Ալիեւ. «Հայաստանի Հետ Պատերազմը Տակաւին Չէ Աւարտած, Աւարտած Է Միայն Առաջին Փուլը»
Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ իր երկրի պաշտպանութեան նախարարութեան մասնայատուկ ուժերու զօրամաս կատարած այցելութեան ժամանակ անդրադարձած է 29 մարտին Վիեննայի մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու հովանիին տակ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ իր ունեցած հանդիպումին` ընդգծելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման բանակցային հոլովոյթի ձեւաչափը «պիտի չփոխուի»: «Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած վերջին հանդիպումը կարեւոր էր նաեւ այն առումով, որ վերահաստատեց բանակցային...



















