Newsletter

Պաապտայի Մէջ.  Ֆրանսախօս Երկիրներու Կազմակերպութեան  Միջազգային Օրուան Նշում

Պաապտայի Մէջ. Ֆրանսախօս Երկիրներու Կազմակերպութեան Միջազգային Օրուան Նշում

Նախագահական պալատին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան միջազգային օր: Ներկայ էին նախարարներ, երեսփոխաններ, ինչպէս նաեւ շարք մը դիւանագէտներ, որոնց շարքին` Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէ: Այս առիթով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն յայտնեց, որ ֆրանսախօս ըլլալու յատկութիւնը Լիբանանի մէջ արմատացած է հինէն ի վեր եւ կը շարունակէ այդպէս մնալ մինչեւ օրս: Նախագահ Աուն հաստատեց, որ 2020-ին Լիբանանի...

Փետերսոն Այցելեց Նախագահ  Աունի Եւ Ապպաս Իպրահիմի

Փետերսոն Այցելեց Նախագահ Աունի Եւ Ապպաս Իպրահիմի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Սուրիոյ մէջ ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Կիր Փետերսոնը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի վրայ Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքներն ու սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարը: Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան այլեւս չի կրնար հանդուրժել սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին հետեւանքները` աւելցնելով, որ անոնց տունդարձը ապահովելու համար պէտք է լուրջ քայլերու դիմել: Ան նշեց, որ...

«Զբօսաշրջութեան Մարզը  Վերածնունդ Պիտի Ապրի»  Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

«Զբօսաշրջութեան Մարզը Վերածնունդ Պիտի Ապրի» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ երկրին զբօսաշրջութեան մարզը ապաքինումի ընթացքին մէջ է: Ան նշեց, որ զբօսաշրջութեան մարզին ամէնէն բեղուն տարին կը նկատուի 2010-ն` ընդգծելով, որ նախորդ երկու տարիներուն ընթացքին նախարարութեան մշակած ծրագիրները, ինչպէս նաեւ կատարած ուսումնասիրութիւնները` զբօսաշրջական շուկաները ճշդելու եւ Լիբանանի մէջ տարբեր տեսակի զբօսաշրջութեան կարելիութիւններ ներկայացնելու զբօսաշրջիկներուն, ենթահող...

Վարչապետ Հարիրի Շնորհաւորեց Թարիք  Ժտիտէի Ծերանոցին Տարեցները

Վարչապետ Հարիրի Շնորհաւորեց Թարիք Ժտիտէի Ծերանոցին Տարեցները

Մայրերու միջազգային տօնին առիթով, վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ այցելեց Թարիք Ժտիտէի իսլամական ծերանոցը, ուր ընդունուեցաւ ծերանոցի տնօրէն խորհուրդի նախագահ Մահմուտ Ֆաուրի եւ խորհուրդի անդամներուն կողմէ: Վարչապետ Հարիրի այցելեց ծերանոցին մէջ գտնուող տարեցներուն եւ շնորհաւորեց զանոնք` իւրաքանչիւրին նուիրելով սպիտակ վարդ մը: Վարչապետ Հարիրի նշեց, որ Թարիք Ժտիտէի այս ծերանոցը այն հաստատութիւններէն է, որուն իր հայրը` նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրի հոգատարութիւն ցուցաբերած...

Դեսպան Աթաբէկեան  Այցելեց Ժրայսաթիի

Դեսպան Աթաբէկեան Այցելեց Ժրայսաթիի

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան երէկ այցելեց հանրապետութեան նախագահութեան հարցերով պետական նախարար Սելիմ Ժրայսաթիի, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք բոլոր մարզերուն մէջ ամրապնդելու հեռանկարները: Հանդիպումին ընթացքին Աթաբէկեան Ժրայսաթիի հետ քննարկեց Հայաստանի եւ Լիբանանի դատական իշխանութիւններուն միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրները: Այս մասին Ժրայսաթի յայտնեց, որ այդ համաձայնագիրները ստորագրուած են, երբ ինք արդարութեան նախարար էր` Հայաստանի նախկին դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի...

