Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իշխան Սաղաթէլեան. «Արտահերթ Ընտրութիւնները Պէտք Չէ Ըլլան Նիկոլ Փաշինեանի Վարչապետութեամբ»

Փետրուար 4, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան երէկ «168.am»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներու նախանցեալ օրուան հանդիպումէն ետք իրենց ծրագիրներուն մէջ  որեւէ փոփոխութիւն չէ եղած:

«Հայրենիքի փրկութեան շարժումը պիտի շարունակէ գործունէութիւնը, որեւէ բան չէ փոխուած, ամէն ինչ նոյնն է: Աւելի մեծ թափով պիտի շարունակենք մեր գործունէութիւնը, մինչեւ որ հասնինք այս չարիքի` կառավարութեան հեռացման», ըսաւ Սաղաթէլեան:

Ըստ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչին, իրենք պիտի երթան արտահերթ ընտրութիւններու միայն Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականէն եւ ժամանակաւոր կառավարութեան ստեղծումէն ետք:

«Ոեւէ մէկը դէմ չէ արտահերթ ընտրութիւններուն, բայց անոնք պէտք չէ ըլլան Նիկոլ Փաշինեանի վարչապետութեամբ», ընդգծեց Սաղաթէլեան:

Ինչ կը վերաբերի շրջանառուող տեղեկութիւններուն, թէ ընդդիմութիւնը կը պառակտուի, Սաղաթէլեան ըսաւ. «Ոչ մէկ պառակտում կայ, ամէն բան բնական է, մեր աշխատանքները ամբողջ հունով կը շարունակուին: Մարզերու այցելութիւնները չեն դադրեցուած, ամէն ինչ կը շարունակուի»:

Նախորդը

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Թուրքիոյ Իշխանութիւնները Պէտք Է Գիտակցին, Որ Երկխօսութեան Համար Անհրաժեշտ Է Վստահութեան Մթնոլորտ»

Յաջորդը

Բողոքի Ցոյց Ազգային Ժողովին Դիմաց` Իշխանութեան Ապազգային Գործունէութեան Դէմ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?