Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Պարզած Ոչ Նախանձելի Իրավիճակի Լոյսին Տակ. Վերանորոգ Ճիգեր` Կառավարութեան Կազմութեան Գծով

Փետրուար 5, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մօտաւորապէս չորս ամիսէ ի վեր Լիբանան կը գոյատեւէ առանց կառավարութեան, մինչ հրաժարեալ կառավարութեան պաշտօնակատար նախարարները կը շարունակեն ամբողջացնել առկախ մնացած հարցերու դասաւորումը: Այլ խօսքով` գործադիր իշխանութեան կազմութեան ձգձգումը առաւել եւս կը բարդացնէ երկրին ոչ նախանձելի իրավիճակը:

Փաստօրէն, ամերիկեան տոլարի սակին սեւ շուկային մէջ սրընթաց բարձրացումը ի հեճուկս լիբանանեան թղթոսկիի սակագինին ու անոր հետեւող սղաճը, «Քորոնա» համավարակին պատճառած զոհերը եւ այդ գծով երկրի ամբողջական փակումը, ապահովական շրջուն խլրտումները եւ անոնց կողքին մտաւորական, քաղաքացիական գործիչ Լոքման Սլիմի սպանութիւնն ու տակաւին` Պէյրութի նաւահանգիստի 4 օգոստոս 2020-ի ահաւոր պայթումէն վեց ամիս ետք առկախ մնացած հետաքննութեան ձգձգումը, այս բոլորը յուսալքիչ մթնոլորտ ստեղծած են երկրին մէջ` լիբանանցիները մղելով «պոռթկալու» հաշուեհարդարի պահանջով:

«Բարերար» Ճիգերը Կը Շարունակուին

Այսուհանդերձ, լիբանանցի պատասխանատուները, իրազեկ տիրող այս կացութեան` անտարբեր չեն ու կը գիտակցին, թէ նշեալ հարցերու գործնական եւ յատկապէս շուտափոյթ լուծման համար աւելի քան հրամայական պահանջ է կառավարութեան կազմութիւնը, առ այդ` կը շարունակեն իրենց քուլիսային ճիգերը արդիւնաւէտ եզրայանգումի առաջադրանքով: Արդարեւ, Պքերքէի եւ ապա խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նախաձեռնութիւններէն ետք, նշանակեալ  վարչապետ Սաատ Հարիրի իր կարգին ձեռնարկած է առնչակից զանազան երկիրներ ընդգրկող շրջապտոյտի, որուն նորագոյն կանգառը Գահիրէէն ետք եղաւ Փարիզը: Ասիկա կու գայ շեշտելու Լիբանանի պատասխանատուներու գործակցութեան պատրաստակամութիւնը շուտափոյթ լուծման գծով: Կը նախատեսուի, որ Հարիրի 14 փետրուարին իր հօր` նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի նահատակութեան 16-րդ տարելիցին առիթով արտասանելիք իր խօսքին մէջ յստակ պատկերացում ներկայացնէ կառավարութեան կազմութեան առաջադրանքով իր տարած ճիգերուն մասին: Նաեւ Հարիրիի այս նախաձեռնութիւնը կու գայ աւելնալու հրաժարեալ վարչապետ Հասսան Տիապի ունեցած առցանց խորհրդակցութեան` Ֆրանսայի ծերակուտական պատուիրակութեան անդամներուն հետ, որոնց Լիբանան այցելութիւնը առկախուած էր «Քորոնա»-ի համավարակին բերումով: Նշենք, որ Ֆրանսայի Ծերակոյտի նախագահ Ժերար Լարշէ շնորհակալական նամակով դիմեց Տիապին` վերահաստատելով ֆրանսական առկախուած ճիգերուն վերաշխուժացման պատրաստակամութիւնը: Նշենք, որ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալուի երէկ այցելեց Այն Թինէ, ուր խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան Լիբանանի ու Եգիպտոսի միջեւ յարաբերութեանց եւ եգիպտական զօրակցութեան վերաշխուժացման քայլերուն վրայ: Այս քայլերուն կողքին կարելի չէ մոռնալ նաեւ ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի լուսարձակէ հեռու կատարած մագոգային այցելութիւնները Ծոցի եւ այլ առնչակից երկիրներու պատկան ղեկավարներուն:

