Ռուսիա կատարելիք իր պաշտօնական այցելութեան նախօրեակին, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ռուսական լրատուամիջոցներուն հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին շեշտեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ պիտի քննարկէ շարք մը հարցեր, որոնք կը վերաբերին Միջին Արեւելքին եւ այդ շրջանի կարգ մը երկիրներուն մէջ բռնկած պատերազմներուն ու Լիբանանի եւ Արեւելքի քրիստոնեաներուն վրայ անոնց ունեցած հետեւանքներուն: «Պիտի քննարկուին նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին մանրամասնութիւններն ու տեղահանուածներուն Սուրիա վերադարձը կազմակերպող ռուսական նախաձեռնութիւնը», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Մոսկուայի մէջ իր ունենալիք հանդիպումներուն նպատակը պիտի ըլլայ ամրապնդել լիբանանեան-ռուսական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ բոլոր մարզերուն, յատկապէս մշակութային, զբօսաշրջական եւ տնտեսական մարզերուն պարագային աշխուժացնել երկկողմանի գործակցութիւնը:
Անդրադառնալով սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին գծով միջազգային ընտանիքին կեցուածքին` նախագահ Աուն շեշտեց, որ միջազգային ընտանիքը կը ջանայ սուրիացի տեղահանուածը պատանդ պահել, որպէսզի քաղաքական լուծման պարագային անոր գինը գանձէ:
«Կան բազմաթիւ յայտարարութիւններ, թէ տունդարձ կատարող գաղթականները հալածանքի կ՛ենթարկուին եւ պատիժներ կը կրեն, սակայն մենք կը հաստատենք, որ պարագան այդպէս չէ, իսկ այս հաստատումը կատարելու համար կը մէջբերենք գաղթականներու հարցով ՄԱԿ-ի գերագոյն ներկայացուցիչ Ֆիլիփօ Կրանտիի տեղեկութիւնները` նկատի ունենալով, որ ան վերջերս Սուրիոյ մէջ այցելած է տունդարձ կատարող տեղահանուածներուն», ըսաւ նախագահ Աուն:
Ան նշեց, որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ յարաբերութիւնները բնականոն են եւ երկու պետութիւններուն միջեւ գործակցութիւն կայ` աւելցնելով, որ երկու երկիրներուն նախագահներուն միջեւ փոխադարձ այցելութիւն կատարելը յատուկ պայմաններու կարիք ունի:
Անդրադառնալով Սուրիան վերաշինելու ռուսական դերակատարութեան` նախագահ Աուն նկատել տուաւ, որ այդ գծով Լիբանան եւս կրնայ իր դերակատարութիւնը ունենալ: Ան նշեց, որ Լիբանան ոչ մէկ ձեւով պիտի ազդուի Սուրիոյ վերաշինութեան իր մասնակցութիւնը խոչընդոտել փորձող միջազգային ճնշումներէն:
Նախագահ Աուն հաւանական նկատեց նաեւ, որ Փութինի հետ քննարկէ Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի հարցը` նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ այս իմաստով Ռուսիա կրնայ պարկեշտ միջնորդի դերակատարութիւն ունենալ:
Նախագահ Աուն հաւանական նկատեց նաեւ, որ Լիբանան Ռուսիոյ հետ գործակցի նաեւ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման նպատակով:



