Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վիթալի Բալասանեան Հերքեց Արցախի Պաշտպանութեան Բանակի Կազմալուծման Լուրերը

February 5, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի պետական մարմինները կը զբաղին պայմանագրային հիմունքներով, արհեստավարժ ստորաբաժանումներ կազմաւորելու հարցով: Այս մասին նշուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Վիթալի Բալասանեանի հրապարակած յայտարարութեան մէջ:

«Խօսակցութիւններ կան այն մասին, թէ Ստեփանակերտ քաղաքի Վերածնունդի հրապարակին վրայ` պետական շէնքերուն վրայ, պիտի տեղադրուի ազրպէյճանական պետական դրօշ: Հարկ կը նկատեմ կտրականապէս հերքել այդ լուրերը: Որոշ լրատուամիջոցներու եւ  ընկերային ցանցերու մէջ լուրեր կը տարածուին, թէ Արցախի պաշտպանութեան բանակը պիտի կազմալուծուի եւ ըստ այդ լուրերու  տրամաբանութեան` Արցախի սահմաններու պաշտպանութեան կազմակերպում պիտի չըլլայ: Այս առնչութեամբ կ՛ուզեմ հանրութեան տեղեկացնել, որ Արցախի պետական մարմինները ներկայիս կը զբաղին պայմանագրային հիմունքներով, արհեստավարժ ստորաբաժանումներ կազմաւորելու հարցով` մեր սահմաններու պաշտպանութեան նպատակով:

«Հասարակութեան որոշ շրջանակներու մէջ մտավախութիւն կայ, թէ օրինակ Ստեփանակերտի Կրկժան, Աջափնեակ թաղամասերը կամ Ասկերանի Իւանեան գիւղը յառաջիկային պիտի բնակեցուին  ազրպէյճանական ընտանիքներով: Խօսակցութիւններ կը շրջանառուին  նաեւ այն մասին, թէ մասնաւորապէս Ստեփանակերտի առեւտրական կէտերուն մէջ ազրպէյճանցիները կը կատարեն գնումներ: Կը վստահեցնեմ, որ նման խօսակցութիւնները զուրկ են որեւէ հիմքերէ:

«Սիրելի՛ արցախցիներ, Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն անունով կը վստահեցնեմ ձեզի, որ հակառակ պատերազմական գործողութիւններուն պատճառով մեզի հասցուած անդառնալի կորուստներուն,  պետութիւնը միշտ յանձնառու է` կատարելու բնակչութեան անվտանգութեան եւ բնականոն կենսագործունէութեան ապահովման իր պարտականութիւնները: Ըստ այդմ` կոչ կ՛ուղղեմ տուրք չտալու կեղծ լուրերուն եւ  հաւատացած ըլլալու, որ կատարուած է,  եւ պիտի կատարուի ամէն ինչ` արցախցիի արժանապատիւ կեանքին համար անհրաժեշտ պայմաններ ստեղծելու եւ ընդլայնելու ուղղութեամբ», նշուեցաւ Վիթալի Բալասանեանի յայտարարութեան մէջ:

 

 

Նախորդը

Ջալալ Յարութիւնեան Նշանակուեցաւ Բանակի Ռազմական Վերահսկողութեան Ծառայութեան Պետ

Յաջորդը

ՀՅԴ Երիտասարդներու Բողոք` Կառավարութեան Շէնքին Դիմաց

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.