Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աւստրալիոյ Հարաւային Աւստրալիա Նահանգը Ճանչցած Է Արցախի Անկախութիւնը Եւ Դատապարտած Ազրպէյճանն Ու Թուրքիան

Փետրուար 4, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Հարաւային Աւստրալիա նահանգը դարձած է Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը ճանչցած, Ազրպէյճանն ու Թուրքիան բնիկ հայերու հայրենիք ներխուժելու համար դատապարտած աւստրալիական երկրորդ նահանգը: Ճանաչման բանաձեւը որդեգրած է նահանգային խորհրդարանը:

Այս բանաձեւը կը յաջորդէ հոկտեմբեր 2020-ին Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի խորհրդարանի իրաւական յանձնախումբին կողմէ որդեգրուած բանաձեւին, որ Աւստրալիոյ դաշնակցային կառավարութեան նոյնպէս կոչ կ՛ուղղէ` իբրեւ տագնապի մնայուն լուծում եւ հետագայ զինուորական գործողութիւններու փորձերէն խուսափում, ճանչնալու Արցախի անկախութիւնը:

Խորհրդարանական Թոմ Քոսթանթոնիս, յառաջ բերելով պատմական բանաձեւը, յայտարարած է. «Համաթրքական ազգայնականութեան քաղաքականութիւնը, որ նախապէս յանգեցուցած է ցեղասպանութեան, այժմ կը հետապնդուի Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Ալիեւի կողմէ` սպառնալով Արցախի հայ բնակչութեան ցեղային զտումով»:

Խորհրդարանը քննարկած է նաեւ բանաձեւի քուէարկութիւնը յետաձգելու հարցը, որ ձախողուած է խորհրդարանի նախագահի կողմէ: Քննարկումները վերսկսած են, եւ բանաձեւը միաձայնութեամբ որդեգրուած է:

Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Հայկ Գայսերեան շնորհակալութիւն յայտնած է Հարաւային Աւստրալիոյ Հայկական մշակութային միութեան` համայնքային մակարդակի վրայ հայկական շահերու պաշտպանութեան համար` աւելցնելով. «Մենք հպարտ ենք աջակցելու համար Ատելայիտի նուիրեալ հայ համայնքին` այդտեղ իրենց գործադրած ջանքերուն ծիրին մէջ, որոնք ապահովեցին, որ Հարաւային Աւստրալիոյ խորհրդարանը միանայ ամբողջ աշխարհի այն օրէնսդիրներուն, որոնք կ՛օժանդակեն Արցախի Հանրապետութեան ինքնորոշման իրաւունքի օրինական հոլովոյթին»:

Հարաւային Աւստրալիոյ Հայկական մշակութային միութեան նախագահ Էմիլ Դաւիթեան իր կարգին նշած է. «Այս յաջողութիւնը Աւստրալիոյ ամբողջ հայ համայնքին երախտիքն է: Հաճելի էր աշխատիլ այս հիանալի արդիւնքին համար` յանուն Արցախի հայկական հանրապետութեան քոյրերուն եւ եղբայրներուն»: Ան շնորհակալութիւն յայտնած է խորհրդարանականներ Թոմ Քոսթանթոնիսին եւ Ճայնէ Սթիսընին` բանաձեւի յառաջ մղման համար, եւ բոլոր խորհրդարանականներուն` յանուն մարդու իրաւունքներու բանաձեւը պաշտպանելու համար: «Հարաւային Աւստրալիոյ հայ համայնքը կ՛ուզէ իր դերակատարութիւնը ունենալ Արցախի ժողովուրդին աջակցելու, շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող կարեւոր մարդասիրական հարցերու վրայ ուշադրութիւն դարձնելու եւ տագնապի կայուն եւ խաղաղ լուծման նպաստելու գործին մէջ: Համայնքը շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր անոնց, որոնք աջակցած են ատոր», եզրափակած է Դաւիթեան:

 

Նախորդը

Երկրին Ամբողջական Փակումը Երկարաձգելու Կամ Նոր Դրութիւն Որդեգրելու Կարելիութիւնները Կրնան Յստականալ Այսօր

Յաջորդը

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Թուրքիոյ Իշխանութիւնները Պէտք Է Գիտակցին, Որ Երկխօսութեան Համար Անհրաժեշտ Է Վստահութեան Մթնոլորտ»

RelatedPosts

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Հայկական

Կալուզին. «Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Վերջնական Հաշտութիւնը Պէտք Է Ստորագրուի Մոսկուայի Մէջ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ
Գլխաւոր լուրեր

Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?