Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Նախագահութեան Թեկնածու Կապարտ Դարձեալ Կ՛արտայայտէ Հայամէտ Կեցուածքներ

Մարտ 22, 2019
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի անդամ, 2020-ին նախատեսուած նախագահական ընտրութեան դեմոկրատական թեկնածու Թուլսի Կապարտ հրապարակած է տեսաուղերձ մը, որուն մէջ կը խօսի Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու անհրաժեշտութեան մասին:

Կապարտ կը պատմէ, որ 2017-ին այցելած է Հայաստան եւ Արցախ, այցելութեան ընթացքին կրցած է խորութեամբ հասկնալ հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները եւ անոր ունեցած կարելիութիւնները:

«Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքը աւելի քան մէկ դար իր դրական դերակատարութիւնը ունեցած է, եւ ես հպարտ եմ աջակցելու այս համայնքին, կանգնելու Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ արդար բանաձեւի որդեգրման անոր ձգտումներուն կողքին, նպաստելու Հայաստանի եւ Արցախի քաղաքացիներու անվտանգութեան ու բարգաւաճման», ըսած է Կապարտ:

Ան աւելցուցած է, որ Միացեալ Նահանգները պէտք է վարեն այլ երկիրներու հետ համագործակցութեան եւ ոչ թէ առճակատման արտաքին քաղաքականութիւն: «Հայոց ցեղասպանութիւնը պէտք է ճանչցուի իբրեւ մարդկութեան պատմութեան ամէնէն սոսկալի յանցագործութիւններէն մէկը` հարցին արդարութեան հասնելու համար», ըսած է Կապարտ:

Խօսելով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման մասին` ան նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք է պահպանեն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան մէջ իրենց միջնորդական դերը, սակայն աւելցուցած է, որ ատիկա չի նշանակեր, որ պէտք է շարունակել կեղծ հաւասարութեան քաղաքականութիւնը եւ ազնուօրէն չխօսիլ, երբ կողմերէն ոեւէ մէկը կը խախտէ զինադուլը:

Ան ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգներ անկողմնակալ միջնորդի դերը պահպանելու համար պէտք չէ յառաջ մղեն բանաձեւ մը, որ հիմնուած պիտի ըլլայ միայն Հայաստանի եւ Արցախի կողմէ զիջումներու վրայ` Ազրպէյճանի կողմէ զիջումներու բացակայութեան պայմաններուն մէջ:

 

Նախորդը

Մայիլեան. «Տարածքներու Յանձնումը Արցախի Ու Հայաստանի Անվտանգութեան Համակարգի Փլուզումն Է»

Յաջորդը

«Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութիւնը Կարելի Կրնայ Ըլլալ Միայն Տագնապի Բոլոր Կողմերուն Ներգրաւուածութեան Պարագային» Կը Գրէ «Ուաշինկթըն Փոսթ»

RelatedPosts

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Վարդան Ղուկասեանի Նկատմամբ Նոր Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեանի Նկատմամբ Նոր Մեղադրանք Առաջադրուած Է

Հոկտեմբեր 27, 2025
Թրամփ. «Փութին Ըսաւ, Որ Բոլորը Կը Փորձէին Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Հասնիլ, Սակայն Միայն Ես Յաջողեցայ»
Հայկական

Թրամփ. «Փութին Ըսաւ, Որ Բոլորը Կը Փորձէին Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Հասնիլ, Սակայն Միայն Ես Յաջողեցայ»

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?