Newsletter

«Միջազգային Ընտանիքը Կը Ջանայ Սուրիացի  Տեղահանուածը Պատանդ Պահել, Որպէսզի  Քաղաքական Լուծման Պարագային Անոր Գինը Գանձէ»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Միջազգային Ընտանիքը Կը Ջանայ Սուրիացի Տեղահանուածը Պատանդ Պահել, Որպէսզի Քաղաքական Լուծման Պարագային Անոր Գինը Գանձէ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Ռուսիա կատարելիք իր պաշտօնական այցելութեան նախօրեակին, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ռուսական լրատուամիջոցներուն հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին շեշտեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ պիտի քննարկէ շարք մը հարցեր, որոնք կը վերաբերին Միջին Արեւելքին եւ այդ շրջանի կարգ մը երկիրներուն մէջ բռնկած պատերազմներուն ու Լիբանանի եւ Արեւելքի քրիստոնեաներուն վրայ անոնց ունեցած հետեւանքներուն: «Պիտի քննարկուին նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին...

Պըրրի Ընդունեց Աթաբէկեանը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:  

Հաղորդագրութիւն

Հայ Ուսանողի Ֆոնտ. 61 Ուսանողներ Արդէն Ստացան Յատկացումներ

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ երեքշաբթի, 19 մարտէն սկսեալ Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ընդհանուր ծրագիրին մաս կազմող Հայ ուսանողի ֆոնտը սկսած է կատարել իր յատկացումները` հայկական վարժարաններէ շրջանաւարտ եւ Լիբանանի մէջ գործող համալսարաններ յաճախող ուսանողներու: Դիմումներու քննութենէն ետք, ցարդ 61 ուսանողներ ստացան կրթաթոշակի յատկացումներ: Յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին կապ կը հաստատուի մնացեալ դիմորդներուն հետ` ներկայանալու Երեսփոխանական գրասենեակ եւ ստանալու Հայ ուսանողի ֆոնտի իրենց...

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային  Վարչութեան Քարոզչական Յանձնախումբին.  Մանուկներու Միջազգային  Օրուան Հանդիսաւոր Նշում

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Քարոզչական Յանձնախումբին. Մանուկներու Միջազգային Օրուան Հանդիսաւոր Նշում

Ուրբաթ, 22 մարտ 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահը արտասովոր եռուզեռի մէջ էր: Հայկական վարժարաններու հարիւրաւոր աշակերտներ փութացած էին սրահ` մասնակցելու Մանուկներու միջազգային օրուան տօնակատարութեան: Այս իւրայատուկ հանդիսութիւնը կազմակերպած էր ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբը: Հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս, Լիբանանի Մանուկներու ազգային մարմինի նախագահ դոկտ. Նուր Սալման, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը, Լիբանանի...

Իրաքի Մէջ Շոգենաւի Խորտակման  Պատճառով Արձանագրուեցան  Բազմաթիւ Զոհեր

Իրաքի Մէջ Շոգենաւի Խորտակման Պատճառով Արձանագրուեցան Բազմաթիւ Զոհեր

ՀԻւսիսային Իրաքի մէջ` Մուսուլի հիւսիսը Տիգրիս գետին վրայ շոգենաւի մը ընկղմելուն պատճառով արձանագրուեցան 83 զոհեր, ներառեալ կիներ եւ մանուկներ: Շոգենաւին մէջ գտնուողներէն 41-ը փրկուած են, մնացեալին ճակատագիրը կը մնայ անյայտ: «Սքայ Նիուզ Արապիա» կը հաղորդէ, որ նաւը, որուն վրայ եղած է 170 մարդ, կրնայ միայն 75 մարդ տեղափոխել: Շոգենաւը վարձուած էր Նովրուզի տօնակատարութեան համար:

«Իսրայէլ Միացեալ Նահանգներէն  Աւելի Լաւ Բարեկամ Չունի»  Կ՛ըսէ Փոմփէօ

«Իսրայէլ Միացեալ Նահանգներէն Աւելի Լաւ Բարեկամ Չունի» Կ՛ըսէ Փոմփէօ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտարարեց. «Ամերիկան Իսրայէլի լաւագոյն բարեկամն է»: Ան իր խօսքը Իսրայէլի նախագահ Ռուպին Ռիվլինին ուղղելով ըսաւ. «Դուն գիտես, թէ Իսրայէլ Միացեալ Նահանգներէն աւելի լաւ բարեկամ չունի, եւ այդպէս կը վարուինք առօրեայ կերպով մեր իւրաքանչիւրին շահերուն հիմամբ»: «Խօսեցայ Համասի եւ Հըզպալլայի մասին, ինչպէս նաեւ բոլոր այն գոյացութիւններուն մասին, որոնք վտանգ կը ներկայացնեն շրջանի եւ Իսրայէլի...

