Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տնտեսական Գահավիժումի Եւ Ապահովական Մտավախութիւններու Լոյսին Տակ. Կոչեր` Կառավարութեան Կազմութեան Հրամայական Պահանջին Գծով

Փետրուար 6, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տնտեսական կացութեան արձանագրած յարաճուն նահանջին, ապրուստի պայմաններու վատթարացման, «Քորոնա» ժահրի համավարակին պարտադրած գրեթէ ամբողջական անշարժութեան ու տեղքայլին լոյսին տակ, երկրին իրավիճակը օր ըստ օրէ առաւել եւս մտահոգիչ կը դառնայ, ինչ որ կը սպառնայ ժողովրդային համընդհանուր պոռթկումի պայթուցիկ կացութեան: Իսկ ապահովական խլրտումները եւ հերթական սպանութիւններու յաճախակիօրէն կրկնութիւնը վերջին ամիսներուն`  նոյնքան մտահոգիչ սպառնալիք կը ներկայացնեն, յատկապէս` երկիրը ապահովական քաոսի մղել սպառնացող` քաղաքական ղեկավարներու ահաբեկման վերադարձի հաւանականութեան գծով շշուկներու լոյսին տակ: Այս բոլորը անխուսափելի դարձուցին զանազան կողմերու պատասխանատուներու արձակած կոչերը` կառավարութեան կազմութեան հրամայական պահանջին գծով, իբրեւ փրկութեան «լաստ» հետզհետէ «ընկղմող փիւնիկեան նաւուն»: Այս իմաստով ուշագրաւ էին յատկապէս` հոգեւոր պետերուն կոչերը երկրի քաղաքական պատկան կողմերուն:

Արդարեւ, մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքի կառավարութեան կազմութեան գծով կիրակնօրեայ հերթական կոչերուն կողքին, երէկ շէյխ Ալի Խաթիպ կոչ ուղղեց հրաժարեալ կառավարութեան եւ քաղաքական առնչակից կողմերուն`  դիմակալելու քաղաքացիներու օրապահիկը շահագործող վաշխառուներու ընչաքաղց քայլերը եւ փութալու նոր կառավարութեան կազմութեան:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ երէկ ձայնասփռուած հարցազրոյցով շեշտեց, թէ Լիբանան կ՛ընթանայ դէպի ձախողութիւն, եւ պէտք է կառավարութեան շուտափոյթ կազմութիւնը` նշելով, որ ատիկա ժամերու հարց է, եթէ նախագահ Աուն եւ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի խորհրդակցին ու համաձայնին: Ան շեշտեց, որ Հըզպալլա կարելին կ՛ընէ դիւրացնելու կառավարութեան կազմութեան գծով տարուող ճիգերը եւ արգելակիչ խոչընդոտներ չի դներ: «Աւելի՛ն, Հըզպալլա կը քաջալերէ այս ուղղութեամբ որեւէ նախաձեռնութիւն», շեշտեց շէյխ Քասեմ` մէջբերելով նախագահ Միշել Աունի այն կեցուածքը, թէ ինք (նախագահ Աուն) կառչած չէ կառավարութեան որոշումները արգելակող մէկ երրորդի իրաւասութեան ամրագրման: Ան նաեւ հերքեց Իրանի կապակցութիւնը կառավարութեան կազմութեան գործընթացին:

 

 

Իր կարգին, շէյխ Ալի Ֆատլալլա կոչ ուղղեց երկրի քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն` փութալու կառավարութեան կազմութեան` նշելով, որ համայնքներու իրաւունքները «արգելակիչ մէկ երրորդ ձայնի» ամրագրումով չեն ապահովուիր, այլ` համախոհութեամբ եւ ներդաշնակ գործունէութեամբ:   Նաեւ` շէյխ Ահմետ Քապալան շեշտեց կառավարութեան կազմութեան հրամայական պահանջը` զգուշացնելով փողոցը աւազապարկերու վերածելէ:

Նոյն ծիրին մէջ, քաղաքական տարբեր կողմերու ղեկավարներ եւս շեշտեցին կառավարութեան կազմութեան անհրաժեշտութիւնը: Փաստօրէն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի կոչէն ետք,  խորհրդարանական Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի քարտուղար, երեսփոխան Անուար Խալիլ քննադատելով կառավարութեան կազմութեան արգելակիչ քայլերը, կոչ ուղղեց անյապաղ կազմելու կառավարութիւնը: Խալիլ ակնյայտօրէն իր խօսքը հասցէագրեց նախագահ Միշել Աունին` բուռն կերպով քննադատելով նախագահին կեցուածքները:

Նոյն ծիրին մէջ, ներքին գործոց նախկին նախարար, զօրավար Մարուան Շարպել մտավախութիւն յայտնեց ապահովական կացութեան բռնկումի հաւանականութեան գծով եւ կոչ ուղղեց փութալու կառավարութեան շուտափոյթ կազմութեան:

Նախազգուշական այս կոչերուն զուգահեռ, արձանագրուեցան կարգ մը դրական քայլեր եւ խոստմնալից երեւոյթներ: Արդարեւ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարներէն, երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա «դրական նախանշաններ» նկատեց շրջանային նորագոյն իրադարձութիւններու ուղղութեանց մէջ` նշելով նաեւ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի Փարիզ այցելութեան յուսատու քայլը, ուր Հարիրի պիտի տեսակցի բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ, միաժամանակ կապ պիտի հաստատուի Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան առնչակից քաղաքական ղեկավարներու եւ նախագահ Աունի հետ:

Նմանապէս, հաւաստի աղբիւրներու կարծիքով` մօտերս Պէյրութ պիտի այցելէ ֆրանսացի պատուիրակ մը` նախապատրաստական քայլերու առաքելութեամբ: Անոր այս այցելութիւնը պիտի յաջորդէ նախագահներ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Միշել Աունի միջեւ կայացած հեռաձայնային հաղորդակցութեան, ինչպէս հաստատեց երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան երէկ պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին: Ֆրանսական վերանորոգ նախաձեռնութեան կողքին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան շրջանային բանբեր Ժերալտին Կրիֆին յայտնեց, որ Լիբանանի գծով ամերիկեան կեցուածքը չէ փոխուած` վերահաստատելով իր երկրի զօրակցութիւնն ու օժանդակութեան պատրաստակամութիւնը, նախապայման նկատելով կառավարութեան կազմութիւնն ու քաղաքական բարեկարգումներու իրագործումը, որոնց շարքին նախ կու գայ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատասխանատու յանցագործներու հաշուետուութեան ներկայացումը:

Նշենք, որ «Ռազմավարական ուսումնասիրութիւններու խորհրդակցութեան» հիմնադիր դոկտ. Իմատ Ռըզք վերջերս պատկերասփռուած հարցազրոյցով քաղաքական «խոստմնալից քայլեր» աւետեց, որոնց դրական արդիւնաւորումը պիտի բացայայտուի յառաջիկայ ապրիլ ամսուան ընթացքին:

Իսկ Միջազգային դրամական ֆոնտի շրջանային պատասխանատու, նախկին նախարար Ժիհատ Ազուր վերահաստատեց նշեալ ֆոնտին պատրաստակամութիւնը Լիբանանի օժանդակութեան` սպասելով քաղաքական իրագործումներու եւ նախ եւ առաջ կառավարութեան կազմութեան:

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Կը Դատապարտէ Լոքման Սլիմի Սպանութիւնը

Յաջորդը

Հայաստանի Մէջ Երկրաշարժ. Զոհեր Եւ Վիրաւորներ Չկան

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?