Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արաբական Լիկայի Վեհաժողովին. «Շրջանը Մասնատող Եւ Համայնքային Բաժանում Սերմանող Քաղաքական Ծրագիրները Շատ Աւելի Վտանգաւոր Են, Քան` Պատերազմը» Հաստատեց Նախագահ Աուն

Ապրիլ 1, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շաբաթավերջին ուղղուեցաւ Թունուզ` մասնակցելու համար հոն տեղի ունենալիք Արաբական լիկայի 30-րդ վեհաժողովին:

Նախագահ Աունի ընկերակցող պատուիրակութեան մաս կազմեցին արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ, ներքին գործոց նախարար Ռայա Հասան, մշակոյթի նախարար Մոհամետ Տաուտ եւ տեղահանուածներու հարցերու պետական նախարար Սալեհ Ղարիպ, ինչպէս նաեւ նախագահ Աունի գլխաւոր խորհրդատու Միրէյ Աուն-Հաշեմ:

Պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցաւ Թունուզի եւ Եգիպտոսի նախագահներ Պաժի Քայետ Սապսիի եւ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի կողմէ:

Նախագահ Աուն երէկ առաւօտեան մասնակցեցաւ Արաբական լիկայի վեհաժողովի բացման նիստին, ապա պաշտօնական լուսանկար ստանալու արարողութեան:

Արաբական լիկայի վեհաժողովին ընթացքին նախագահ Աուն արտասանեց Լիբանանի խօսքը, որուն մէջ շեշտեց, թէ արաբական երկիրներուն մէջ սկսած ահաբեկչական պատերազմներուն բռնկումէն 9 տարիներ անցած են, որոնց ընթացքին հարիւր հազարաւոր մարդիկ սպաննուած են, միլիոնաւորներ տեղահանուած եւ անպատսպառ մնացած, ինչպէս նաեւ հազարաւորներ վիրաւորուած, հաշմուած ու անյայտ կորսուած:

Տարբեր վարչակարգեր փուլ եկած են, ղեկավարներ կորսուած, քաղաքներ` հիմնայատակ կործանուած, հարստութիւնները` չքացած եւ ժողովուրդներ` բզկտուած:

«Բոլորը տուժած են: Ճիշդ է, որ այսօր փամփուշտներու շաչիւնը եւ հրթիռներու պայթիւնը մեղմացած են, եւ այդ պատճառով նուազած է արիւնահեղութիւնը, սակայն պատերազմներուն պատճառած վէրքը խոր է եւ արաբական աշխարհին ու շրջանակներուն սիրտը պիտի խոցէ երկար ժամանակի վրայ, որովհետեւ այդ վէրքին պատճառով խորացած է նաեւ արաբական երկփեղկումը», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ թէեւ պատերազմը հանդարտած է, սակայն անոր հետեւանքները կը մնան առկայ:

«Շրջանը մասնատող եւ համայնքային բաժանում սերմանող քաղաքական ծրագիրները շատ աւելի վտանգաւոր են, քան` պատերազմը», հաստատեց նախագահ Աուն:

Անդրադառնալով Կոլանի բարձունքները իսրայէլեան գերիշխանութեան ենթակայ նկատող Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի որոշումին` նախագահ Աուն շեշտեց, որ այդ որոշումը ո՛չ միայն կը սպառնայ Լիբանանի քոյր երկրի մը գերիշխանութեան, այլեւ` լիբանանեան գերիշխանութեան, նկատի ունենալով, որ Լիբանան ունի հողեր, որոնք աստիճանաբար Իսրայէլի կողմէ բռնագրաւուած են. «անոնք

են Մազարեհ Շըպաան, Քֆարշուպայի բարձունքներն ու Ղաժար գիւղաքաղաքը», ըսաւ նախագահ Աուն եւ հարց տուաւ Խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութեան ճակատագիրին մասին:

Նախագահ Աուն շեշտեց նաեւ Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ վերակառուցման կարեւորութիւնը:

Նախագահ Աուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Թունուզի նախագահին սարքած ճաշկերոյթին, որմէ ետք վերադարձաւ Պէյրութ:

Նշենք, որ հանրապետութեան նախագահը Թունուզի մէջ ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ:

Նախագահ Աուն հանդիպում մը ունեցաւ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները, յատկապէս տարբեր մարզերու մէջ գործակցութիւնը աշխուժացնելու կարելիութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Կոլանի վերաբերող ամերիկեան որոշումը եւ անոր վտանգաւոր հետեւանքները` Լիբանանի վրայ, յատկապէս նկատի ունենալով բռնագրաւուած լիբանանեան հողերը` Մազարեհ Շըպաայի, Քֆարշուպայի բարձունքներուն եւ Ղաժար գիւրաքաղաքի պարագաները:

Ապտալլա Բ. թագաւորը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանին եւ անոր կառավարութեան` ընդգծելով Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:

Ան ընդգծեց նաեւ, որ Յորդանան կը զօրակցի սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին:

Նախագահ Աուն եւ լիբանանեան պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցան նաեւ Պաղեստինեան իշխանութեան ղեկավար Մահմուտ Ապպասի եւ Միջին Արեւելքի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի յատուկ պատուիրակ, արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայէլ Պոկտանովի հետ:

Մահմուտ Ապպասի հետ հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք նկատելու ամերիկեան որոշումին վտանգը, ինչպէս նաեւ հաստատուեցաւ պաղեստինեան միասնականութիւնը ամրապնդելու եւ պաղեստինցի գաղթականներուն տունդարձը ապահովելու անհրաժեշտութիւնը:

Պոկտանովի հետ հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աունին փոխանցուեցան Փութինի ողջոյնները, ինչպէս նաեւ քննարկուեցան վերջերս Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած լիբանանեան-ռուսական վեհաժողովին արդիւնքները:

Նախագահ Աուն հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Օմանի փոխվարչապետ սէյիտ Ասաատ պըն Թարեք Ալ Սաայտի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Պէտք է աւելցնել, որ նախագահ Աուն շաբաթ երեկոյեան հանդիպում մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը` Լիբանանի կառավարութեան եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն` ՄԱԿ-ին ու ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ գործակցութեամբ:

Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ին միջեւ երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու, ինչպէս նաեւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու կարեւորութիւնը` պահպանելու համար Լիբանանի գերիշխանութիւնը:

Նախագահ Աուն իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Կութիերեսին` անոր ի գործ դրած ջանքերուն համար, հաստատելով, որ ներկայիս Լիբանանի համար առաջնահերթութիւնը սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին ապահովումն է:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան կը յարգէ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութիւնը, իսկ Իսրայէլ կը շարունակէ Լիբանանի դէմ իր գործած ոտնձգութիւնները` ըլլան անոնք օդային, ծովային թէ ցամաքային:

Ան հաստատեց, որ Լիբանան ՄԱԿ-էն օժանդակութիւն կը պահանջէ` ծովային սահմանագծում կատարելու առումով:

Նախորդը

Պըրրի Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Մեկնեցաւ Իրաք

Յաջորդը

Դաւիթ Տօնոյեան. «Նոր Պատերազմ` Նոր Տարածքներ»

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»
Լիբանանեան

Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին.  Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը
Լիբանանեան

Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին. Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?