Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Մերժէ Մատրիտեան Սկզբունքները

Մարտ 23, 2019
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը երէկ վերահաստատեց իր սկզբունքային ընդդիմադիր դիրքորոշումը Մատրիտեան սկզբունքներուն նկատմամբ, որ խորապէս սխալ, անշրջահայեաց եւ անհամաչափ առաջարկ է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին կողմէ` Արցախի կարգավիճակին եւ անվտանգութեան վերաբերեալ:

Ամերիկեայի Հայ դատի յանձնախումբի յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ յանձնախումբը կ՛աջակցի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին` իբրեւ կառուցողական բեմահարթակ բանակցութիւններու շարունակման համար, սակայն կը մերժէ անոր ներկայ առաջարկը (ծանօթ` իբրեւ Մատրիտեան սկզբունքներ) իբրեւ խորապէս թերի եւ, ի վերջոյ, անարդիւնաւէտ ծրագիր, որ կը խոչընդոտէ խաղաղութեան գործին եւ կ՛աճեցնէ պատերազմի վերսկսման վտանգը:

Ըստ յայտարարութեան, Մատրիտեան սկզբունքները հիմնովին անհամաչափ պահանջներ կը բովանդակեն` Արցախի կողմէ հողերու եւ անվտանգութեան նախնական, ռազմավարական եւ անվերադարձ զիջումներ` Ազրպէյճանի կողմէ կարգավիճակի վերաբերեալ աղօտ, յետաձգելի եւ յետադարձելի խոստումներու դիմաց: Հայ դատի յանձնախումբը կը շեշտէ, որ Մատրիտեան սկզբունքներուն սահմանումներով ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը դրուի Արցախի վրայ, իսկ Ազրպէյճան միայն կը շահի, եւ այս ոչ ճշգրիտ բանաձեւը խաղաղութեան պիտի չյանգեցնէ, այլ թատերաբեմ պիտի ըլլայ տագնապի շարունակութեան եւ շրջանային անկայունութեան համար:

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ վերջին 25 տարիներուն ընթացքին Ազրպէյճան հետեւողականօրէն խախտած է 1994-ի զինադուլին մասին եռակողմ համաձայնագիրով ստանձնած պարտաւորութիւնները` լուրջ կասկածի տակ դնելով, թէ արդեօք երկրի ներկայ կամ ապագայ իշխանութիւնները գործնականօրէն պիտի յարգե՞ն յանձնառութիւնները Մատրիտեան սկզբունքներով խաղաղութեան հաստատման համար:

«Մատրիտեան սկզբունքները կը հակասեն մեր ամերիկեան` ժողովրդավարական ինքնորոշման վերաբերեալ պատկերացումներուն: Ժողովրդավարական եւ կայուն լուծումը պէտք է հիմնուած ըլլայ ազատ քաղաքացիներու` իրենց ընտրած կառավարութեան իշխանութեան տակ ապրելու իրաւունքին վրայ», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:

Առանձնայատուկ կերպով կը շեշտուի, որ Մատրիտեան սկզբունքներուն մէջ անդրադարձ անգամ չկայ Ազրպէյճանի կողմէ Արծուաշէնի (Հայաստանի Հանրապետութիւն), ամբողջութեամբ Շահումեանի եւ մասնակիօրէն Մարտակերտի ու Մարտունիի (Արցախի Հանրապետութիւն) տարածքներու բռնագրաւման մասին, եւ չկայ որեւէ հիմք` հայոց պատմութեան, Ազրպէյճանի քաղաքական յայտարարութիւններու, ժողովրդավարական սկզբունքներու, միջազգային իրաւունքի կամ տագնապներու լուծման նախադէպերու ծիրին մէջ` հաւատալու համար, որ Արցախի կողմէ իր գերիշխան տարածքներու մէկ ընդարձակ մասին յանձնումը երկիրը պիտի դարձնէ աւելի անվտանգ, իսկ Ազրպէյճանը` նուազ յարձակողապաշտ, որ եթէ Արցախը հողային զիջումներ կատարէ, ատոր չեն հետեւիր Ազրպէյճանի` Արցախի գերիշխանութեան նկատմամբ ոտնձգութիւնները, որ Արցախի շուրջ տեղակայուած խաղաղապահները պիտի կանխարգիլեն Ազրպէյճանի նոր յարձակումները:

«Արցախի անկախ հանրապետութեան ազատ քաղաքացիները, որոնք խորհրդային` տասնամեակներ տեւած իշխանութեան եւ ազրպէյճանական նախայարձակումէն ետք զարգացած ժողովրդավարութիւն կառուցած են, արժանի են նոյն ժողովրդավարական ազատութիւններուն եւ մարդու իրաւունքներուն, որոնք մենք կը գնահատենք իբրեւ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներ: Ըստ էութեան, Արցախը ամերիկեան պատմութիւն է, որ կը ներկայացնէ օտար իշխանութիւններու դէմ ազատ մարդոց յաղթանակը: Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիները իրենց` ժողովրդավարական կերպով ընտրուած կառավարութեան միջոցով կրնան որոշումներ կայացնել իրենց սեփական ճակատագիրին վերաբերեալ, ներառեալ` կարգավիճակի եւ անվտանգութեան վերաբերեալ միջազգային բանակցութիւններուն Արցախի լիարժէք վերադարձին միջոցով: Արցախ ժողովրդավարական, քրիստոնեայ, արեւմտամէտ հանրապետութիւն է, որ յստակօրէն կանգնած է անհանդուրժողական ուժերու դէմ եւ արժանի է ամերիկեան հզօր աջակցութեան», կը նշուի Հայ դատի յանձնախումբի յայտարարութեան մէջ, ուր նաեւ Միացեալ Նահանգներուն կոչ կ՛ուղղուի` շարունակելու աշխատանքները ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին մէջ ու խրախուսելու կողմերը` մէկ կողմ դնելու ձախողած Մատրիտեան սկզբունքներու` խորապէս թերի փուլային եւ անհամաչափ մօտեցումը, մշակելու ժողովրդավարութեան եւ ինքնորոշման վրայ հիմնուած նոր մօտեցում, որ ուղղուած է փաթեթային ձեւաչափով Արցախի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տակաւին չլուծուած` կարգավիճակի եւ անվտանգութեան մասին հարցերու լուծման, միանալու Հայաստանի պահանջին` բոլոր միջազգային բանակացութիւններուն եւ իր ապագային վերաբերեալ որոշումներու կայացման Արցախի մասնակցութեան:

 

Նախորդը

Պէյրութի Մէջ. Մայք Փոմփէօ Լիբանանցիներուն Ձգտումները Խոչընդոտելու Յանցանքով Կը Դատապարտէ Հըզպալլան Եւ Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Տեղահանուածներու Տունդարձին

Յաջորդը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Անճէյ Քասփրչիքի Հետ Քննարկած Է Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Խաղաղ Լուծման Վերաբերող Հարցեր

RelatedPosts

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Վարդան Ղուկասեանի Նկատմամբ Նոր Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեանի Նկատմամբ Նոր Մեղադրանք Առաջադրուած Է

Հոկտեմբեր 27, 2025
Թրամփ. «Փութին Ըսաւ, Որ Բոլորը Կը Փորձէին Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Հասնիլ, Սակայն Միայն Ես Յաջողեցայ»
Հայկական

Թրամփ. «Փութին Ըսաւ, Որ Բոլորը Կը Փորձէին Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Հասնիլ, Սակայն Միայն Ես Յաջողեցայ»

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?