ՀԻւսիսային Իրաքի մէջ` Մուսուլի հիւսիսը Տիգրիս գետին վրայ շոգենաւի մը ընկղմելուն պատճառով արձանագրուեցան 83 զոհեր, ներառեալ կիներ եւ մանուկներ: Շոգենաւին մէջ գտնուողներէն 41-ը փրկուած են, մնացեալին ճակատագիրը կը մնայ անյայտ:
«Սքայ Նիուզ Արապիա» կը հաղորդէ, որ նաւը, որուն վրայ եղած է 170 մարդ, կրնայ միայն 75 մարդ տեղափոխել:
Շոգենաւը վարձուած էր Նովրուզի տօնակատարութեան համար:



