Միացեալ Նահանգներու Ալապամա նահանգի ղեկավար Քոյ Իվին ստորագրած է հռչակագիր մը` Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու վերաբերեալ: Այս մասին կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը` շնորհակալութիւն յայտնելով նահանգապետի որոշումին համար:
Յանձնախումբը յիշեցուցած է, որ այս ստորագրութեամբ Ալապաման դարձած է Միացեալ Նահանգներու` Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած 49-րդ նահանգը:
Միակ նահանգը, որ մինչեւ հիմա չէ ճանչցած Հայոց ցեղասպանութիւնը, Միսիսիփին է:
 
			


