Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ երեքշաբթի, 19 մարտէն սկսեալ Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ընդհանուր ծրագիրին մաս կազմող Հայ ուսանողի ֆոնտը սկսած է կատարել իր յատկացումները` հայկական վարժարաններէ շրջանաւարտ եւ Լիբանանի մէջ գործող համալսարաններ յաճախող ուսանողներու:
Դիմումներու քննութենէն ետք, ցարդ 61 ուսանողներ ստացան կրթաթոշակի յատկացումներ: Յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին կապ կը հաստատուի մնացեալ դիմորդներուն հետ` ներկայանալու Երեսփոխանական գրասենեակ եւ ստանալու Հայ ուսանողի ֆոնտի իրենց բաժին ինկած յատկացումները:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