Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլեան Օդուժը Կը Շարունակէ Լիբանանեան Գերիշխանութեան Դէմ Իր Ոտնձգութիւնները

Փետրուար 4, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան հետախուզական օդանաւեր երէկ Հասպայայի, Արքուպի, Ժապալ Շէյխի, Ռաշայայի, Արեւմտեան Պեքաայի եւ Մազարեհ Շեպաայի վերեւ թռիչքներ գործեցին` խախտելով Լիբանանի օդային սահմանները: Միւս կողմէ, իսրայէլեան կործանիչներ շարունակեցին լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւնները` Նապաթիէի եւ հարաւային Լիբանանի վերեւ թռիչքներ ու կեղծ յարձակումներ գործելով:

Իսրայէլեան ուժերու պաշտօնական բանբեր Աւիխայ Ատրահի յայտնեց, որ լիբանանեան հողերէն հակաօդայիններ փորձած են թիրախ դարձնել իսրայէլեան օդանաւերը, սակայն անոնք ձախողած են, եւ իսրայէլեան օդանաւերը իրենց թռիչքները շարունակած:

Նշենք, որ լիբանանեան բանակի ընդհանուր հրամանատարութիւնը նախանցեալ օր հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Ռաս Նաքուրայի ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է եռակողմանի արտակարգ նիստ մը, որուն մասնակցած են լիբանանեան բանակը եւ իսրայէլեան ուժերու ներկայացուցիչը` ներկայութեամբ հարաւային Լիբանանի մէջ գործող ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլի:

Հաղորդագրութեան մէջ հաստատուեցաւ, որ լիբանանեան բանակը խստիւ բողոքած է լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ Իսրայէլի գործած ոտնձգութիւններուն դէմ` անկէ պահանջելով գործադրել միջազգային բանաձեւերը, յատկապէս Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը:

Լիբանանեան բանակը պահանջած է նաեւ, որ իսրայէլեան ուժերը նահանջեն բռնագրաւուած լիբանանեան հողերէն, այլ խօսքով` Մազարեհ Շեպաայէն, Քֆարշուպայի բարձունքներէն եւ Հիւսիսային Ղաժարէն:

Ֆահմի Այցելեց Զօր. Աունի Եւ Աքըրի

Ներքին ապահովութեան եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի երէկ այցելեց Եարզէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին ապահովական իրադարձութիւնները:

Ֆահմի այցելեց նաեւ փոխվարչապետի եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Զէյնա Աքըրի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի ապահովական կացութիւնն ու երկրին մէջ տիրող իրավիճակը` ամբողջական փակումէն ետք:

Նշենք, որ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Զինուորական ատեանի ընդհանուր դատախազութեան յանձնեց 10 սուրիացի յանցագործներ, որոնք ձերբակալուած էին Թրիփոլիի մէջ խափանարարական արարքներ գործելու, ինչպէս նաեւ Թրիփոլիի քաղաքապետարանը հրկիզելու յանցանքով:

 

Նախորդը

Լարշէ Պըրրիին. «Ֆրանսայի Ծերակոյտը Միշտ Նեցուկ Պիտի Կանգնի Լիբանանին»

Յաջորդը

Հարիրի Մեկնեցաւ Եգիպտոս

RelatedPosts

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»
Լիբանանեան

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ժապեր. «Կեդրոնական Դրամատան Նոր Կառավարիչը  Մարտի Աւարտէն Առաջ Պիտի Նշանակուի»
Լիբանանեան

Ժապեր. «Պատերազմին Գինը Անցաւ 11 Միլիառ Տոլարը»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?