Newsletter

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Երկուշաբթի, 25 մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու հերթական հանդիպումը: Ժողովականները անդրադարձան Լիբանանի ներքին քաղաքական բեմի վերջին զարգացումներուն: Ապա ժողովը քննարկեց Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակը համագաղութային տարողութեամբ նշելու նախաձեռնութեանց մանրամասնութիւնները: Որոշուեցաւ104-ամեակի իբրեւ կեդրոնական ծրագիր կազմակերպել քայլարշաւ մը: Այս ծիրին մէջ պէտք է նշել, որ երեք քաղաքական կուսակցութիւններու երիտասարդական եւ ուսանողական միաւորները պիտի կազմակերպեն...

Վատիկանի Մէջ Լիբանանի Դեսպանը  Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

Վատիկանի Մէջ Լիբանանի Դեսպանը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

Երկուշաբթի, 25 մարտ 2019-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպան դոկտ. Ֆարիտ Խազենը: Այցելութիւնը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու Լիբանանի ու Վատիկանի յարաբերութեանց ներկայ փուլին: Դեսպանը ջերմօրէն ողջունեց վեհափառ հայրապետին ունեցած յատուկ կապը Վատիկանի բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ եւ այն սերտ գործակցութիւնը, որ գոյութիւն ունի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Վատիկանի միջեւ: Այս առիթով դեսպանը վեհափառ հայրապետին հետ խորհրդակցեցաւ Վատիկանի...

Լեհական Պաշտօնական Պատուիրակութիւն Մը  Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան Այցելեց

Լեհական Պաշտօնական Պատուիրակութիւն Մը Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան Այցելեց

Երկուշաբթի, 25 մարտ 2019-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան այցելեց լեհական պաշտօնական պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Լեհաստանի Ազգային անվտանգութեան գրասենեակի նախագահ Փաւել Սոլոչի: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Լիբանանի մէջ Լեհաստանի դեսպան Պրոմիսլօ Նիսթոլոմիսքի, դեսպանատան հիւպատոսական անձնակազմը եւ Միջազգային օժանդակութեան լեհական կեդրոնի տնօրէն Ուոչեք Վիլք: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ, «Եու. Էն. Հապիթաթ»-ի տնօրէն Թարեք Օսէյրան: Պուրճ...

Ակնարկ.  Փոխկապակցուած,  Պայմանական Ուղերձներ

Ակնարկ. Փոխկապակցուած, Պայմանական Ուղերձներ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Լիբանան այցելութեան եւ պետութեան ղեկավարներուն հետ ունեցած հանդիպումներուն մասին հրապարակուած լրատուութիւններուն մէջ պաշտօնական Պէյրութին Ուաշինկթընի ուղղած ուղերձները կարելի է ամփոփել հետեւեալ կէտերուն մէջ: Միացեալ Նահանգներ պիտի աջակցին Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծման աշխատանքներուն: Նմանապէս Միացեալ Նահանգներ եւս կ՛առաջադրեն եւ պատրաստ են զօրակցելու սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի գործողութիւններուն: Այս երկու զօրակցական առաջադրանքներուն կը հետեւի զգուշացումի բաժինը:...

Էրտողան. «Թուրքիա Կոլանի  Հարցը Պիտի Փոխանցէ ՄԱԿ-ին»

Էրտողան. «Թուրքիա Կոլանի Հարցը Պիտի Փոխանցէ ՄԱԿ-ին»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց. «Բացառուած չէ, որ Այա Սոֆիա մուտքը դառնայ ձրի, ինչպէս նաեւ Այա Սոֆիայի անունը կարելի է թանգարանէ մզկիթի փոխել»: Էրտողան պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ կարելի չէ ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը գնելէն ետդարձ կատարել, ինչ որ ալ ըլլան ամերիկեան սպառնալիքները: «Թուրքիան Կոլանի հարցը պիտի փոխանցէ ՄԱԿ-ին», ըսաւ ան: «Կարգ մը դրամատուներ կը կանգնին...

