Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ «Ն. Աղբալեան» Կոմիտէին Կազմակերպած Ժողովրդային Ճաշկերոյթին Հանգանակուեցաւ Եօթանասուն Հազար Ամերիկեան Տոլար

March 25, 2019
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Ն. Աղբալեան» կոմիտէին եւ նախագահութեամբ նախկին նախարար Վրէժ եւ Սալմա Սապունճեաններուն,  շաբաթ, 23 մարտին տեղի ունեցաւ ժողովրդային ճաշկերոյթ մը «Ռիճընսի փալաս» պանդոկի սրահին մէջ: Այս առիթով ելոյթ ունեցաւ հայրենի տաղանդաւոր արուեստագէտ Ռազմիկ Ամեան` ընկերակցութեամբ իր նուագախումբին: Յայտագիրին մասնակից դարձաւ հայրենիքէն հրաւիրուած երգչուհի Մոնիքա Նազարեան: Ներկայ էին Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամներ Յակոբ Թերզեան եւ Ալեքսան Մաթոսեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեան, Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն, քաղաքապետութիւններու եւ դրամատուներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ բարերարներ ու հոծ թիւով բազմութիւն մը, որուն մէջ ակներեւ էր երիտասարդ խաւի տիրական ներկայութիւնը:

ՀՅԴ «Ն. Աղբալեան» կոմիտէին անունով ձեռնարկին բացումը կատարեց Հուրի Էմմիեան, որ անդրադարձաւ այս ձեռնարկի նպատակին` յայտնելով, որ այսպիսի հաւաքներ հայկական ընտանեկան մթնոլորտով եւ մեր մշակոյթի ակունքներէն բխող արուեստի ներկայացումով անպայման մեր բոլորին մէջ հայկականութիւնը քիչ մը աւելի կը խորացնեն: Ան անդրադարձաւ «Ն. Աղբալեան» կոմիտէութեան գործադաշտին եւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի ընդհանուր աշխատանքներուն, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, որոնք զօրավիգ կը կանգնին կոմիտէի առաքելութեան, նախանձախնդիր են նորահաս սերունդներու հայեցի առողջ դաստիարակութեան, հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ընդհանրապէս մեր հաւաքական կեանքի աշխուժութեան: Այս առիթով ան շնորհակալութիւն յայտնեց ճաշկերոյթի նախագահութիւնը ստանձնած տէր եւ տիկին Վրէժ եւ Սալմա Սապունճեաններուն, ինչպէս նաեւ այն բոլոր դրամատուներուն, քաղաքապետութիւններուն, հաստատութիւններուն եւ անհատներուն, որոնք իրենց նիւթական աջակցութեամբ մասնակից դարձան այս ձեռնարկի յաջողութեան:

Ապա ներկաներուն բուռն ծափողջոյններուն ներքեւ բեմ բարձրացաւ հայրենի տաղանդաւոր աստղ Ռազմիկ Ամեան, որ իր հմայիչ ու բարձրաթռիչ ձայնով եւ հայկական հարազատ հողէն ու ջուրէն բխող երաժշտութեամբ հմայեց սրահը լեցուցած խուռներամ բազմութիւնը, որ շատ յաճախ պարի կողքին մասնակից դարձաւ նաեւ խմբային երգեցողութեամբ: Աշուղական եւ ազգագրական երգերով ելոյթ ունեցաւ նաեւ հայրենի երգչուհի Մոնիքա Նազարեան, որուն անդրանիկ այցելութիւնն էր ասիկա Լիբանան: Ան արժանացաւ հանդիսատեսներու մեծ գնահատանքին: Ձեռնարկի ընթացքին խօսք առաւ նաեւ օրուան նախագահ Վրէժ Սապունճեան, որ բարձրօրէն գնահատեց ՀՅԴ «Ն. Աղբալեան» կոմիտէի եւ ընդհանրապէս բոլոր կոմիտէներուն աշխատանքը` լիբանանահայութեան կարիքներուն անսալու իմաստով: Ան կարեւոր նկատեց ժողովուրդի ամբողջական զօրակցութիւնը` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն, որպէսզի լիբանանահայ համայնքը շարունակէ մնալ աշխուժ եւ պաշտպան` իր իրաւունքներուն:

Այս առիթով ՀՅԴ «Ն. Աղբալեան» կոմիտէի տարեկան ծրագիրներուն համար հանգանակուեցաւ 70 հազար ամերիկեան տոլար, իսկ երգն ու պարը եւ հայկական ջերմ մթնոլորտը տեւեցին մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամեր:

Մոնիքա Նազարեան
Ռազմիկ Ամեան
Հուրի Էմմիեան
Վրէժ Սապունճեան
Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Կիպրոսի Հայութեան Պետական Եւ Ասորի Պատրիարքին Ներկայացուցիչները

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հիմնական Դերակատարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հիմնական Դերակատարութիւն

September 17, 2026
Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք  Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր  Զայն Թիրախաւորել»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր Զայն Թիրախաւորել»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.