Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եթէ Ճամբան «Արկած» Չպատահի, 6 Ամիս Ետք Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Պիտի Ունենանք, Սակայն Այս Հոլովոյթին Պետական Միջամտութիւնը Չի Բացառուիր» Կ՛ըսէ Սահակ Եպս. Մաշալեան

March 25, 2019
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի կրօնական խորհուրդի նախագահ Սահակ եպս. Մաշալեանի համաձայն, պատրիարքական ընտրութեան վերաբերեալ որեւէ պաշտօնական կանոնագիրք չկայ: Ան այս մասին յայտնեց «Թերթ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին` անդրադառնալով յառաջիկային սպասուող Պոլսոյ պատրիարքական ընտրութեան հոլովոյթին:

«1863-ի հայկական Սահմանադրութեան ուղիով կ՛ենթանանք: Ըստ ատոր, եթէ պատրիարքի աթոռը թափուր է, պէտք է քաղաքական եւ կրօնական ժողովները հաւաքուին եւ տեղապահ ընտրեն: Սակայն քաղաքական ժողով չունինք: Հետեւաբար կրօնաւորները պէտք է ըլլան: Սակայն ատիկա ալ բարդութիւն մըն է», ըսաւ ան:

Սահակ եպս. Մաշալեան պատմեց, որ ասկէ առաջ եղած չորս պատրիարքները փոխանորդներով ընտրուած են, վերջիններս  ալ կազմակերպած են այդ ընտրական շրջանը: «Հետեւաբար պէտք է Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի քառասունքը անցնի: Ատկէ ետք մենք` եկեղեցականներս, պէտք է որոշենք, թէ ինչպէ՛ս պէտք է շարունակուի ընտրութիւններուն նախապատրաստուիլը` տեղապահո՞վ, թէ՞ փոխանորդով: Երբ ատիկա որոշուի, տեղապահի ընտրութիւն կ՛ըլլայ, եւ անմիջապէս ընտրութեան նախաձեռնող մարմին պիտի ընտրուի, եւ ընտրութեան աշխատանքները պիտի սկսին», ըսաւ ան` նշելով, որ տեղապահի ընտրութեան հոլովոյթը` տեղապահին կամ փոխանորդին յանձնելու հարցը պէտք է յստակացնեն հոգեւորականները եւ համայնքը:

Սահակ եպս. Մաշալեանի համաձայն, ինք կ՛ակնկալէ, որ 6 ամիս ետք արդէն Պոլսոյ հայոց պատրիարք պիտի ունենանք, եթէ ճամբու ընթացքին արկած չըլլայ: Միեւնոյն ժամանակ, ան հաւանական նկատեց, որ այս անգամ ալ, ինչպէս նախորդ տարի` Պոլսոյ պատրիարքի տեղապահի ընտրութեան ժամանակ, թրքական պետութիւնը պիտի միջամտէ պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցող հոլովոյթներուն: «Ես չեմ կրնար ապահովել, որ այս անգամ այդպիսի բան պիտի չըլլայ», ըսաւ ան:

«Արդեօք Թուրքիոյ իշխանութիւնները պիտի ունենա՞ն իրենց սեփական թեկնածուն եւ անոր պիտի սատարե՞ն» հարցումին իբրեւ պատասխան ան կը կարծէ, որ այդպիսի բան պիտի չըլլայ: «Պետութիւնն ալ կ՛ուզէ, որ ժողովուրդին քուէով ընտրուած, ժողովուրդի, սփիւռքի, Հայաստանի կողմէ յարգանք վայելող մէկը պատրիարք ըլլայ, որովհետեւ Պոլսոյ պատրիարքը միջազգային դէմք պիտի ըլլայ: Հետեւաբար չեմ կարծեր, որ պետութիւնը կարծր քայլերու պիտի դիմէ», ըսաւ ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ իրականութեան մէջ որո՞նք կրնան ըլլալ Պոլսոյ պատրիարքի թեկնածուներ, Սահակ եպս. Մաշալեան պատասխանեց, որ մնայուն սահմանադրութիւն իրենք չունին, Թուրքիան կանոնադրութիւն պէտք է տրամադրէ, եւ պարտադիր չէ, որ նախորդ անգամները ուղարկած կանոնադրութիւնը այս անգամ ալ ուղարկէ: «Անցեալ անգամ ուղարկած կանոնադրութեան համաձայն, ընտրութիւններուն կրնային մասնակցիլ Թուրքիա ծնած հոգեւորականները, եւ նաեւ անոնք, որոնց հայրերը ծնած էին Թուրքիոյ մէջ: Մենք դարձեալ, այդ կանոնադրութիւնը հաշուի առնելով, կրնանք պատրիարքի թեկնածուներու ցանկը կազմել, սակայն պետութեան ցանկութիւնը ի՛նչ պիտի ըլլայ, չենք գիտեր», ըսաւ ան:

Նախորդը

Նախարար Գույումճեան. «Յարգանքով Կը Խոնարհիմ Նախահայրերուս Զոհողութիւններուն Առջեւ»

Յաջորդը

Հայաստան Ընտրուեցաւ ՄԱԿ-ի Կիներու Կարգավիճակի Հարցերով Յանձնախումբի Նախագահող

RelatedPosts

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
Միրզոյեան Եւ Ռաժժի Քննարկած Են  Հարաւային Կովկասի Եւ Միջին Արեւելքի Մէջ  Տեղի Ունեցող Զարգացումները
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան Եւ Ռաժժի Քննարկած Են Հարաւային Կովկասի Եւ Միջին Արեւելքի Մէջ Տեղի Ունեցող Զարգացումները

November 2, 2026
Քոպախիծէ. «Վրաստանը Կ՛ողջունէ  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի  Միջեւ Խաղաղ Հոլովոյթը»
Հայկական

Քոպախիծէ. «Վրաստանը Կ՛ողջունէ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղ Հոլովոյթը»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.