Թրամփ Այսօր Պիտի Ստորագրէ Կոլանի Վրայ  Իսրայէլի Գերիշխանութիւնը Ճանչցող  Հռչակագիրը. Նեթանիահու Երէկ Մեկնեցաւ Ուաշինկթըն

Թրամփ Այսօր Պիտի Ստորագրէ Կոլանի Վրայ Իսրայէլի Գերիշխանութիւնը Ճանչցող Հռչակագիրը. Նեթանիահու Երէկ Մեկնեցաւ Ուաշինկթըն

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու մեկնած է Ուաշինկթըն, ուր շնորհակալութիւն պիտի յայտնէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին` Կոլանի բարձունքները հրէական պետութեան մաս ճանչնալու պատրաստակամութեան համար: Այս մասին կը գրէ իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը: Երկու երկիրներուն ղեկավարները քառօրեայ այցելութեան ծիրին մէջ պիտի ունենան երկու հանդիպումներ, որոնց ժամանակ պիտի քննարկեն նաեւ «Իրանի նախայարձակման դէմ միացեալ պայքար»-ի հարցը: Ասիկա 2017-ին Թրամփի պաշտօնավարման սկիզբէն ի...

Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերու  Յայտարարութենէն Ետք.  Թրամփ Հաստատած Է Սուրիոյ Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ  Արձանագրուած «100 Առ Հարիւրնոց» Յաղթանակը

Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերու Յայտարարութենէն Ետք. Թրամփ Հաստատած Է Սուրիոյ Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Արձանագրուած «100 Առ Հարիւրնոց» Յաղթանակը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, թէ Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած Միջազգային դաշինքը ազատագրած է ՏԱՀԵՇ-ի` Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ գրաւած տարածքներուն 100 առ հարիւրը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը: Ան ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները վախկոտ եւ ձախող կոչած է, սակայն զգուշացուցած է, որ հակառակ պարտութեան, խմբաւորումը կրնայ ժամանակ առ ժամանակ դարձեալ ինքզինք դրսեւորել: «Մենք գզօնութիւն կը պահպանենք ՏԱՀԵՇ-ի նկատմամբ`...

Կլատիս Պերեճիքլեան Ընտրուած Է  Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ  Նահանգի Առաջին Կին Վարչապետ

Կլատիս Պերեճիքլեան Ընտրուած Է Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ Նահանգի Առաջին Կին Վարչապետ

Աւստրալիահայ քաղաքական գործիչ Կլատիս Պերեճիքլեան Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգին մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն ընթացքին յաղթանակ արձանագրելով դարձած է առաջին կին գործիչը, որ ընտրուած է նահանգի վարչապետ: Այս մասին կը հաղորդէ «Սիտնի Մոռնինկ Հերըլտ» օրաթերթը: Պերեճիքլեանի քաղաքական ուժը` Ազատական կուսակցութիւնը յաղթած է ընտրութիւններուն մէջ իր հիմնական մրցակիցին` Աշխատաւորական կուսակցութեան: Ան իր յաղթանակին մասին տեղեկանալէ ետք փորձած է զսպել արցունքները եւ...

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ենոքաւանի Մէջ  Անպաշտօն Հանդիպում Ունեցած Է  Վրաստանի Վարչապետ Պախթածէի Հետ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ենոքաւանի Մէջ Անպաշտօն Հանդիպում Ունեցած Է Վրաստանի Վարչապետ Պախթածէի Հետ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Վրաստանի  վարչապետ Մամուքա Պախթածէ 24 մարտին անպաշտօն հանդիպում ունեցած են Տաւուշի մարզի Ենոքաւան շրջանին մէջ: Զրուցակիցները քննարկած են հայ-վրացական յարաբերութիւններու օրակարգային տարբեր հարցեր, անդրադարձած երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ նիւթերու: Նիկոլ Փաշինեան եւ Մամուքա Պախթածէ ընդգծած են հայ-վրացական յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը բոլոր ոլորտներուն մէջ եւ համոզում յայտնած, որ հետագայ աշխուժ փոխադարձ գործակցութիւնը պիտի նպաստէ երկու դրացի ու...