Ազրպէյճանական Փորձերը Կրկին Ձախողեցան  Եւրոպական Խորհրդարանին Մէջ

Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կ՛ահազանգէ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Ընտրութեան Հոլովոյթին Մէջ Էրտողանի Վարչակարգի Միջամտութիւնը Այլեւս Անընդունելի Է

Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը յայտարարութիւն մը տարածած է Պոլսոյ հայոց պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի վախճանման եւ նոր պատրիարքի ընտրութեան առնչութեամբ: Յայտարարութեան մէջ յանձնախումբը իր վշտակցութիւնը կը յայտնէ պատրիարքի բարեկամներուն եւ Թուրքիոյ հայ համայնքին: «Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը ուշադրութեամբ պիտի հետեւի նոր պատրիարքի ընտրութեան հոլովոյթին: Պատրիարք Մութաֆեանի հիւանդութեան ամբողջ ընթացքին թրքական իշխանութիւնները կ՛օգտագործէին ամէն առիթ` խոչընդոտելու ընտրական հոլովոյթը, պառակտելու հայկական համայնքն...

Իշխան Սաղաթելեան` ՀՅԴ Հայաստանի  Գերագոյն Մարմինի Նոր Ներկայացուցիչ

Իշխան Սաղաթէլեան. «Քաղաքացիի Յատուկ Օր Ճշդելու Փափաքը Տրամաբանական Չեմ Գտներ»

Կառավարութիւնը ոչ թէ պէտք է ամրագրէր Քաղաքացիի օրը, այլ իր ամէնօրեայ աշխատանքով, իրական բարեփոխումներով ապացուցէր, որ այդ օրը եւ առհասարակ տարուան 365 օրերը քաղաքացիի օրեր են: «Թերթ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս հաստատումը կատարած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան` անդրադառնալով կառավարութեան որոշման` ապրիլ ամսուան վերջին շաբաթ օրը իբրեւ Հայաստանի քաղաքացիի օր նշելու առումով: Ըստ անոր, նկատի ունենալով...

Դաւիթ Իշխանեան. «Մեզի Համար  Ուղղորդող Են ՀՅԴ-ի Տեսակէտները`  «Զարգանալ Չզիջելով»

Դաւիթ Իշխանեան. «Մեզի Համար Ուղղորդող Են ՀՅԴ-ի Տեսակէտները` «Զարգանալ Չզիջելով»

«Թերթ»-ին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան` խօսելով Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վերջին յայտարարութեան մասին, թէ Մինսքի խմբակի համանախագահները նոյնպէս դէմ են արցախեան տագնապի բանակցային ձեւաչափի փոփոխութեան, հաստատած է, որ անսպասելի չէ, որ Ազրպէյճանը խմբակին յայտարարութիւնը մեկնաբանէ իր ուզած ձեւով: «Ալիեւը պէտք է նման յայտարարութիւններ կատարէ ո՛չ միայն ներքին...

«Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութիւնը  Կարելի Կրնայ Ըլլալ Միայն Տագնապի Բոլոր  Կողմերուն Ներգրաւուածութեան Պարագային»  Կը Գրէ «Ուաշինկթըն Փոսթ»

«Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութիւնը Կարելի Կրնայ Ըլլալ Միայն Տագնապի Բոլոր Կողմերուն Ներգրաւուածութեան Պարագային» Կը Գրէ «Ուաշինկթըն Փոսթ»

Տասնամեակներ տեւած ազգամիջեան տագնապէն ետք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարները կը պատրաստուին հանդիպելու` փորձելու լուծել Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ տիրող երկարատեւ տագնապը: Այս մասին կը գրէ ամերիկեան ազդեցիկ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը` ընդգծելով, որ դէտերը բաւական պատճառներ ունին թերահաւատօրէն դիտելու այն միտքը, թէ սպասուող հանդիպումը կրնայ բերել երկարատեւ հանգստութեան: «Այնուամենայնիւ, նշանակալի փոփոխութիւն կայ նախորդ նման փորձէն ետք: Որոշ տուեալներ կը փաստեն, թէ ժողովրդավարական...

Միացեալ Նահանգներու Նախագահութեան  Թեկնածու Կապարտ Դարձեալ  Կ՛արտայայտէ Հայամէտ Կեցուածքներ

Միացեալ Նահանգներու Նախագահութեան Թեկնածու Կապարտ Դարձեալ Կ՛արտայայտէ Հայամէտ Կեցուածքներ

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի անդամ, 2020-ին նախատեսուած նախագահական ընտրութեան դեմոկրատական թեկնածու Թուլսի Կապարտ հրապարակած է տեսաուղերձ մը, որուն մէջ կը խօսի Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու անհրաժեշտութեան մասին: Կապարտ կը պատմէ, որ 2017-ին այցելած է Հայաստան եւ Արցախ, այցելութեան ընթացքին կրցած է խորութեամբ հասկնալ հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները եւ անոր ունեցած կարելիութիւնները: «Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքը աւելի քան մէկ դար իր դրական...

Լիբանան Այսօր Կը Դիմաւորէ Փոմփէոն,  Իսկ Կառավարութիւնը Վաւերացուց  Զինուորական Խորհուրդի Նշանակումները

Լիբանան Այսօր Կը Դիմաւորէ Փոմփէոն, Իսկ Կառավարութիւնը Վաւերացուց Զինուորական Խորհուրդի Նշանակումները

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Լիբանան: Մինչ լիբանանեան ազգային քաղաքական ուժերու եւ անձնաւորութիւններու համախմբումը անհրաժեշտ կը նկատէ այդ այցելութեան նպատակներուն դիմադրել` նկատի ունենալով, որ անոր հիմնական նպատակը Հըզպալլայի վրայ ճնշումի բանեցումն է, ինչպէս նաեւ ներլիբանանեան սադրանքներու նախապատրաստութիւնը, միւս կողմէ, կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը`...

Սին Էլ Ֆիլի Շէնքերէն  Մէկուն Ա. Յարկը Փուլ Եկաւ

Սին Էլ Ֆիլի Շէնքերէն Մէկուն Ա. Յարկը Փուլ Եկաւ

Երէկ կէսօրին Սին էլ Ֆիլի շէնքերէն մէկուն Ա. յարկը փուլ եկաւ` շրջանին մէջ ստեղծելով ահ ու սարսափ: Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժեր փութացին փուլ եկած շէնքին վայրը` ընդգծելով, որ արձանագրուած է երկու վիրաւոր, որոնք տեղւոյն վրայ բժշկական խնամք ստացած են: Հատուցումի գերագոյն խորհուրդի նախագահ Մոհամետ Խէյր իր կարգին այցելեց դէպքին վայրը, ապա Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական...

Նախարար Կիտանեան «Օփերա Ռոմանա»-ի Պատուիրակութեան Ընկերակցութեամբ Այցելեց Նախագահ Աունի

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան նախանցեալ օր ընկերակցութեամբ Վատիկանէն եկած «Օփերա Ռոմանա» ընկերութեան պատուիրակութեան այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի: Ուխտագնացութիւններ կազմակերպող «Օփերա Ռոմանա» ընկերութեան ընկերակցեցան նաեւ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Ժոզեֆ Սփիթերի, Վատիկանի դեսպանատան գործավար գերապայծառ Իւան Սանթոս եւ Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպան Խալիլ Քարամ: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն ընդգծեց Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն ու Լիբանանի մէջ տիրող ազգային միասնականութիւնը...

Սումկայիթի Ջարդերուն 31-ամեակին Առիթով.  Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովը  Հանդէս Եկաւ Յայտարարութեամբ

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ ներկայացուած քաղաքական ուժերուն Յայտարարութիւնը

21 մարտին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէն, Արցախի ժողովրդավարական եւ Ազատ հայրենիք  կուսակցութիւնները հրապարակեցին հետեւեալ հաղորդագրութիւնը։ «Արցախի Հանրապետութիւնում սպասուող 2019թ. ՏԻՄ եւ 2020թ. համապետական ընտրութիւնների խորապատկերին որոշ խմբերի եւ անհատների աշխուժութիւնը վերջին շրջանում երբեմն անցնում է քաղաքական պարկեշտութեան սահմանները՝ ոտնահարելով անկախ պետութիւն կառուցելու գործում մեր ժողովրդի տասնամեակների ջանադիր աշխատանքը: 1991թ. անկախ հանրապետութեան հռչակումից ի վեր մեր քաղաքական օրակարգի կարեւորագոյն հարցը եղել...