Ակնարկ.  Տնտեսական Դիմադրութիւն

Ակնարկ. Տնտեսական Դիմադրութիւն

Նախագահական պալատին մէջ հանրապետութեան նախագահին հնչեցուցած առաջադրանքները բեկումնային շրջադարձ ստեղծելու յստակ ուղերձներ կը փոխանցեն: Տնտեսական դիմադրութեան նախաձեռնելու կոչը մարտունակութեան խորհուրդ ունի իր մէջ` կտրուկ որոշումներ կայացնելու եւ իրավիճակ փոխելու ուղղութեամբ: Դիմադրութիւնը նաեւ ճգնաժամի դիմաց հակաճգնաժամային գործողութիւններու դիմելու հայեցակարգ է, որ կ՛ընդգծէ հրամայականներ: Անյետաձգելի հրամայականներ, որոնք պէտք է կատարուին անմիջականութեամբ: Դիմադրութիւնը տակաւին, ժողովրդային ներգրաւուածութիւն կ՛ենթադրէ: Եզրոյթը առաւելաբար ձեւաւորուած է Համաշխարհային Բ....

Հաղորդագրութիւն .  Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքի  Ընտրութեան Մասին

Հաղորդագրութիւն . Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքի Ընտրութեան Մասին

Հիմա, որ արդէն աւարտած է Թուրքիոյ հայոց 84-րդ պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի յուղարկաւորութիւնն ու վերջին օծման արարողութիւնը, ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդը, ցաւակցելով պատրիարքի հարազատներուն եւ հայ համայնքին, կը յայտարարէ, թէ ուշադրութեամբ պիտի հետեւի Թուրքիոյ հայոց պատրիարքութեան աթոռին համար ընտրութիւններու ընթացքին, յատկապէս` Թուրքիոյ իշխանութիւններու հաւանական միջամտութիւններուն: Մութաֆեան պատրիարքի հիւանդութեան ամբողջ տեւողութեան, Թուրքիոյ իշխանութիւնները ամէն առիթ եւ կարելիութիւն օգտագործեցին պառակտելու համայնքը,...

Իտալիոյ Լացիօ Մարզը Միաձայնութեամբ  Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Իտալիոյ Լացիօ Մարզը Միաձայնութեամբ Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Իտալիոյ Լացիօ մարզի մարզային խորհուրդը 18 մարտի իր նիստին ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակին ընդառաջ միաձայնութեամբ որդեգրած է Հայոց ցեղասպանութիւնը իբրեւ պատմական իրողութիւն ընդունելու մասին բանաձեւը: Այս մասին կը հաղորդէ Իտալիոյ հայ համայնքի կայքը: Բանաձեւը ներկայացուած է մարզային խորհուրդի անդամ Սերճիօ Փիրոցցիի նախաձեռնութեամբ: Փաստաթուղթին մէջ խորհուրդի անդամները իրենց զօրակցութիւնը կը յայտնեն հայ ազգին` պատմական ճշմարտութեան եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան համար մղած...

Հայաստանի Մէջ Յեղափոխութիւնը Պաքուն Ծանր Դրութեան Մատնած Է. BBC

Հայաստանի Մէջ Յեղափոխութիւնը Պաքուն Ծանր Դրութեան Մատնած Է. BBC

BBC-ի ռուսական ծառայութիւնը անդրադարձաւ Ատրպէյճանի մէջ նախագահ Իլհամ Ալիեւի նախաձեռնած քաղաքական եւ ընկերային-տնտեսական բարեփոխումներու նմանակումին: Թուարկելով երեւութական բարեփոխումներու պատճառները՝ հեղինակը կ՛ընդգծէ շրջանային գործընթացներու, յատկապէս՝ Հայաստանի մէջ ապրիլեան իրադարձութիւններուն ազդեցութիւնը: «Հայաստանի Թաւշեայ յեղափոխութիւնը եւ իշխանափոխութիւնը ծանր դրութեան մէջ դրած են Պաքուն, ուր չէին սպասեր դրացի երկրին մէջ այսպիսի զարգացումներու, նկատի ունենալով Երեւանի՝ Ռուսիայէն ուժեղ կախուածութեան հանգամանքը», կը նշուի հրապարակման մէջ: Նշուած...