Նաեւ` Արտաքին Մակարդակի Վրայ

Գաղտնիք չէ, որ Լիբանանի կացութիւնը կը «մտահոգէ» նաեւ շրջանային թէ միջազգային կարգ մը երկիրներ, իւրաքանչիւրը` իր հետապնդած շահերու եւ քաղաքական ազդեցութեան գօտիներու տարողութենէն մեկնելով: Այս իմաստով Ամերիկայի եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարներ երէկ միացեալ հաղորդագրութեամբ կոչ ուղղեցին լիբանանցի պատասխանատուներուն եւ կողմերուն փութացնելու լուծման ճիգերը եւ բարեկարգումներու գործնական քայլերու դիմելու: Ժան Իվ Լը Տրիանի եւ Էնթընի Պլինքընի հրապարակած միացեալ հաղորդագրութիւնը կը վերահաստատէր իրենց զօրակցութիւնը եւ նորանոր օժանդակութեանց տրամադրութեան պատրաստակամութիւնը` միաժամանակ յիշեցնելով Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին գծով հետաքննութեանց փութացումն ու անոնց արդիւնքներուն բացայայտումը: Իր կարգին, Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիօ, երէկ հրապարակելով նշեալ հաղորդագրութիւնը, շեշտեց իր երկրի հոգատարութիւնը Լիբանանին: Վերահաստատելով  ֆրանսական զօրակցութիւնը` դեսպան Կրիօ «անընդունելի» նկատեց վեց ամիսներէ ի վեր անլոյծ մնացած նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութեան թղթածրարը` իր կարգին կոչ ուղղելով փութացնելու այս, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան ճիգերը: Նոյն գծով, Ֆրանսայի մէջ օտարալեզու մամլոյ միութեան նախագահ Էլի Մասպալժի երէկ երեկոյեան պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին, հաստատելով Հարիրիի Փարիզ այցելութիւնը, վերահաստատեց Ֆրանսական իշխանութեանց պատրաստակամութիւնը` գործնական քայլերու դիմելու, վստահ ըլլալէ ետք լիբանանցի առնչակից ղեկավարներու իսկական ու լիիրա՛ւ գործակցութեան պատրաստակամութենէն:

Իրազեկ այլ աղբիւրներու համաձայն, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն, իր կարգին վստահ ըլլալէ ետք Լիբանանի գծով լուծման ճիգերու ամբողջացումէն` Լիբանան պիտի այցելէ անձամբ հսկելու ցուցաբերուած դրական կեցուածքներու գործադրութեան:

Նմանապէս կը նախատեսուի, որ մօտերս առցանց հանդիպում մը կայանայ Միացեալ նահանգներու, Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ եւ Գերմանիոյ պատկան վարիչներուն միջեւ, ուր խորհրդակցութեանց առանցքը պիտի կազմէ Իրանի հետ հիւլէական համաձայնագիրին հարցը: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հրապարակած այս լուրին հիմամբ խիստ հաւանական կը նկատուի նաեւ լիբանանեան թղթածրարին արծարծումը նշեալ հանդիպումին` նկատի ունենալով Իրանի եւ եւրոպական այս երկիրներու առնչութիւնը, եւ հետեւաբար` անոնց քաղաքական ազդեցութեան առկայութիւնը Լիբանանի զանազան կողմերուն վրայ:

Այս բոլորի լոյսին տակ լիբանանցիք կը սպասեն ներքին թէ արտաքին դիւանագիտական ճիգերու արդիւնաւէտ իրագործումներուն:

 

 

Նախորդը

Լիբանանցի Մտաւորական Եւ Քաղաքացիական Գործիչ Լոքման Սլիմ Սպաննուեցաւ

Յաջորդը

Ջալալ Յարութիւնեան Նշանակուեցաւ Բանակի Ռազմական Վերահսկողութեան Ծառայութեան Պետ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?