Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց. «Բացառուած չէ, որ Այա Սոֆիա մուտքը դառնայ ձրի, ինչպէս նաեւ Այա Սոֆիայի անունը կարելի է թանգարանէ մզկիթի փոխել»:
Էրտողան պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ կարելի չէ ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը գնելէն ետդարձ կատարել, ինչ որ ալ ըլլան ամերիկեան սպառնալիքները:
«Թուրքիան Կոլանի հարցը պիտի փոխանցէ ՄԱԿ-ին», ըսաւ ան:
«Կարգ մը դրամատուներ կը կանգնին Թուրքիոյ մէջ սակարանի գիներուն վերիվայրումներուն ետին», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Նոր Զելանտայի յարձակումը ահաբեկչական կազմակերպուած արարք է եւ ոչ թէ անհատական արարք»:



