Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեհական Պաշտօնական Պատուիրակութիւն Մը Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան Այցելեց

March 27, 2019
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկուշաբթի, 25 մարտ 2019-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան այցելեց լեհական պաշտօնական պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Լեհաստանի Ազգային անվտանգութեան գրասենեակի նախագահ Փաւել Սոլոչի:

Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Լիբանանի մէջ Լեհաստանի դեսպան Պրոմիսլօ Նիսթոլոմիսքի, դեսպանատան հիւպատոսական անձնակազմը եւ Միջազգային օժանդակութեան լեհական կեդրոնի տնօրէն Ուոչեք Վիլք: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ, «Եու. Էն. Հապիթաթ»-ի տնօրէն Թարեք Օսէյրան:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, դիմաւորելով լեհական պատուիրակութիւնը, նախ ընդհանուր կերպով ներկայացուց Պուրճ Համուտի կազմութեան պատմութիւնը, շրջանի զարգացման ծրագիրները եւ անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրները կենսոլորտային, ենթակառուցուածքներու եւ քաղաքաշինութեան մարզերուն մէջ:

«Եու. Էն. Հապիթաթ»-ի տնօրէն Թարեք Օսէյրան համապարփակ կերպով ներկայացուց Պուրճ Համուտի շրջանին մէջ լեհական ֆինանսաւորումով իրագործուելիք ծրագիրներու նախագիծը` հիմնականօրէն կեդրոնանալով Նոր Մարաշ թաղամասի վերանորոգման ու բարեզարդման ծրագիրին վրայ:

Միջազգային օժանդակութեան լեհական կեդրոնի տնօրէն Ուոչեք Վիլք անդրադարձաւ Պուրճ Համուտին տրամադրուող լեհական օժանդակութիւններուն, որոնցմէ հիմնականօրէն կ՛օգտուին Պուրճ Համուտի մէջ բնակող սուրիացի, իրաքցի եւ պաղեստինցի գաղթականները: Ան շեշտեց այդ օժանդակութիւններէն օգտուելու իմաստով զանոնք նաեւ շրջանին մէջ բնակող եւ աղքատութեան շեմէն վար գտնուող լիբանանցիներուն տրամադրելու անհրաժեշտութիւնը:

Քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան անդրադարձաւ նաեւ կրթական մարզին մէջ Լեհաստանի հետ համագործակցութեան կարեւորութեան` ընդգծելով մանաւանդ յառաջադէմ ուսանողներուն Լեհաստանի մէջ համալսարանական կրթութիւն ստանալու համար կրթաթոշակ տրամադրելու անհրաժեշտութիւնը: Լեհաստանի դեսպանը, պատասխանելով քաղաքապետի այս առաջարկին, ըսաւ, որ Լիբանան արդէն իսկ կը գտնուի կրթական մարզին մէջ Լեհաստանի առաջնահերթութիւններու ցանկին վրայ: Այս իմաստով Լեհաստանը, պատրաստակամ է 5-6 լիբանանցի ուսանողի կրթաթոշակ տրամադրելու` զուտ գիտական, ճարտարագիտական եւ արհեստագիտական մասնագիտութիւններու մէջ լեհական համալսարաններուն մէջ իրենց ուսումը շարունակելու համար:

Միջազգային օժանդակութեան լեհական կեդրոնի տնօրէն Ուոչեք Վիլք խօսեցաւ Պուրճ Համուտի մէջ կանաչ տարածքներու ստեղծման կարելիութիւններուն մասին:

Քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան լեհական պատուիրակութեան ներկայացուց հեռանկարային ծրագիր մը, որուն իրագործումը կը տեւէ 2-3 տարի: Այս ծրագիրին իրագործումով Պուրճ Համուտի Արմենիա պողոտան պիտի վերածուի բաց շուկայի, որուն ընդմէջէն պիտի վերակենդանանայ լիբանանեան աւանդական շուկայի գաղափարը` իբրեւ ո՛չ միայն առեւտուրի վայր, այլ նաեւ մանաւանդ իբրեւ ընկերային միջավայր: Ան այս ծրագիրի ծիրին մէջ խօսեցաւ Արմենիա պողոտան կիրակի օրերը ինքնաշարժներէ ազատ շրջանի վերածելու եւ քալելու համար ազատ տարածքի մը վերածելու սկզբունքին մասին, ուր նաեւ մանուկներու համար յատուկ ժամանցի վայրեր ստեղծուին: Այս ծրագիրին ծիրին մէջ Պօղոսեան նաեւ անդրադարձաւ պողոտայի բարեզարդման, լուսաւորման համակարգի ամբողջական փոփոխութեան, մայթերու վերանորոգման եւ այլ հեռանկարային գաղափարներու մասին:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ճորճ Գրիգորեան խօսք առնելով ընդգծեց, որ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողները ճահիճներու վրայ ստեղծեցին Պուրճ Համուտը` տախտակէ տնակներէն մինչեւ քարաշէն շէնքեր: Մեկնելով այս իրականութենէն, շրջանին մէջ թաղերը նեղ են, որովհետեւ նախատեսուած են միայն քալելու համար: Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը կ՛աշխատի պահպանել այս առանձնայատկութիւնը` միաժամանակ քաղաքը պատշաճեցնելով 21-րդ դարու չափանիշներուն:

Աւարտին քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան իր ուրախութիւնը յայտնեց լեհական պատուիրակութեան այցելութեան եւ համագործակցութեան հեռանկարներուն համար: Կատարուեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում` Պուրճ Համուտի քաղաքապետին եւ Լեհաստանի Ազգային անվտանգութեան գրասենեակի նախագահ Փաւել Սոլոչի միջեւ:

 

 

Նախորդը

Նարեկ Արքեպիսկոպոս Հիւրընկալեց Միջեկեղեցական Երիտասարդաց Համագումարին Մասնակիցները

Յաջորդը

Անդրադարձ. Մոնրոյի Եւ «Լինքէյճ»-ի Սկզբունքներու Վերականգնումը

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան.  Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր,  Պատճառներ, Արդիւնքներ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան. Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր, Պատճառներ, Արդիւնքներ

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.