Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բողոքի Ցոյց Ազգային Ժողովին Դիմաց` Իշխանութեան Ապազգային Գործունէութեան Դէմ

Փետրուար 4, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` չորեքշաբթի, 3 փետրուար 2021-ին, Հայրենիքի փրկութեան շարժումը Ազգային ժողովի շէնքին մօտ բողոքի ցոյց կատարեց` խորհրդարանի օրակարգին վրայ ներառուած շարք մը օրինագիծերու դէմ:

Ցոյցին մասնակիցները նշեցին, որ իշխող մեծամասնութիւնը չի ներկայացներ Հայաստանի շահերը, ինչպէս նաեւ դիտել տուին, որ անոնք եկած են «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Անուշ Բեղլոյեանին յիշեցնելու, որ ինք Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր է եւ ոչ թէ միլլի մեճլիսի, հետեւաբար իր յայտարարութիւնները պէտք է բխին Հայաստանի շահերէն: Անոնք Ազգային ժողովէն պահանջեցին զբաղիլ երկրին դիմաց ծառացած հրատապ խնդիրներով` գերիներու, բանակաշինութեան եւ այլ խնդիրներով, ոչ թէ ստեղծել «կալանքի դատարաններ»:

Ցուցարարները «ազրպէյճանամէտ» մակագրութեամբ պատգամաւորներու լուսանկարներ եւ «դաւաճան» մակագրութեամբ թղթիկներ նետեցին Ազգային ժողովի ճաղերէն ներս:

«Անոնք կը սպաննեն մեր երազանքը, անոնք կը սպաննեն որեւէ յարմար ժամանակ մեր կորսնցուցածը վերադարձնելու մեր պարտականութիւնը», ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Քրիստինէ Վարդանեան` անդրադառնալով «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Անուշ Բեղլոյեանի միջազգային հարթակներուն վրայ արտայայտած միտքերուն:

Վարդանեան վստահեցուց, որ իշխող ուժին մէջ կան պատգամաւորներ, որոնք պաշտօնապէս կը յայտարարեն, թէ «Իմ քայլը» խմբակցութեան պաշտօնական քաղաքականութիւնն է, որ Հատրութը, Շուշին հայկական չեն, անոնք պաշտօնապէս կը հրաժարին այս տարածքներէն: «Իմ քայլ»-ի պատգամաւորները կը փաստեն, որ ասիկա մշակուած, ծրագրուած է, իրենք կ՛իրականացնեն այս դաւաճանական ծրագիրը: Մենք կողմ ենք այդպիսի պատգամաւորները լիազօրութիւններէ զրկելուն, որովհետեւ երկիրը ունի աւելի կարեւոր խնդիրներ», դիտել տուաւ Վարդանեան:

Այնուհետեւ բողոքի ցոյցի մասնակիցները ուղղուեցան Հանրապետութեան հրապարակ` «Նիկո՛լ, դաւաճան», «Առանց Նիկոլ Հայաստան» բացագանչութիւններով: Հանրապետութեան հրապարակին վրայ` Հայաստանի կառավարութեան շէնքին մօտ, մեծ թիւով ոստիկանական ուժեր կային:

Ցուցարարները Հանրապետութեան հրապարակին վրայ յայտարարեցին. «Մենք շատ յստակ կ՛ուզենք յայտարարել, որ Նիկոլ Փաշինեանի ու իր վարչակարգին դէմ պայքարը պիտի դադրի միայն անոնց հեռացման պարագային: Թող ոեւէ մէկը` Փաշինեանը, իշխանական ուսապարկերը, յոյս չունենան, որ շարժումը կրնայ դադրիլ»:

Քաղաքացիները իրենց բողոքի ցոյցը աւարտեցին Հանրապետութեան հրապարակին վրայ:

Նշենք, որ Ազգային ժողովի շէնքին մօտ ոստիկանները ցուցարարներուն նկատմամբ բռնի ուժ կիրարկելով բերման ենթարկեցին շատեր, որոնց կարգին` ՀՅԴ-ի անդամ Գեղամ Մանուկեանը, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Յովհաննէս Ստեփանեանը եւ Գոռ Սարգսեանը, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան անդամ Տարօն Մանուկեանը եւ այլ անձեր:

Նախորդը

Իշխան Սաղաթէլեան. «Արտահերթ Ընտրութիւնները Պէտք Չէ Ըլլան Նիկոլ Փաշինեանի Վարչապետութեամբ»

Յաջորդը

Ակնարկ. Վեցեակէն Կարգավիճակ. Համընկնումներ Եւ Բախման Կէտեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?