեան Ջուրերուն Մէջ Գտնուող  Թիւ 4 Եւ Թիւ 9 Նաւթահորերը Հորատելու  Համաձայնագիրի Բարեփոխուած  Տարբերակի Ստորագրութիւն
Լիբանանեան

Վարչապետարանին Մէջ. Լիբանանեան Ջուրերուն Մէջ Գտնուող Թիւ 4 Եւ Թիւ 9 Նաւթահորերը Հորատելու Համաձայնագիրի Բարեփոխուած Տարբերակի Ստորագրութիւն

Յունուար 30, 2023
Պըրրի Հալապիի Հետ Կը Քննարկէ  Կրթական Մարզը Յուզող Հարցեր
Լիբանանեան

Պըրրի Հալապիի Հետ Կը Քննարկէ Կրթական Մարզը Յուզող Հարցեր

Յունուար 30, 2023
«Մեր Ճիգերուն Ձախողութեան Պարագային  Լրջօրէն Պիտի Մտածեմ Նախագահական Ընտրութեան  Իմ Թեկնածութիւնս Առաջադրելու Մասին»  Շեշտեց Պասիլ
Լիբանանեան

«Մեր Ճիգերուն Ձախողութեան Պարագային Լրջօրէն Պիտի Մտածեմ Նախագահական Ընտրութեան Իմ Թեկնածութիւնս Առաջադրելու Մասին» Շեշտեց Պասիլ

Յունուար 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In