Զբօսաշրջական Յատուկ Խորհրդաժողով` Հովանաւորութեամբ Վարչապետ Հարիրիի.   Ա. Կիտանեան. «Զբօսաշրջութիւնը Կրնայ  Երկիրը Փրկել Իր Դիմագրաւած Տնտեսական Տագնապէն»

Զբօսաշրջական Յատուկ Խորհրդաժողով` Հովանաւորութեամբ Վարչապետ Հարիրիի. Ա. Կիտանեան. «Զբօսաշրջութիւնը Կրնայ Երկիրը Փրկել Իր Դիմագրաւած Տնտեսական Տագնապէն»

Հովանաւորութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի, երէկ «Սի Սայտ Արենա»-ի մէջ տեղի ունեցաւ «Դէպի կայուն զարգացող զբօսաշրջութիւն» խորագիրը կրող զբօսաշրջական ազգային խորհրդաժողովը: Խորհրդաժողովին բացումը կատարեց վարչապետ Հարիրիի ներկայացուցիչ, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, որ իր խօսքին մէջ յայտնեց, թէ զբօսաշրջութեան նախարարութեան եւ սեփական մարզին միջեւ գործակցութեան շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ յանգիլ դէպի կայուն զարգացող զբօսաշրջութիւն: Ան բարեբախտութիւն նկատեց, որ Մըքքենզիի ծրագիրը զբօսաշրջութեան մարզը...

Հզօր Լիբանան Համախմբում.  «Եթէ Մենք Կը Փափաքինք Յաւելեալ  Արդիւնաբերութեան Մղել Այն Կառավարութիւնը,  Որուն Մաս Կը Կազմենք, Ասիկա Չի Նշանակեր,  Որ Մենք Ոեւէ Մէկը Թիրախ Կը Դարձնենք»  Շեշտեց Քանաան

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Եթէ Մենք Կը Փափաքինք Յաւելեալ Արդիւնաբերութեան Մղել Այն Կառավարութիւնը, Որուն Մաս Կը Կազմենք, Ասիկա Չի Նշանակեր, Որ Մենք Ոեւէ Մէկը Թիրախ Կը Դարձնենք» Շեշտեց Քանաան

Հզօր Լիբանան համախմբումը երէկ նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի եւ ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին քննարկեց երկիրը յուզող հարցերը: Նիստէն ետք համախմբումի ընդհանուր քարտուղար Իպրահիմ Քանաան հաստատեց, որ իրենք ամէնէն աւելի յանձնառու եղած են, որ կառավարութիւնը արդիւնաբեր ըլլայ, եւ այդ պատճառով ալ ճշդած են առաջին 100...

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը  Քննարկեց Եւրոպական Միութեան Հետ Գործակցութեան  Արարողակարգին Մաս Կազմելու Կարելիութիւնը

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Քննարկեց Եւրոպական Միութեան Հետ Գործակցութեան Արարողակարգին Մաս Կազմելու Կարելիութիւնը

Արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը երէկ նախագահութեամբ երեսփոխան Եասին Ժապերի եւ ներկայութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ այլ  երեսփոխաններու գումարեց իր ընթացիկ նիստը: Նիստին ընթացքին յանձնախումբը քննարկեց Եւրոպական Միութեան հետ գործակցութեան արարողակարգին մաս կազմելու կարելիութիւնը: Ժապեր շեշտեց, որ Եւրոպական Միութեան հետ գործակցելու արարողակարգերուն մասնակցութիւնը Լիբանանի համար լուրջ համաձայնագիրներ են, որոնք կը բարձրացնեն միջազգային գործակցութեան այս...

