Վ. Օհանեան-Գէորգեան. «Մեր Նպատակն Է Մշակել Այնպիսի Ռազմավարութիւն Մը, Որուն Շնորհիւ Կարելի Պիտի Ըլլայ Մարզական Կեանքը Իր Ապահով Հունին Վերադարձնել»
Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց լիբանանեան մարզական ֆետերասիոնները ներկայացնող կարգ մը պատուիրակութիւններ, որոնց հետ քննարկեց երկրին ամբողջական փակումին լոյսին տակ տիրող մարզական իրավիճակը: Նախարարութեան այցելուներէն եղան Թեքուանտոյի Լիբանանի ֆետերասիոնի նախագահ Հապիպ Զարիֆա, Քիոքոշանքայի Լիբանանի ֆետերասիոնի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Ալի Ֆաուազի, Պասքեթպոլի Լիբանանի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզք, Մուայ թայի Լիբանանի...



















