Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը: Այս մասին կը յայտնեն վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Զրուցակիցները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման բանակցային հոլովոյթին առնչուող հարցեր: Կողմերը կարեւոր նկատած են փոխադարձ վստահութեան եւ խաղաղ հոլովոյթի համար անհրաժեշտ մթնոլորտի ձեւաւորման ուղղուած քայլերու իրականացումը:
Հանդիպում` Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին Հետ
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նոր նշանակուած արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լին Թրէյսին:
Նիկոլ Փաշինեան ողջունած է Թրէյսին, շնորհաւորած զայն նոր պաշտօնին նշանակուելու առիթով եւ մաղթած յաջողութիւններ դիւանագիտական առաքելութեան մէջ: Վարչապետը ընդգծած է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը մեծապէս կարեւոր կը նկատէ Միացեալ Նահանգներու հետ գործընկերութեան շարունակական զարգացումն ու ընդլայնումը, այդ կարգին` քաղաքական եւ տնտեսական ոլորտներու մէջ: Վարչապետը նշած է, որ Հայաստանը հաստատակամօրէն կը շարժի ժողովրդավարութեան զարգացման ու ամրապնդման, փտածութեան, մենաշնորհներու դէմ պայքարի, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ խօսքի ազատութեան ուղղութեամբ ու կարեւոր նկատած նշուած մարզերուն մէջ Միացեալ Նահանգներու հետ համագործակցութիւնն ու միացեալ ծրագիրներու իրականացումը:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` Լին Թրէյսի նշած է, որ իրեն համար պատիւ է հանդիպիլ վարչապետ Փաշինեանին եւ վերահաստատել Միացեալ Նահանգներու ամուր աջակցութեան յանձնառութիւնը ինքնիշխան Հայաստանին` ժողովրդավարական օրակարգի, հակափտածութեան ջանքերու, տնտեսական ու շրջանային, ինչպէս նաեւ միջազգային անվտանգութեան խնդիրներու շուրջ շարունակական համագործակցութեան հարցերուն մէջ: Թրէյսի վստահեցուցած է, որ պաշտօնավարման ընթացքին պիտի ներդնէ անհրաժեշտ բոլոր ջանքերը` նպաստելու նաեւ երկկողմանի տնտեսական փոխադարձ գործակցութեան զարգացման:
Հանդիպումի ընթացքին զրուցակիցները քննարկած են հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու օրակարգային շարք մը հարցեր: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Լին Թրէյսի միտքեր փոխանակած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման եւ շրջանային նշանակութեան այլ նիւթերու շուրջ:




