Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Մէջ. Մայք Փոմփէօ Լիբանանցիներուն Ձգտումները Խոչընդոտելու Յանցանքով Կը Դատապարտէ Հըզպալլան Եւ Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Տեղահանուածներու Տունդարձին

Մարտ 23, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին պաշտօնական այցելութեամբ մը հասաւ Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ իշխանութեան երեք պետերուն, լիբանանցի իր պաշտօնակիցին, ներքին գործոց նախարարին, ինչպէս նաեւ պետական անձնաւորութիւններու հետ:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Փոմփէոն, որուն ընկերակցեցան նախարարի քաղաքական հարցերու օգնական Տէյվիտ Հէյլ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերով օգնական  Տէյվիտ Սաթըրֆիլտ, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտ եւ տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Քեթրին Մարթըն:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն Փոմփէոյէն պահանջեց օժանդակել Լիբանանին, որպէսզի կարենայ իր հողերուն վրայ գտնուող սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը ապահովել:

Ան շեշտեց, որ Լիբանան այլեւս ի վիճակի չէ հանդուրժելու տեղահանուածներուն ստեղծած կացութիւնը` տնտեսական, ընկերային, քաղաքական եւ ապահովական իմաստով:

Նախագահ Աուն նշեց, որ տեղահանուածներուն Սուրիա վերադարձը պիտի շարունակուի Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան մշակած ծրագիրով:

Նախագահ Աուն ողջունեց լիբանանեան-իսրայէլեան ծովային սահմանագծում կատարելու իմաստով ամերիկեան օժանդակութիւնը` շեշտելով, որ նման քայլ կ՛ամրապնդէ հարաւային Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան, ինչպէս նաեւ յանձնառու կը մնայ հարաւային Լիբանանի կայունութեան պաշտպանութեան, հակառակ իսրայէլեան օդուժի մնայուն ոտնձգութիւններուն:

Նախագահ Աուն անդրադարձաւ նաեւ լիբանանեան ազգային միասնականութեան եւ քաղաքացիական անվտանգութեան` շեշտելով, որ անոնք Լիբանանի համար առաջնահերթութիւններ են:

Ան ընդգծեց, որ Հըզպալլա լիբանանեան կուսակցութիւն մըն է, որ երկրին խորհրդարանին եւ կառավարութեան մէջ ներկայութիւն է, ինչպէս նաեւ երկրին ընկերութիւնը կազմող հիմնական շերտ մըն է, որ կը ներկայացնէ երկրին գլխաւոր համայնքներէն մէկը:

Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Փոմփէոյին` լիբանանեան բանակին տրամադրուած ամերիկեան օժանդակութիւններուն համար` նշելով, որ այդ սպառազինումը մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ ահաբեկչութեան դէմ մղուած պատերազմին ընթացքին:

Հանդիպումին ընթացքին Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ ներկայացուց սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը կազմակերպող ծրագիրը` հաստատելով, որ Լիբանան կը շարունակէ այդ ծրագիրին իրագործումը: Ան աւելցուց, որ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը ստուգած է, թէ տունդարձ կատարած ոչ մէկ սուրիացի քաղաքացի սուրիական իշխանութիւններուն կողմէ հետապնդուած է:

Նախագահ Աուն Փոմփէոյին յանձնեց քարտէս մը` Լիբանանի տարածքին տեղահանուածներուն գաղթակայանները մատնանշող:

Իր կարգին, Փոմփէօ շեշտեց, որ Ուաշինկթըն յանձնառու կը մնայ լիբանանեան-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման` ընդգծելով, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն Լիբանանին զէնք ու զինամթերք տրամադրել:

Ան անդրադարձաւ նաեւ Հըզպալլայի եւ Իրանի մասին ամերիկեան տեսակէտին ու կեցուածքներուն:

Այն Թինէի Մէջ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդունեց Փոմփէոն, որուն հետ մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը:

Այս մասին Փոմփէօ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը փափաքին ՄԱԿ-ի ջանքերուն օժանդակել` լուծելու համար Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի հարցը:

Պըրրի ընդգծեց, որ լիբանանեան ջուրերուն մէջ տնտեսական շրջանը ճշդելն ու ծովային սահմանագծումը կատարելը իրենց համար առաջնահերթութիւն է:

Քննարկուեցան նաեւ Հըզպալլայի դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներն ու անոնց ունեցած հետեւանքները Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն վրայ:

Այս առումով Պըրրի շեշտեց, որ լիբանանեան խորհրդարանին օրէնքները կը համապատասխանեն միջազգային օրէնքներուն եւ նիւթական գործառնութիւններուն մէջ թափանցիկութեան պահպանումին:

Պըրրի ընդգծեց, որ Հըզպալլա լիբանանեան կուսակցութիւն է, որ ներկայացուած է խորհրդարանին եւ նախարարաց խորհուրդին մէջ, «իսկ անոր եւ լիբանանցիներուն դիմադրութեան դրդապատճառը Իսրայէլի կողմէ լիբանանեան հողերուն բռնագրաւումն է», հաստատեց Պըրրի:

Վարչապետ Հարիրիի Հետ

Վարչապետ Սաատ Հարիրի իր կարգին ընդունեց Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտութեան պետը:

Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Փոմփէօ շեշտեց Ուաշինկթընի զօրակցութիւնը Լիբանանի կայունութեան, ինչպէս նաեւ քննարկեց «Սետր»-ի խորհրդաժողովին մանրամասնութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին ամերիկեան պատուիրակութեան կողքին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ նախկին նախարար Ղաթթաս Խուրի:

Հանդիպումէն ետք Փոմփէօ դարձաւ վարչապետին ճաշի հիւրը:

Պասիլի Մօտ

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց ամերիկացի իր պաշտօնակիցը:

Հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Փոմփէօ շեշտեց, որ Ուաշինկթըն կը զօրակցի տեղահանուածներու անյապաղ տունդարձին:

Ան նշեց, որ Հըզպալլա կը ձեւացնէ, թէ ինք կը զօրակցի լիբանանեան պետութեան:

«Հըզպալլա կը խոչընդոտէ լիբանանցիներուն ձգտումները եւ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած է, որովհետեւ ան ուղղակի վախ կը պատճառէ ի նպաստ իրեն քուէարկողներուն: Հըզպալլայի աշխատանքը լիբանանցիներու շահերուն կը հակադրուի», շեշտեց Փոմփէօ:

Ան աւելցուց, որ Իրան կը փափաքի Լիբանանի կայունութիւնը քանդել` հաստատելով, որ Իրան դրամի լուացում կը կատարէ եւ Լիբանանը կը զետեղէ միջազգային օրէնքի լուսարձակին տակ, իսկ Հըզպալլա լիբանանեան պետութեան հարստութիւնները կը գողնայ եւ պատճառ կը դառնայ, որ լիբանանցիները տուժեն:

Փոմփէօ շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն ճնշել Իրանը եւ անոր ահաբեկչական ընթացքը, իսկ Հըզպալլայի նկատմամբ Իրանի զօրակցութիւնը լիբանանեան պետութեան վտանգ կը սպառնայ, ինչպէս նաեւ կը նսեմացնէ Պաղեստինեան հարցին լուծումը` խաղաղութեան հաստատութեան ընդմէջէն:

Փոմփէօ հաստատեց, որ Հըզպալլայի դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներուն նպատակն է Իրանէն անոր ֆինանսաւորումին վերջ տալ:

Իր կարգին, Պասիլ յայտնեց, որ Փոմփէոյի այցելութիւնը կը փաստէ երկկողմանի բարեկամական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան կայունութիւնը:

Պասիլ ըսաւ, թէ ամերիկացի պաշտօնատարին հետ քննարկած է երկրին սահմանային հարցերն ու գերիշխանութեան կարեւորութիւնը: «Քաղաքական եւ դիւանագիտական յաղթանակը նոյնքան կարեւոր է, որքան այլ յաղթանակներ», շեշտեց ան:

Պասիլ շեշտեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան` աւելցնելով ինքզինք պաշտպանելու Լիբանանի իրաւունքը:

Պասիլ Միացեալ Նահանգներէն պահանջեց օժանդակել Լիբանանին` ապահովելու համար տեղահանուածներուն ապահով տունդարձը:

Իսկ Հըզպալլայի հարցով Պասիլ շեշտեց, որ Հըզպալլա լիբանանեան կուսակցութիւն մըն է, որ ահաբեկչական չէ. ան աւելցուց, որ Հըզպալլան ահաբեկչական նկատելը Լիբանանին չի վերաբերիր:

«Մենք կառչած կը մնանք լիբանանեան ազգային միասնականութեան եւ Միացեալ Նահանգներու հետ մեր ունեցած լաւ յարաբերութիւններուն», հաստատեց Պասիլ:

Նշենք, որ Փոմփէօ Լիբանան ժամանելէ անմիջապէս ետք հանդիպում մը ունեցաւ ներքին գործոց նախարար Ռայա Հասանի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Երեկոյեան Փոմփէօ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ:

Փոմփէօ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ:

Նախորդը

«Միջազգային Ընտանիքը Կը Ջանայ Սուրիացի Տեղահանուածը Պատանդ Պահել, Որպէսզի Քաղաքական Լուծման Պարագային Անոր Գինը Գանձէ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Յաջորդը

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Մերժէ Մատրիտեան Սկզբունքները

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?