Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Լիբանան:
Մինչ լիբանանեան ազգային քաղաքական ուժերու եւ անձնաւորութիւններու համախմբումը անհրաժեշտ կը նկատէ այդ այցելութեան նպատակներուն դիմադրել` նկատի ունենալով, որ անոր հիմնական նպատակը Հըզպալլայի վրայ ճնշումի բանեցումն է, ինչպէս նաեւ ներլիբանանեան սադրանքներու նախապատրաստութիւնը, միւս կողմէ, կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի:
Նիստէն առաջ նախագահ Աուն եւ վարչապետ Հարիրի ունեցան դռնփակ հանդիպում մը:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ 59 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:
Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց կառավարութեան արագացնելու պետական ամավարկի նախագիծին պատրաստութիւնը եւ զայն ներկայացնելու կառավարութեան` զայն վաւերացնելու նպատակով:
Նիստին աւարտին տեղեկատուութեան նախարար Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, որ կառավարութիւնը կատարած է Զինուորական խորհուրդի նշանակումները, որոնց շրջագիծին մէջ գնդապետ-զօրավար Մահմուտ Ասմար նշանակուած է Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար, իսկ գնդապետ-զօրավար Էլիաս Շամիէ` նոյն խորհուրդին անդամ, գնդապետ Ամին Արամ` սպայակոյտի պետ եւ գնդապետ Միլետ Իսհաք` ընդհանուր հսկիչ:
Կառավարութիւնը քննարկեց նաեւ ելեկտրականութեան յատուկ ծրագիրը, որուն քննարկումը մէկ շաբթուան համար հետապնդելու համար կազմուեցաւ նախարարական յատուկ յանձնախումբ` գլխաւորութեամբ վարչապետ Հարիրիի:
Ան նշեց, որ կառավարութիւնը վաւերացուցած է նաեւ քարահանքերու տնօրինման քաղաքականութեան մասին կենսոլորտի նախարարութեան ներկայացուցած ծրագիրը, ինչպէս նաեւ որոշած է ապօրինի աշխատանքի պարագային համապատասխան լուծումներու դիմել:



