Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օթթաուայի Մէջ Հիմնուեցաւ «Քանատայի Խորհրդարանի Արցախի Ժողովուրդի Բարեկամներ» Խմբակցութիւնը

March 21, 2019
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 19 մարտին, Քանատայի մայրաքաղաք Օթթաուայի մէջ տեղի ունեցաւ Քանատայի խորհրդարանին մէջ «Քանատայի խորհրդարանի Արցախի ժողովուրդի բարեկամներ» խմբակցութեան հիմնադիր ժողովը, որուն ներկայ գտնուեցան շարք մը երեսփոխաններ, պաշտօնատարներ եւ ՀՅԴ Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները:

Ժողովը, որ տեղի ունեցաւ Պահպանողական կուսակցութեան անդամ, երեսփոխան Ռէյչըլ Հարտըրի գրասենեակին մէջ, նախ կարդաց եւ վաւերացուց նորակազմ խմբակցութեան հիմնադիր փաստաթուղթը, որմէ ետք ընտրեց երեսփոխան Հարտըրը իբրեւ խմբակցութեան առաջին ատենապետ: Ժողովը նաեւ լայնօրէն քննարկեց Արցախի ներկայ իրավիճակը, մարտահրաւէրները, բանակցային հոլովոյթն ու խմբակցութեան մշակելիք ծրագիրները:

Ողջունելով այս պատմական իրադարձութիւնը` Հայ դատի յանձնախումբի անդամները շնորհակալութիւն յայտնեցին հիմնադիր ժողովի մասնակիցներուն եւ մնացեալ անդամներուն: Հայ դատի գործիչները շեշտեցին սոյն խմբակցութեան կազմաւորման անհրաժեշտութիւնը` յոյս յայտնելով, որ այս խմբակցութեան աշխատանքներուն շնորհիւ, Քանատայի խորհրդարանին մէջ աւելի լայնօրէն պիտի քննարկուի արցախեան հիմնահարցի խաղաղ լուծման հոլովոյթն ու Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի անհրաժեշտութիւնը:

Իր կարգին, երեսփոխան Հարտըր շնորհակալութիւն յայտնեց Հայ դատի յանձնախումբին` սոյն համագործակցութեան համար եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց ամէն ջանք ի գործ դնելու, որ այս խմբակցութիւնը յաջողի ու զարգանայ իր առաքելութեան մէջ:

 

 

Նախորդը

Հայ Դատի Յանձնախումբը Քանատայի Քաղաքական Ներկայացուցիչներուն Հետ Արծարծեց Արցախի Հիմնահարցը

Յաջորդը

Նաղդալեան. «Հայաստանի Եւ Արցախի Դիրքորոշումներուն Մէջ Հակասութիւններ Չկան Տագնապի Լուծման Հարցով»

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.