Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Վրաստանի վարչապետ Մամուքա Պախթածէ 24 մարտին անպաշտօն հանդիպում ունեցած են Տաւուշի մարզի Ենոքաւան շրջանին մէջ:
Զրուցակիցները քննարկած են հայ-վրացական յարաբերութիւններու օրակարգային տարբեր հարցեր, անդրադարձած երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ նիւթերու:
Նիկոլ Փաշինեան եւ Մամուքա Պախթածէ ընդգծած են հայ-վրացական յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը բոլոր ոլորտներուն մէջ եւ համոզում յայտնած, որ հետագայ աշխուժ փոխադարձ գործակցութիւնը պիտի նպաստէ երկու դրացի ու բարեկամ պետութիւններուն միջեւ շարք մը ուղղութիւններով համագործակցութեան զարգացման ու ընդլայնման:
Այս շրջագիծին մէջ կողմերը կարեւոր նկատած են ո՛չ միայն պաշտօնական, այլ նաեւ նման անպաշտօն հանդիպումներու յաճախակի կազմակերպումը:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Մամուքա Պախթածէի նախորդ անպաշտօն հանդիպումը տեղի ունեցած էր 15 յունուարին` Վրաստանի Փոլնիսի քաղաքին մէջ:



