Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ Այսօր Պիտի Ստորագրէ Կոլանի Վրայ Իսրայէլի Գերիշխանութիւնը Ճանչցող Հռչակագիրը. Նեթանիահու Երէկ Մեկնեցաւ Ուաշինկթըն

March 25, 2019
| Newsletter, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու մեկնած է Ուաշինկթըն, ուր շնորհակալութիւն պիտի յայտնէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին` Կոլանի բարձունքները հրէական պետութեան մաս ճանչնալու պատրաստակամութեան համար: Այս մասին կը գրէ իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը:

Երկու երկիրներուն ղեկավարները քառօրեայ այցելութեան ծիրին մէջ պիտի ունենան երկու հանդիպումներ, որոնց ժամանակ պիտի քննարկեն նաեւ «Իրանի նախայարձակման դէմ միացեալ պայքար»-ի հարցը:

Ասիկա 2017-ին Թրամփի պաշտօնավարման սկիզբէն ի վեր երկու ղեկավարներուն միջեւ 6-րդ երկկողմանի հանդիպումը պիտի ըլլայ:

«Ես կը պատրաստուիմ Թրամփի հետ խօսելու Կոլանի բարձունքներուն, անոնց վերաբերող պատմական հռչակագիրին, Սուրիոյ եւ իրանեան ճնշումներուն մասին, Միացեալ Նահանգներուն կողմէ վերականգնուած եւ սահմանուելիք պատժամիջոցներուն, ինչպէս նաեւ մեր երկիրներու` անվտանգութեան եւ հետախուզութեան ոլորտներուն միջեւ աննախադէպ համագործակցութեան մասին», ըսած է Նեթանիահու Ուաշինկթըն թռիչքէն առաջ` աւելցնելով, որ Իսրայէլ երբեք Միացեալ Նահանգներու ոեւէ նախագահի հետ այսքան լաւ եւ սերտ յարաբերութիւններ չէ ունեցած:

Նախապէս, Նեթանիահուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահին հետ` Կոլանի բարձունքներուն վերաբերեալ անոր յայտարարութիւնը պատմական քայլ անուանելով:

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը երէկ, յղում կատարելով իսրայէլեան լրատուամիջոցներուն, հաղորդեց, որ Թրամփ այսօր պիտի ստորագրէ Կոլանի վրայ Իսրայէլի գերիշխանութիւնը ճանչցող հռչակագիրը:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եիսրայէլ Քաց աւելի ուշ իր կարգին յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահը այսօր պիտի ստորագրէ այդ հռչակագիրը:

 

 

Նախորդը

Լոնտոնի Մէջ «Պրեքզիթ»-ի Դէմ Բազմամարդ Ցոյց. Նախարարներ Բրիտանիոյ Վարչապետին Դէմ «Յեղաշրջում» Մը Կը Պատրաստեն

Յաջորդը

Էրտողան. «Թուրքիա Կոլանի Հարցը Պիտի Փոխանցէ ՄԱԿ-ին»

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի

October 30, 2026
Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է  Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.