Հայաստան Ընտրուեցաւ ՄԱԿ-ի Կիներու  Կարգավիճակի Հարցերով  Յանձնախումբի Նախագահող

Հայաստան Ընտրուեցաւ ՄԱԿ-ի Կիներու Կարգավիճակի Հարցերով Յանձնախումբի Նախագահող

Հայաստան ընտրուած է ՄԱԿ-ի Կիներու կարգավիճակի հարցերով յանձնախումբի 64-րդ եւ 65-րդ նստաշրջաններու նախագահող: Այս մասին «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ գրած է Հայաստանի Հանրապետութեան աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու  նախարար Զարուհի Բաթոյեան: «Կը շնորհաւորեմ բոլորս: Նստաշրջանը ՄԱԿ-ի երկրորդ մեծագոյն իրադարձութիւնն է Ընդհանուր ժողովէն ետք: Հայաստանը յանձնախումբի անդամ ընտրուած է 2019-2023 ժամանակահատուածին համար», յայտնած է ան:

«Եթէ Ճամբան «Արկած» Չպատահի, 6 Ամիս Ետք  Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Պիտի Ունենանք,  Սակայն Այս Հոլովոյթին Պետական  Միջամտութիւնը Չի Բացառուիր»  Կ՛ըսէ Սահակ Եպս. Մաշալեան

«Եթէ Ճամբան «Արկած» Չպատահի, 6 Ամիս Ետք Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Պիտի Ունենանք, Սակայն Այս Հոլովոյթին Պետական Միջամտութիւնը Չի Բացառուիր» Կ՛ըսէ Սահակ Եպս. Մաշալեան

Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի կրօնական խորհուրդի նախագահ Սահակ եպս. Մաշալեանի համաձայն, պատրիարքական ընտրութեան վերաբերեալ որեւէ պաշտօնական կանոնագիրք չկայ: Ան այս մասին յայտնեց «Թերթ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին` անդրադառնալով յառաջիկային սպասուող Պոլսոյ պատրիարքական ընտրութեան հոլովոյթին: «1863-ի հայկական Սահմանադրութեան ուղիով կ՛ենթանանք: Ըստ ատոր, եթէ պատրիարքի աթոռը թափուր է, պէտք է քաղաքական եւ կրօնական ժողովները հաւաքուին եւ տեղապահ ընտրեն: Սակայն քաղաքական ժողով չունինք: Հետեւաբար կրօնաւորները...

Նախարար Գույումճեան. «Յարգանքով  Կը Խոնարհիմ Նախահայրերուս  Զոհողութիւններուն Առջեւ»

Նախարար Գույումճեան. «Յարգանքով Կը Խոնարհիմ Նախահայրերուս Զոհողութիւններուն Առջեւ»

Ընկերային հարցերու նախարար Ռիշար Գույումճեան շաբաթավերջին այցելեց Ժիպէյլ` ընդառաջելով Հզօր հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Զիատ Հաուաթի հրաւէրին: Ժիպէյլի մէջ Գույումճեան հանդիպումներ ունեցաւ նահանգապետ Նաթալի Մըրհի- Խուրիի, Ժիպէյլի քաղաքապետարաններու համադաշնակցութեան նախագահ Ֆատի Մարթինոսի, Ժիպէյլի քաղաքապետ Ուիսամ Զաարուրի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան Ժիպէյլի պատասխանատու Ապտօ Ապի Խալիլի հետ: Ժիպէյլ կատարած իր այցելութեան շրջագիծին մէջ Գույումճեան այցելեց նաեւ «Թռչնոց բոյն», ուր դիմաւորուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի...

