Երէկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հետեւեալ դատապարտագիրը.
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը դատպարտէ լիբանանցի մտաւորական եւ քաղաքացիական գործիչ Լոքման Սլիմի սպանութիւնը` շեշտելով, որ կտրուկ կերպով կը մերժէ սպանութիւններու «մշակոյթը» եւ երկրի ապահովական կայունութեան խախտումը: Կեդրոնական կոմիտէն կոչ կ՛ուղղէ ապահովական մարմիններուն` բացայայտելու այս անարգ ոճիրին ծալքերը:
Կեդրոնական կոմիտէն կը յիշեցնէ, որ Լոքման Սլիմ զաւակն է Պէյրութի նախկին երեսփոխան, իրաւաբան Մոհսեն Սլիմի, որ Հայ դատի խիզախ պաշտպան էր: