Տնտեսական Գահավիժումի Եւ Ապահովական Մտավախութիւններու Լոյսին Տակ. Կոչեր` Կառավարութեան Կազմութեան Հրամայական Պահանջին Գծով
Տնտեսական կացութեան արձանագրած յարաճուն նահանջին, ապրուստի պայմաններու վատթարացման, «Քորոնա» ժահրի համավարակին պարտադրած գրեթէ ամբողջական անշարժութեան ու տեղքայլին լոյսին տակ, երկրին իրավիճակը օր ըստ օրէ առաւել եւս մտահոգիչ կը դառնայ, ինչ որ կը սպառնայ ժողովրդային համընդհանուր պոռթկումի պայթուցիկ կացութեան: Իսկ ապահովական խլրտումները եւ հերթական սպանութիւններու յաճախակիօրէն կրկնութիւնը վերջին ամիսներուն` նոյնքան մտահոգիչ սպառնալիք կը ներկայացնեն, յատկապէս` երկիրը ապահովական քաոսի մղել սպառնացող` քաղաքական...



