ՀՅԴ «Ն. Աղբալեան» Կոմիտէին Կազմակերպած  Ժողովրդային Ճաշկերոյթին Հանգանակուեցաւ  Եօթանասուն Հազար Ամերիկեան Տոլար

ՀՅԴ «Ն. Աղբալեան» Կոմիտէին Կազմակերպած Ժողովրդային Ճաշկերոյթին Հանգանակուեցաւ Եօթանասուն Հազար Ամերիկեան Տոլար

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Ն. Աղբալեան» կոմիտէին եւ նախագահութեամբ նախկին նախարար Վրէժ եւ Սալմա Սապունճեաններուն,  շաբաթ, 23 մարտին տեղի ունեցաւ ժողովրդային ճաշկերոյթ մը «Ռիճընսի փալաս» պանդոկի սրահին մէջ: Այս առիթով ելոյթ ունեցաւ հայրենի տաղանդաւոր արուեստագէտ Ռազմիկ Ամեան` ընկերակցութեամբ իր նուագախումբին: Յայտագիրին մասնակից դարձաւ հայրենիքէն հրաւիրուած երգչուհի Մոնիքա Նազարեան: Ներկայ էին Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամներ Յակոբ Թերզեան եւ Ալեքսան Մաթոսեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ...

Միջեկեղեցական Եւ Միջկրօնական Յանձնախումբի Ժողով` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Միջեկեղեցական Եւ Միջկրօնական Յանձնախումբի Ժողով` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Ուրբաթ, 22 մարտ 2019-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ եւ ներկայութեամբ, տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջեկեղեցական ու միջկրօնական նորակազմ յանձնախումբին աշխատանքային հանդիպումը: Ժողովական աշխատանքներուն ատենապետեց Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան, իսկ ատենադպիրի պաշտօնը վարեց կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Հրանդ վրդ. Թահանեան: Վեհափառ հայրապետը ընդհանուր գիծերով պարզեց միջեկեղեցական ու միջկրօնական մարզերուն մէջ տեղի ունեցած...

Խմբագրական. Կարգավիճակի Համազգային Առաջադրանքը Անխախտ Պահելու Հրամայական

Արցախի խորհրդարանական կուսակցութիւններու միացեալ յայտարարութիւնը, ըստ էութեան կոչ է ընտրական նպատակներով Արցախի կարգավիճակի առումով կատարուող հրապարակումներու ընթացքին կարմիր գիծերը չհատելու: Տեղական ինքնակառավարման եւ համապետական ընտրութիւններու նախօրեակին, օրինաչափ է ժողովրդավար հասարակարգ ունեցող երկիրներու համար, կատարել երբեմն զգայացունց յայտարարութիւններ, մեղադրանքներ, ներկայացնել դատական յայտեր` չէզոքացնելու համար մրցակիցը կամ գերմրցունակ երեւնալու համար իբրեւ թեկնածու: Բանավէճեր, յատուկ հարցազրոյցներ, լրատուադաշտի մէջ գերաշխուժ ներկայութիւններ` այս բոլորը ընտրութիւններուն...

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի  Նախագահը Ողջունած Է Քանատայի Մէջ  «Արցախի Ժողովուրդի Խորհրդարանական  Բարեկամներ» Խումբի Ստեղծումը

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Նախագահը Ողջունած Է Քանատայի Մէջ «Արցախի Ժողովուրդի Խորհրդարանական Բարեկամներ» Խումբի Ստեղծումը

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովէն կը յայտնեն, որ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան 22 մարտին շնորհակալական նամակ ուղարկած է  Քանատայի Համայնքներու պալատի անդամ Ռէյչըլ Հարտըրին. աւելի կանուխ տեղեկացուցած էինք, թէ Օթթաուայի մէջ Հարտըրի ղեկավարութեամբ ձեւաւորուած է Արցախի ժողովուրդին հետ խորհրդարանական բարեկամներու խումբ: «Յարգելի՛ տիկին Հարտըր, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին եւ իմ անունով երախտագիտութիւն կը յայտնեմ ձեզի եւ խումբի անդամներուն` Արցախի ժողովուրդին...