Միացեալ Նահանգներու Ալապամա Նահանգը  Ճանչցած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Միացեալ Նահանգներու Ալապամա Նահանգը Ճանչցած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Միացեալ Նահանգներու Ալապամա նահանգի ղեկավար Քոյ Իվին ստորագրած է հռչակագիր մը` Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու վերաբերեալ: Այս մասին կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը` շնորհակալութիւն յայտնելով նահանգապետի որոշումին համար: Յանձնախումբը յիշեցուցած է, որ այս ստորագրութեամբ Ալապաման դարձած է Միացեալ Նահանգներու` Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած 49-րդ նահանգը: Միակ նահանգը, որ մինչեւ հիմա չէ ճանչցած Հայոց ցեղասպանութիւնը, Միսիսիփին է:  

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Շնորհաւորած Է  Ղազախստանի Նոր Նախագահը`  Պաշտօնը Ստանձնելուն Առիթով

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Շնորհաւորած Է Ղազախստանի Նոր Նախագահը` Պաշտօնը Ստանձնելուն Առիթով

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորած է Քասիմ-Ժոմարտ Թոքայեւը` Ղազախստանի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը ստանձնելուն առիթով: «Ի սրտէ կը շնորհաւորեմ ձեզ Ղազախստանի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը ստանձնելու առիթով: Վստահ եմ, որ ձեր հարուստ փորձառութիւնն ու գիտելիքները լաւագոյնս պիտի ծառայեն Ղազախստանի հետագայ զարգացման եւ յառաջընթացին: Մեր ժողովուրդներուն միջեւ ջերմ բարեկամութիւնն ու փոխադարձ յարգանքը ամուր հիմք կը հանդիսանան միջպետական յարաբերութիւններու շարունակական ամրապնդման համար: Պատրաստակամութիւն կը յայտնեմ...

Զոհրապ Մնացականեան. «Ֆրանսախօս  Երկիրներու Վեհաժողովը Հայաստանի Մէջ  Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ»

Զոհրապ Մնացականեան. «Ֆրանսախօս Երկիրներու Վեհաժողովը Հայաստանի Մէջ Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ»

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան նախարարութեան մէջ ելոյթ մը ունեցած է ֆրանսախօսութեան միջազգային օրուան առիթով: Նախարարը իր խօսքին մէջ անդրադարձած է Հայաստանի նուիրուածութեան` ֆրանսախօսութեան եւ անոր մշակոյթին մէջ ներգրաւուածութեան` մայրաքաղաք Երեւանէն մինչեւ հանրապետութեան մարզերը, նշելով յատկապէս ամէն տարուան մարտ եւ ապրիլ ամիսներու տեղի ունեցած ֆրանսախօսութեան նուիրուած ձեռնարկները: Անդրադառնալով 2018-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան 17-րդ վեհաժողովին,...

Օթթաուայի Մէջ Հիմնուեցաւ «Քանատայի  Խորհրդարանի Արցախի Ժողովուրդի  Բարեկամներ» Խմբակցութիւնը

Օթթաուայի Մէջ Հիմնուեցաւ «Քանատայի Խորհրդարանի Արցախի Ժողովուրդի Բարեկամներ» Խմբակցութիւնը

Երեքշաբթի, 19 մարտին, Քանատայի մայրաքաղաք Օթթաուայի մէջ տեղի ունեցաւ Քանատայի խորհրդարանին մէջ «Քանատայի խորհրդարանի Արցախի ժողովուրդի բարեկամներ» խմբակցութեան հիմնադիր ժողովը, որուն ներկայ գտնուեցան շարք մը երեսփոխաններ, պաշտօնատարներ եւ ՀՅԴ Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները: Ժողովը, որ տեղի ունեցաւ Պահպանողական կուսակցութեան անդամ, երեսփոխան Ռէյչըլ Հարտըրի գրասենեակին մէջ, նախ կարդաց եւ վաւերացուց նորակազմ խմբակցութեան հիմնադիր փաստաթուղթը, որմէ ետք ընտրեց երեսփոխան Հարտըրը իբրեւ...

Հայ Դատի Յանձնախումբը Քանատայի  Քաղաքական Ներկայացուցիչներուն Հետ  Արծարծեց Արցախի Հիմնահարցը

Հայ Դատի Յանձնախումբը Քանատայի Քաղաքական Ներկայացուցիչներուն Հետ Արծարծեց Արցախի Հիմնահարցը

Շաբաթ, 16 մարտին, ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահէ Անտոնեան եւ Արեւմտեան Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներ Վահիկ Յակոբեան եւ Մեղրիկ Սիւլահեան-Չափանեան Վանքուվըրի մէջ ներկայ գտնուեցան «Սաքսես Կրուփ»-ի ընդունելութեան: Սոյն հաւաքին կառավարական զանազան անձնաւորութիւններու կողքին ներկայ էին Քանատայի պաշտպանութեան նախարար Հարճիթ Սաճճան, Քանատայի նախկին ընդհանուր դատախազ եւ արդարադատութեան նախարար ճոտի Ուիլսըն Ռէյպոլտ, խորհրդարանի երեսփոխան Ալիս Ուանկ, ինչպէս նաեւ նահանգային նախարարներ...

Page 246 of 256 1 … 245 246 247 … 256