Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Վեցեակէն Կարգավիճակ. Համընկնումներ Եւ Բախման Կէտեր

Փետրուար 4, 2021
| Newsletter, Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահի մամլոյ բանբերին յայտարարութիւնը, թէ` «ղարաբաղեան տագնապի լուծումը անխուսափելիօրէն պիտի յանգեցնէ Հարաւային Կովկասի մէջ նոր աշխարհաքաղաքական իրավիճակի», ուշագրաւ է տարբեր առումներով:

Այս յայտարարութիւնը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ  տարածաշրջանի ապաշրջափակման գործողութիւններուն նախանշումը: Թուրքիոյ թէ՛ արտաքին գործոց նախարարի եւ թէ՛ այժմ նախագահի մակարդակներով կը խօսուի տարածաշրջանը ապաշրջափակելու գործողութիւններու մասին: Վեցեակի հարթակը, որ հիմնականին մէջ կ՛առաջադրէ Թուրքիան, ըստ էութեան նոյն ծրագիրին մաս կազմող անվտանգութեան միաւոր ստեղծելու կը միտի:

Վեցեակը կը ձեւաչափուի իբրեւ 3+3: Այս ձեւաչափումին մէջ կայ յստակօրէն քաղաքական տրամաբանութիւն: Եթէ առաջին երեքը հարաւկովկասեան պետութիւններ են`  Հայաստանը, Ազրպէյճանն ու Վրաստանը, ապա միւս երեքը` Ռուսիոյ դաշնութիւնը, Թուրքիան եւ Իրանը: Եթէ Թուրքիան կ՛առաջադրէ վեցեակը, ապա Պաքուի  համաձայնութիւնը լռելեայն առնուած է արդէն: Անգարան է, որ պաշտօնական յայտարարութեամբ Երեւանը հրաւիրած է մասնակցելու նոր հարթակին: Երեւանը պաշտօնապէս չէ արձագանգած, սակայն կ՛ենթադրուի, որ արձագանգելու պահը կը համակարգուի Ռուսիոյ հետ: Աշխարհաքաղաքական ներկայ պահու ստեղծած պայմաններուն իրազեկուելով, վեցեակի ձեւաչափին շուրջ արդէն իսկ համաձայնութիւն գոյացած է երեք գլխաւոր խաղացողներուն միջեւ: Այսպիսով, Թեհրանը եւս ներառուած է տարածաշրջանային կարեւորագոյն այս գործընթացներուն մէջ` տրուած ըլլալով, որ ապաշրջափակման գործողութիւնները կարեւոր մասով կը վերաբերին նաեւ Իրանին եւ կ՛արձանագրուին իրանամերձ սահմաններու վրայ:

Թիֆլիսը ընդհանրապէս լուռ է, բացի Չաւուշօղլուի հրապարակումին անմիջապէս արձագանգուած հակաառաջարկէն` ձեւաւորել հարաւկովկասեան համագործակցութեան հարթակ. այսինքն` եռեակ: Ի վերջոյ նոր ապաշրջափակումները ըստ էութեան կը հակակշռեն վրացական ճանապարհային, ենթակառուցուածքային եւ տնտեսական առանձնաշնորհումները: Աւելի նուազ չափերով` նաեւ իրանեանը:

Հետաքրքրական է, որ պաշտօնապէս այս փուլին չեն բարձրաձայնուիր թրքական նախապայմանները` Երեւանի հետ բնականոն յարաբերութիւններու ձեռնարկելու: Ապաշրջափակումը փակուած սահմաններու բացում կ՛ենթադրէ առաջին հերթին, որ պայմանականացուած էր Անգարայի կողմէ: Երեք նախապայմաններէն Անգարա-Պաքու ռազմավարական գործընկերութիւնը իրականացուցած է առաջին կէտը: Տակաւին կը մնան Ցեղասպանութեան ճանաչումի պահանջէն հրաժարումն ու Թուրքիոյ հետ այսօրուան սահմաններուն պաշտօնական եւ յատուկ ճանաչումի նախապայմանները: Այս երկուքին մասին պաշտօնապէս չի բարձրաձայնուիր: Կ՛ըսուի սակայն, որ Երեւանէն քայլի կը սպասուի: Այլ առիթով` պաշտօնական Անգարայի կողմէ կ՛ըսուի, որ Թուրքիան պատրաստ է Հայաստանի հետ բնականոն յարաբերութիւններու ձեռնարկելու, եթէ հայկական կողմը յարգէ հրադադարի համաձայնութիւնը:

Այս չի նշանակեր անշուշտ, որ Անգարան հրաժարած է իր նախապայմանային քաղաքականութենէն: Վեցեակ կամ որեւէ վերպետական միաւոր կ՛ենթադրէ իր անդամներուն միջեւ հարթել առկախ խնդիրները, պատմական վէճերը…

Եթէ վեցեակը տարածաշրջանային մակարդակի վրայ գլխաւոր խաղցողներու շահերու համընկնումով ուրուագծուող ձեւաչափ է, ապա աշխարհաքաղաքական այլ կեդրոնի մէջ սկսած են վերստին իրարմէ հեռանալ աշխարհաքաղաքական ուժերու շահերը: Իտլիպի մէջ թրքական հսկողութեան կէտերը յարձակումի կ՛ենթարկուին: Առընթեր` ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը կը յայտարարէ, որ սուրիացի վարձկանները պէտք է լքեն Լեռնային Ղարաբաղը: Տակաւին ռազմաքաղաքական առեւտուրներ կան, որոնք պէտք է կայանան աշխարհագրական տարբեր միջավայրերու կեդրոններու մէջ ազդեցութեան գօտիներու ձեւաւորման գործընթացին հայեցակէտերէ դիտուած: Լիպիայէն Միջին Արեւելք եւ Արեւելեան Միջերկրականէն Հարաւային Կովկաս փաթեթային գործարքներու համակողմանի մօտեցումներ կը շարունակեն դրսեւորուիլ:

Այս շրջածիրին մէջ պէտք է ընկալել նաեւ Ռուսիոյ անվտանգութեան խորհուրդի ղեկավարի տեղակալին յայտարարութիւնը, թէ Արցախի կարգավիճակի հարցի քննարկումը կանխահաս է, եւ մանաւանդ յիշեցումը, թէ նոյնիսկ Հայաստանը չէ ճանչցած անոր անկախութիւնը: Եթէ կարգավիճակի քննարկումը խաղաթղթային գործօնի կարգավիճակ կը նախանշէ Մոսկուայի կողմէ, ապա Հայաստանի կողմէ Արցախը չճանչնալու պատճառը առաջին հերթին ընկալած պիտի ըլլայ միջնորդ պետութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարը: Բանակցող կողմի ճանաչումը համազօր է  բանակցային ձեւաչափէ դուրս գալուն:

Կը թուի, որ կարգավիճակի հարցի բարձրացման կշռոյթներուն ականատես պիտի ըլլանք ամէն անգամ, երբ աշխարհաքաղաքական այլ թէժ կէտերու մէջ բախում ունենան ռուսական եւ թրքական շահերը:

«Ա.»

Նախորդը

Բողոքի Ցոյց Ազգային Ժողովին Դիմաց` Իշխանութեան Ապազգային Գործունէութեան Դէմ

Յաջորդը

Վրաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Հանդիպում Ունեցած Է Ազրպէյճանի Դեսպանին Հետ

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?