Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջեկեղեցական Եւ Միջկրօնական Յանձնախումբի Ժողով` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Մարտ 25, 2019
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 22 մարտ 2019-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ եւ ներկայութեամբ, տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջեկեղեցական ու միջկրօնական նորակազմ յանձնախումբին աշխատանքային հանդիպումը:

Ժողովական աշխատանքներուն ատենապետեց Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան, իսկ ատենադպիրի պաշտօնը վարեց կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Հրանդ վրդ. Թահանեան:

Վեհափառ հայրապետը ընդհանուր գիծերով պարզեց միջեկեղեցական ու միջկրօնական մարզերուն մէջ տեղի ունեցած վերջին զարգացումները եւ մատնանշեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կատարած աշխատանքները:

Նախ եւ առաջ, յաջորդաբար քննարկումի նիւթ դարձան եկեղեցական խորհուրդներուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մասնակցութիւնը եւ ապա աստուածաբանական երկխօսութիւններուն պարզած ներկայ վիճակը: Ինչ կը վերաբերի միջկրօնական բնագաւառին, ժողովի ընթացքին յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձաւ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնն ու յարաբերութիւնը եւ այս ծիրին մէջ կաթողիկոսութեան բերած մասնակցութիւնը` շրջանային թէ միջազգային մակարդակներու վրայ: Ներկաներուն կողմէ ներկայացուեցան զեկուցումներ` քննարկուած նիւթերուն գծով:

Աւելի քան երեք ժամ տեւած հանդիպման աւարտին, վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց վերոյիշեալ մարզերուն մէջ  կատարուած աշխատանքներուն եւ յատուկ կերպով ընդգծեց միջեկեղեցական յարաբերութեանց կարեւորութիւն տալու հրամայականը, հակառակ այն իրողութեան, որ անիկա սկսած է որոշ նահանջ արձանագրել: Վեհափառ հայրապետը յատկապէս ընդգծեց քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութեանց առաջնահերթութիւն տալու անհրաժեշտութիւնը` նկատի ունենալով ներկայ ժամանակներուն պատահած վտանգալից դէպքերը` փաստօրէն բոլոր ընկերութեանց կեանքին մէջ:

Յայտնենք, որ յանձնախումբին մաս կը կազմեն հետեւեալ անդամները.  Սեպուհ արք. Սարգիսեան, Գեղամ արք. Խաչերեան, Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, Անուշաւան արք. Դանիէլեան, Հրանդ վրդ. Թահանեան, Պօղոս վրդ. Թինքճեան, Պետրոս վրդ. Մանուէլեան, Թենի Սիմոնեան, դոկտ. Նորա Պայրագտարեան, Սեդա Խտըշեան, Քարլա Խիժոյեան, դոկտ. Ժան Սալմանեան, Գէորգ Յակոբճեան եւ Կարէն Եոսուլքանեան:

Նախորդը

Միջազգային Միջեկեղեցական Համագումարի Մասնակիցները` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Կիպրոսի Հայութեան Պետական Եւ Ասորի Պատրիարքին Ներկայացուցիչները

RelatedPosts

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում
Գաղութային

«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում

Հոկտեմբեր 25, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?