Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաւիթ Իշխանեան. «Մեզի Համար Ուղղորդող Են ՀՅԴ-ի Տեսակէտները` «Զարգանալ Չզիջելով»

March 22, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Թերթ»-ին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան` խօսելով Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վերջին յայտարարութեան մասին, թէ Մինսքի խմբակի համանախագահները նոյնպէս դէմ են արցախեան տագնապի բանակցային ձեւաչափի փոփոխութեան, հաստատած է, որ անսպասելի չէ, որ Ազրպէյճանը խմբակին յայտարարութիւնը մեկնաբանէ իր ուզած ձեւով:

«Ալիեւը պէտք է նման յայտարարութիւններ կատարէ ո՛չ միայն ներքին սպառման համար, այլ նաեւ ազդակներ փոխանցելու Հայաստանին ու համանախագահներուն: Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումէն առաջ Հայաստանի կողմէ հնչած տեսակէտները, Արցախի դիրքորոշումը` բանակցային ձեւաչափը վերականգնելու առումով, Ազրպէյճանը մղած են համապատասխան քայլերու», յայտնած է Դաւիթ Իշխանեան:

Ըստ անոր, Ազրպէյճան կը փորձէ Հայաստանի իշխանութեան հետ հանդիպումէն առաջ քաղաքական շահաբաժիններ կորզել, որոշ «դրամագլուխ» ստեղծել: «Անոնք կը կարծեն, թէ նման առաւելութիւններ կ՛ունենան բանակցային հոլովոյթի վերսկսման փուլին», նշած է Դ. Իշխանեան:

Խօսելով այն կարծիքներուն մասին, թէ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութենէն ետք Արցախ պէտք է մասնակցի բանակցութիւններուն, հոլովոյթը փակուղի մտած է, որովհետեւ Ազրպէյճան դրական ազդակներ չի փոխանցեր, Դաւիթ Իշխանեան խորհուրդ տուած է չշտապել: Ան աւելցուցած է, որ Փաշինեան-Ալիեւ յառաջիկայ հանդիպման արդիւնքներէն կարելի է եզրակացնել` փակուղիի մէ՞ջ ենք, թէ՞ ոչ: «Չեմ կարծեր ճիշդ պիտի ըլլայ դէպքերէն առաջ  տեսակէտներ յայտնել: Հանդիպումէն ետք որոշ յստակացումներ պիտի ըլլան», աւելցուցած է ան:

Դաւիթ Իշխանեան հաստատած է, որ 1994-ին ստորագրուած զինադադարի համաձայնագիրով Արցախը ձեռք պիտի բերէ բանակցելու կարգավիճակ, որ զիջելու առիթ չէ տուած:

Խօսելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութեան մասին, որ ինք կը փորձէ պարզաբանել, թէ ո՛վ ինչպէ՛ս կը մեկնաբանէ տագնապի լուծման 3 սկզբունքները, պատգամաւորը ըսած է, որ իրեն համար ուղղորդող են ՀՅԴ-ի տեսակէտները` «զարգանալ չզիջելով»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կարելի՞ է տագնապը լուծել տարածքային ամբողջականութեան պահպանման ու ժողովուրդներու ինքնորոշման սկզբունքները միաժամանակ հաշուի առնելով, Դ. Իշխանեան ըսած է. «Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը` իբրեւ Ազրպէյճանի Ա. Հանրապետութեան իրաւայաջորդ, տարածքային իր ամբողջականութեան մէջ Արցախը չունէր ու իրաւական առումով չէ ալ ունեցած իր կազմին մէջ: Արցախի ժողովուրդը, օգտուելով իր սահմանադրական իրաւունքէն, Խորհրդային Միութեան փլուզման իբրեւ հետեւանք ձեւաւորած է իր պետականութիւնը պատմական տարածքի վրայ` որոշ տարածքներ դուրս ձգելով: Յստակացման խնդիրներ կան: Արցախի տարածքային ամբողջականութիւնը, որ խախտած է Ազրպէյճանի յարձակողապաշտութեան պատճառով, վերականգնման կարիք ունի»:

Նախորդը

«Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութիւնը Կարելի Կրնայ Ըլլալ Միայն Տագնապի Բոլոր Կողմերուն Ներգրաւուածութեան Պարագային» Կը Գրէ «Ուաշինկթըն Փոսթ»

Յաջորդը

Իշխան Սաղաթէլեան. «Քաղաքացիի Յատուկ Օր Ճշդելու Փափաքը Տրամաբանական Չեմ Գտներ»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.