Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սին Էլ Ֆիլի Շէնքերէն Մէկուն Ա. Յարկը Փուլ Եկաւ

March 22, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ կէսօրին Սին էլ Ֆիլի շէնքերէն մէկուն Ա. յարկը փուլ եկաւ` շրջանին մէջ ստեղծելով ահ ու սարսափ:

Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժեր փութացին փուլ եկած շէնքին վայրը` ընդգծելով, որ արձանագրուած է երկու վիրաւոր, որոնք տեղւոյն վրայ բժշկական խնամք ստացած են:

Հատուցումի գերագոյն խորհուրդի նախագահ Մոհամետ Խէյր իր կարգին այցելեց դէպքին վայրը, ապա Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, երեսփոխան Էտի Մաալուֆի, Լեռնալիբանանի նահանգապետ Մոհամետ Մեքքաուիի  ներկայացուցիչ` Մեթնի գաւառապետ Մարլեն Հատտատի եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին որոշուեցաւ իրենց բնակարաններէն դուրս մնացած ընտանիքներուն մէկ ամսուան կեցութեան գումար ապահովել, մինչեւ որ կարելի ըլլայ շէնքին վերանորոգումը ապահովել:

Նշենք, որ Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ Մարտիկ Արսլանեան շեշտեց, որ փուլ եկած շէնքին բնակիչներուն արգիլուած է շէնք մուտք գործել` նախքան անոր վերակառուցումը:

Ան հաստատեց, որ կարեւորագոյնը այն է, թէ մարդկային վնասներ չեն արձանագրուած մասնակի փուլ եկած շէնքին պատճառով: «Մենք մեր պարտաւորութիւնը լիովին պիտի կատարենք եւ ոչ ոք փողոցը պիտի գիշերէ», հաստատեց ան:

Միւս կողմէ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի ոստիկանապետը յայտնեց, որ երէկ առաւօտեան նոյն շէնքին մասին քաղաքացիներէն ստացած են բողոք մը եւ անմիջապէս գործի լծուած են ու ճամբաները փակելէ ետք շէնքը իր բնակիչներէն դատարկած:

 

Նախորդը

Բանակի Հրամանատարը Ռիչըրտի Եւ Ռամպլինկի Հետ Քննարկեց Սահմանային Պաշտպանութեան Վերաբերող Ամերիկեան Եւ Բրիտանական Օժանդակութիւնները

Յաջորդը

Լիբանան Այսօր Կը Դիմաւորէ Փոմփէոն, Իսկ Կառավարութիւնը Վաւերացուց Զինուորական Խորհուրդի Նշանակումները

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.