Կիրօ Մանոյեան. «Հայաստանն Ու Արցախը  Պէտք Է Ռազմավարական  Համաձայնագիր Ստորագրեն»

Կիրօ Մանոյեան. «Հայաստանն Ու Արցախը Պէտք Է Ռազմավարական Համաձայնագիր Ստորագրեն»

Արցախը բանակցութիւններու սեղանին վերադարձնելը ժամանակ շահելու խաղ չէ: Այս մասին «24 Թի. Վի.»-ին ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան: «Իսկապէս խնդիր է, երբ կ՛ըսուի` Արցախի Հանրապետութիւնը ի վերջոյ  պիտի մասնակցի բանակցութիւններուն, բայց որոշ փուլէ մը ետք: Այդ որոշ  փուլը ո՞րն է, ատիկա անիմաստ է: Ասիկա կը նշանակէ, որ Արցախի իշխանութիւնները հանդէս պիտի գան...

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան  Անճէյ Քասփրչիքի Հետ  Քննարկած Է Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի  Խաղաղ Լուծման Վերաբերող Հարցեր

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Անճէյ Քասփրչիքի Հետ Քննարկած Է Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Խաղաղ Լուծման Վերաբերող Հարցեր

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը: Այս մասին կը յայտնեն վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն: Զրուցակիցները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման բանակցային հոլովոյթին առնչուող հարցեր: Կողմերը կարեւոր նկատած են փոխադարձ վստահութեան եւ խաղաղ հոլովոյթի համար անհրաժեշտ մթնոլորտի ձեւաւորման ուղղուած քայլերու  իրականացումը: Հանդիպում` Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին Հետ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան...

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը  Կոչ Ուղղած Է Չօգտագործելու Թրքական  Օդանաւային Ընկերութեան Օդանաւերը

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Մերժէ Մատրիտեան Սկզբունքները

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը երէկ վերահաստատեց իր սկզբունքային ընդդիմադիր դիրքորոշումը Մատրիտեան սկզբունքներուն նկատմամբ, որ խորապէս սխալ, անշրջահայեաց եւ անհամաչափ առաջարկ է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին կողմէ` Արցախի կարգավիճակին եւ անվտանգութեան վերաբերեալ: Ամերիկեայի Հայ դատի յանձնախումբի յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ յանձնախումբը կ՛աջակցի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին` իբրեւ կառուցողական բեմահարթակ բանակցութիւններու շարունակման համար, սակայն կը մերժէ անոր ներկայ առաջարկը (ծանօթ` իբրեւ Մատրիտեան սկզբունքներ)...

Պէյրութի Մէջ.  Մայք Փոմփէօ Լիբանանցիներուն Ձգտումները  Խոչընդոտելու Յանցանքով Կը Դատապարտէ  Հըզպալլան Եւ Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ  Տեղահանուածներու Տունդարձին

Պէյրութի Մէջ. Մայք Փոմփէօ Լիբանանցիներուն Ձգտումները Խոչընդոտելու Յանցանքով Կը Դատապարտէ Հըզպալլան Եւ Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Տեղահանուածներու Տունդարձին

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին պաշտօնական այցելութեամբ մը հասաւ Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ իշխանութեան երեք պետերուն, լիբանանցի իր պաշտօնակիցին, ներքին գործոց նախարարին, ինչպէս նաեւ պետական անձնաւորութիւններու հետ: Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Փոմփէոն, որուն ընկերակցեցան նախարարի քաղաքական հարցերու օգնական Տէյվիտ Հէյլ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերով...

Page 245 of 256 1 … 244 245 246 … 256