Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լեռնային Ղարաբաղի Պատերազմի Գերիները Պէտք Է Անյապաղ Ազատ Արձակուին» Կը Յայտարարեն ՄԱԿ-ի Փորձագէտները

February 2, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու հարցերով փորձագէտները կոչ ուղղած են` անյապաղ ազատ արձակելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի վերջին փուլի պատերազմական գերիներն ու միւս գերիները, ինչպէս նաեւ ընտանիքներուն յանձնելու մահացած անձերու աճիւնները, որպէսզի անոնք յուղարկաւորուին` համաձայն մշակութային աւանդութիւններու: «Արմէնփրես»-ի փոխանցումով, այս մասին կը յայտնէ ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակը:

«Բոլորը, որոնք տագնապին հետեւանքով զրկուած են ազատութենէ, պէտք է վերադարձուին իրենց տունը, իսկ սպաննուածներու հարազատները պէտք է կարենան ստանալ իրենց սիրելիներու աճիւնները` ըստ 9 նոյեմբեր 2020-ի զինադադարի մասին համաձայնագիրի», նշած են փորձագէտները:

Անոնք ընդգծած են, որ ահազանգներ կը ստանան, թէ պատերազմական գերիներն ու միւս գերիները առանց որեւէ դատական հոլովոյթի կը սպաննուին, կ’անհետանան, կ’ենթարկուին բռնութիւններու եւ դաժան վերաբերմունքի:

«Ոչ մէկ բացառիկ հանգամանք` ըլլայ ատիկա պատերազմական վիճակ, ներքին քաղաքական անկայունութիւն կամ այլ արտակարգ դրութիւն, չի կրնար արդարացնել խոշտանգումներն ու բռնի անհետացումները: Նմանօրինակ գործողութիւնները եւս զինուորական տագնապի ժամանակ կրնան նկատուիլ պատերազմական յանցագործութիւն», ընդգծած են մարդու իրաւունքներու հարցերով փորձագէտները:

Անոնք յատկապէս ահազանգած են մահացած անձերու մարմիններուն նկատմամբ խոշտանգումներու փաստերուն: «Երկու կողմերն ալ սկսած են վերադարձնել պատերազմական գերիներն ու միւս գերիները, եւ մենք անոնց կոչ կ’ուղղենք գործադրելու այդ «բոլորը բոլորի դիմաց», սկզբունքով, յստակացնելու անյայտ կորսուածներու ճակատագիրն ու արժանապատուօրէն վերաբերելու մահացած անձերու մարմիններուն», նշած են անոնք:

Փորձագէտները Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ ուղղած են` ամբողջական, անյետաձգելի, անկախ ու անկողմնակալ հետաքննութիւն կատարելու տագնապի ընթացքին եւ ատկէ ետք մարդու իրաւունքներու լրջագոյն խախտումներուն վերաբերեալ` պատասխանատուութեան ենթարկելու կազմակերպիչները եւ հատուցելու վնասուածներուն: Անոնք աւելցուցած են նաեւ, որ հետագային եւս պիտի շարունակեն փոխադարձ գործակցութիւնը երկու երկիրներու իշխանութիւններուն հետ եւ պիտի հետեւին իրավիճակին:

Նախորդը

Վաղարշակ Յարութիւնեանն Ու Սերկէյ Շոյկուն Քննարկած Են Հայ-Ռուսական Հրամանատարական Բանակցութիւններու Արդիւնքները

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (2 Փետրուար 2021)

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.