Արամ Մանուկեանի Ծննդեան 140-ամեակի Արժանաւոր Նշում` Հայաստանի Մէջ
Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի ծննդեան 140-ամեակին առիթով ՀՅԴ պատմութեան եւ Հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան թանգարաններու միացեալ ջանքերով 30 մարտին տեղի ունեցաւ յատուկ նախաձեռնութիւն, ինչպէս նաեւ ՀՅ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները, Արամ Մանուկեանի անմահ գործը արժեւորողները իբրեւ յարգանք ծաղիկներ զետեղեցին քաղաքամայր Երեւանի մէջ գտնուող անոր յուշարձանին վրայ: ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Արսէն Համբարձումեան յայտարարեց, թէ Արամ Մանուկեան իր տեսակով ու...



















