Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իշխան Սաղաթէլեան. «Նիկոլ Փաշինեանի Նպատակն Էր Պատերազմի Պատրանքով Յանձնել Շուշին, Ու Ինքը Ատիկա Կատարած Է»

Փետրուար 1, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Մենք գործ ունինք անամօթ, դաւաճան մարդու մը հետ, որ ամէն անգամ կը փորձէ ամբոխահաճութեան միջոցով բան մը ըսել, յետոյ արդարացնել, յետոյ փորձել ժողովուրդը մոլորեցնել», Շուշիի մասին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի շաբաթ, 30 յունուարի ուղիղ եթերը այսպէս մեկնաբանեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան:

«Ակնյայտ է, որ այդ մարդու գործունէութեան պատճառով մենք կորսնցուցինք Արցախի 75 առ հարիւրը, մասնաւորապէս, նաեւ Շուշի քաղաքը: Հիմա իր արդարացումները մեկնաբանելը անիմաստ գործ է», «Այսօր»-ի զրոյցի ընթացքին ըսաւ Սաղաթէլեան:

Իշխան Սաղաթէլեան ազրպէյճանցի գաղթականներու վերադարձը Շուշի անկարելի նկատեց:

«Ատիկա պարզապէս անկարելի էր, պարզապես Նիկոլ Փաշինեանի նպատակն էր պատերազմի պատրանքով յանձնել Շուշին, ու ինքը ատիկա կատարած է, մնացած իր ըսածները իր ըրած դաւաճանութիւնը արդարացնելու համար է: Ակնյայտ է, որ ինք հետեւողականօրէն տարած է մեզ պարտութեան: Ամէն ինչ այնքան անտրամաբանական ու ծիծաղելի է. այսինքն` ինք գերադասեց չհամաձայնիլ գաղթականներու վերադարձին, բայց գերադասեց կռուի պատրանքո՞վ յանձնել Շուշի՞ն, ո՞րն է ասոր տրամաբանութիւնը», նշեց ան:

Դաշնակցական գործիչին համար տարօրինակ է, որ Նիկոլ Փաշինեան, ի վերջոյ, այդպէս ալ չտուաւ մեկնաբանութիւն, թէ հիմա Շուշին ազրպէյճանակա՞ն, թէ՞ հայկական քաղաք է:

«Ինք պէտք է ատիկա ըսէր, պէտք է հասկնանք նաեւ, որ կ՛ըսէր` «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ», իսկ հիմա կ՛ըսէ՞, թէ՞ չէ», աւելցուց Իշխան Սաղաթէլեան:

Միւս կողմէ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը դիմատետրեան գրառումով մը նշած է.

«2020-ի աւարտին Հայաստանի պետական պարտքը արդէն կը կազմէ 7,947 միլիառ ամերիկեան տոլար, որուն միայն արտաքին պարտքը` 6,005 միլիառ ամերիկեան տոլար:

2018-ի իշխանափոխութենէն ետք Հայաստանի պետական պարտքը աճած է շուրջ 5 անգամ աւելի բարձր թափով, քան Համախառն ներքին արդիւնքը (ՀՆԱ) եւ կազմած է ՀՆԱ-ի մօտ 68 առ հարիւրը`

– Հայաստանի պետական պարտքը աճած է աննախադէպ` դրամային արտայայտութեամբ 21,7 առ հարիւրով, իսկ տոլարային արտայայտութեամբ` 15,8 առ հարիւրով, ասոր կողքին ՀՆԱ-ն ունեցած է գրեթէ զերոյական աճ,

– Աւելին` իրենց դաւաճանական իշխանութիւնը եւ երկրին հասնող աղէտը ըստ կարելւոյն երկարաձգելու, թոշակ, անապահովութեան նպաստ, պետական հատուածի աշխատավարձ վճարելու համար այս ապաշնորհները նորէն կը դիմեն պետական պարտքի յաւելման,

– 2021 թուականի յունուարին տեղաբաշխած են 750 միլիոն ամերիկեան տոլարի չափով եւրոպարտատոմսեր (դեռ անհրաժեշտ է պարզել այս գործարքի կասկածելի հիմքերը եւ իրական գնորդները),

– Փաստօրէն` այս իշխանութիւններուն օրով Հայաստանի պետական պարտքը աճած է 1,84 միլիառ ամերիկեան տոլարով եւ դարձաւ 8,7 միլիառ ամերիկեան տոլար` ՀՆԱ-ի 75 առ հարիւրը,

– Իսկ Հայաստանի արտաքին պարտքը արդէն դարձաւ 6,755 միլիառ ամերիկեան տոլար` ՀՆԱ-ի 58 առ հարիւրը, մեր երկիրը հասցնելով արտաքին պարտքի ճգնաժամի շեմին:

Ակնյայտ է` պետական արտաքին ու ներքին պարտքի աճի նման ահագնացող թափով ձախողակ քաղաքական այս խմբակը կը մսխէ նաեւ մեր երկրի ապագայ զարգացման հնարաւորութիւնները:

Մէկ խօսքով` այս չարիքի կառավարութեան գործունէութեան պատճառով ազգային աղէտէ զատ պիտի ունենանք նաեւ ընկերային-տնտեսական անկում` իր բոլոր հետեւանքներով»:

 

Նախորդը

Դաւիթ Իշխանեան. «Մեր Պայմանաւորուածութիւնները Խախտուեցան Արայիկ Յարութիւնեանի Կողմէ»

Յաջորդը

Ակնարկ. Թրքական Թափանցումներ Եւ Կտրուկ Անցումներ

RelatedPosts

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 15, 2025
Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»
Գլխաւոր լուրեր

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին.  Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին. Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?