Արցախի Հանրապետութեան Պետական Նախարար  Գրիգորի Մարտիրոսեան Հանդիպումներ Ունեցաւ  Հայ Կաթողիկէ Ու Հայ Աւետարանական Հոգեւոր  Պետերուն Հետ Եւ Այցելեց Հայկազեան Համալսարան

Արցախի Հանրապետութեան Պետական Նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան Հանդիպումներ Ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ Ու Հայ Աւետարանական Հոգեւոր Պետերուն Հետ Եւ Այցելեց Հայկազեան Համալսարան

Աշխատանքային այցելութեամբ Լիբանան գտնուած Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեանն ու Արցախի Շահումեան շրջանի վարչակազմի ղեկավար Գագիկ Մարտիրոսեանը` ընկերակցութեամբ  Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեանի եւ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչի խորհրդատու Պետօ Տէմիրճեանի, հանդիպումներ ունեցան Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքի եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու...

Հանդիպում` ՀՅԴ ԶՈՄ-ի  Եւ ՍԴՀԿ ՏՈԵՄ-ի Միջեւ

Հանդիպում` ՀՅԴ ԶՈՄ-ի Եւ ՍԴՀԿ ՏՈԵՄ-ի Միջեւ

Միջկուսակցական-ուսանողական յարաբերութիւնները ամրապնդելու նպատակով` ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան հրաւէրով, երկուշաբթի, 18 մարտ 2018-ին, «Աբրահամ Աշճեան» երիտասարդական-ուսանողական կեդրոնին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան վարչութեան ու Քաղաքական-յարաբերական գրասենեակին եւ ՍԴՀԿ Տխրունի ուսանողական-երիտասարդական միութեան վարչութեան միջեւ: Հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցան  քաղաքական, գաղութային, ուսանողական եւ միութենական շարք մը հարցեր: Ջերմ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած այս հանդիպումը տեւեց աւելի քան երկու ժամ,...

Լեռնալիբանանի Նահանգապետն Ու Մեթնի  Գաւառապետը Այցելեցին  Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան

Լեռնալիբանանի Նահանգապետն Ու Մեթնի Գաւառապետը Այցելեցին Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան

Երէկ` երեքշաբթի, 19 մարտին, յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, Լեռնալիբանանի նահանգապետ Մոհամետ Մաքքաուի, Մեթնի գաւառապետ Մատլեն Հատտատ եւ անոնց ընկերակցող պատուիրակութիւնը պաշտօնական այցելութիւն մը տուին Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան, ուր հանդիպում ունեցան Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանին եւ քաղաքապետական խորհուրդի կարգ մը անդամներու հետ: Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց  Պուրճ Համուտի մէջ տիրող ներկայ իրավիճակը, շրջանին դիմագրաւած դժուարութիւններն ու...

Երեսփոխան Դոկտ. Նորա Արիսեան Սուրիական Կնոջական «Զահրեթ Սաուսան» Ամսագիրին. «Պատիւ Ունիմ Դառնալու Առաջին Հայ Կին Երեսփոխանը Արաբական Աշխարհին Մէջ»

Երեսփոխան Դոկտ. Նորա Արիսեան Սուրիական Կնոջական «Զահրեթ Սաուսան» Ամսագիրին. «Պատիւ Ունիմ Դառնալու Առաջին Հայ Կին Երեսփոխանը Արաբական Աշխարհին Մէջ»

Դամասկոսի մէջ հրատարակուող սուրիական կնոջական «Զահրեթ Սաուսան» ամսաթերթը Կիներու միջազգային օրուան առիթով հարցազրոյց մը ունեցած է Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան, Սուրիա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամական յանձնաժողովի նախագահ դոկտ. Նորա Արիսեանին հետ: Երեսփոխանին կենսագրականը ներկայացնելէ ետք, անդրադարձ կատարուած է Սուրիոյ քաղաքական կեանքին մէջ սուրիացի կնոջ մասնակցութեան եւ  ներկայութեան: Արիսեան ըսած է. «Պատիւ ունիմ դառնալու առաջին հայ կին երեսփոխանը արաբական աշխարհին մէջ»: Սուրիա-Հայաստան յարաբերութիւններու մասին...

Դաւիթ Տօնոյեան Եւ Կարմիր Խաչի  Միջազգային Կոմիտէի Պատասխանատուն  Քննարկած Են Տարբեր Հարցեր

Դաւիթ Տօնոյեան Եւ Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի Պատասխանատուն Քննարկած Են Տարբեր Հարցեր

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան 18 մարտին ընդունած է Հայաստանի մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) պատուիրակութեան ղեկավար Քլեր Մեյթրոն եւ կոմիտէի պաշտպանութեան  հարցերու բաժանմունքի ղեկավար Զուրապ Պուրտուլին` Հայաստանի մէջ վերջինիս առաքելութեան աւարտին առիթով: Բարձր գնահատելով առաքելութեան ընթացքին կատարած ծաւալուն աշխատանքը` Դաւիթ Տօնոյեան յաջողութիւն մաղթած է Զուրապ Պուրտուլիին` հետագայ գործունէութեան ընթացքին: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Հայաստանի...

«Արցախ Ռուց Ինվեսթմընթ» Ներդրումային  Ծրագիրներու Կազմակերպութեան 9-րդ Անդամական  Ընդհանուր Ժողով` Ներկայութեամբ Արցախի  Հանրապետութեան Պետական Նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեանի

«Արցախ Ռուց Ինվեսթմընթ» Ներդրումային Ծրագիրներու Կազմակերպութեան 9-րդ Անդամական Ընդհանուր Ժողով` Ներկայութեամբ Արցախի Հանրապետութեան Պետական Նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեանի

Կազմակերպութեամբ «Արցախ Ռուց ինվեսթմընթ» (ԱՌԻ) ներդրումային ծրագիրներու կազմակերպութեան վարչութեան, երէկ` երկուշաբթի, 18 մարտ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Մաթթօ, Այշթի Սիսայտ»-ի մէջ տեղի ունեցաւ ԱՌԻ-ի 9-րդ տարեկան Անդամական ընդհանուր ժողովը` ներկայութեամբ Արցախի Հանրապետութեան պատուիրակութեան, գլխաւորութեամբ պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեանի: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ԱՌԻ-ի վարչութեան անդամ Ստեփան Տէր Պետրոսեան, որ բարի գալուստ մաղթեց Արցախի Հանրապետութեան պատուիրակութեան անդամներուն, որոնք անցնող 2-3 օրերուն...

Երեսփոխան Յ. Բագրատունի Ընդունեց  Արցախի Պատուիրակութիւնը

Երեսփոխան Յ. Բագրատունի Ընդունեց Արցախի Պատուիրակութիւնը

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Արցախի պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեց Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան, Արցախի Շահումեան շրջանի վարչական կազմի ղեկավար Գագիկ Մարտիրոսեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան: Հանդիպումին ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի անդրադարձաւ լիբանանահայութեան իրականութեան: Քննարկուեցան նաեւ արցախեան վերջին իրադարձութիւնները եւ յատկապէս լիբանանահայութեան ներգրաւուածութիւնը Արցախի հզօրացման աշխատանքներուն,...

Նախագահ Աուն. «Փտածութեան Դէմ Պայքարի  Ծիրին Մէջ Ոչ Ոք Անձեռնմխելի Է, Եւ Իւրաքանչիւր  Ամբաստանեալ Պէտք Է Դատավարութեան Ենթարկուի»

Նախագահ Աուն. «Փտածութեան Դէմ Պայքարի Ծիրին Մէջ Ոչ Ոք Անձեռնմխելի Է, Եւ Իւրաքանչիւր Ամբաստանեալ Պէտք Է Դատավարութեան Ենթարկուի»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ մեկնարկը կատարեց Լիբանանեան տնտեսութեան հզօրացման ազգային արշաւին: Ան հաստատեց, որ երկիրը տագնապներու կուտակում կ՛ապրի` աւելցնելով, որ միայն այդ կուտակումներուն դրդապատճառը իմանալու պարագային է, որ կարելի պիտի ըլլայ զանոնք լուծել: Նախագահ Աուն նշեց, որ ինք խոստացած է լիբանանեան տնտեսութիւնը վերականգնել, փտածութեան դէմ պայքարիլ եւ տեղահանուածներու թղթածրարը լուծել: «Բոլորը պէտք է իմանան, որ...

Page 247 of 256 1 … 246 247 248 … 256